ՅՈԲԱՅ
25 Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.
2 «Իշխանութիւնն ու վախը անոր քով են,
Իր բարձր տեղերուն մէջ խաղաղութիւն կ’ընէ։
3 Անոր գունդերուն համրանքը կա՞յ արդեօք
Ու անոր լոյսը որո՞ւ վրայ չի ծագիր։
4 Ուրեմն մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։
Կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ մաքուր ըլլալ։
5 Ահա լուսինն ալ լոյս չի տար
Ու անոր աչքերուն առջեւ աստղերն ալ մաքուր չեն.
6 Ալ ո՞ւր կը մնայ մարդը, որ որդ մըն է
Ու մարդու որդին՝ որ ճճի մըն է»։