Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զս դաս 8 էջ 18-19
  • Յովսիան բարի ընկերներ զատեց

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յովսիան բարի ընկերներ զատեց
  • Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խոնարհ Յովսիան Եհովայի հաճութիւնը ունէր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Իսրայէլի վերջին բարի թագաւորը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Ինչպիսի մանկութիւն ալ ունեցած ըլլաք՝ կրնա՛ք յաջողիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Պատանինե՛ր, ի՞նչ տեսակ կեանք կ’ուզէք ունենալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Տես աւելին
Զաւակներուդ սորվեցուր
զս դաս 8 էջ 18-19
Յովսիա թագաւորը իր ընկերին՝ Երեմիային կը լսէ

ԴԱՍ 8

Յովսիան բարի ընկերներ զատեց

Ի՞նչ կ’ըսես. շիտակ բաներ ընելը դժուա՞ր է։— Գրեթէ ամէն մարդ կ’ըսէ որ դժուար է։ Սուրբ Գիրքին մէջ կայ Յովսիա անունով տղայ մը, որուն համար դժուար էր շիտակ բաներ ընելը։ Բայց ան բարի ընկերներ ունէր, որոնք իրեն օգնեցին։ Եկուր աւելի սորվինք Յովսիային եւ իր ընկերներուն մասին։

Յովսիային պապան՝ Ամոնը, Յուդայի թագաւորն էր։ Ամոնը շատ չար էր եւ արձաններ կը պաշտէր։ Երբ Ամոնը մեռաւ, իր տղան՝ Յովսիան թագաւոր եղաւ։ Բայց ան միայն ո՛ւթ տարեկան էր։ Ի՞նչ կ’ըսես. ան իր պապային պէս չա՞ր էր։— Ո՛չ, ան չար չէր։

Սոփոնիա մարգարէն Եհովայի պատգամը կ’ըսէ Յուդայի մարդոց

Սոփոնիան մարդոց ըսաւ որ արձաններ չպաշտեն, թէ ոչ իրենց գէշ բաներ

Նոյնիսկ երբ դեռ շատ պզտիկ էր, Յովսիան կ’ուզէր Եհովային խօսքը մտիկ ընել։ Անոր համար ան զատեց ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրէին։ Եւ այս ընկերները Յովսիային օգնեցին որ շիտակ բաներ ընէ։ Յովսիային ընկերները որո՞նք էին։

Իր ընկերներէն մէկը Սոփոնիա մարգարէն էր։ Սոփոնիան Յուդայի մէջ ապրող մարդոց կ’ըսէր. «Եթէ արձաններ պաշտէք, ձեզի գէշ բաներ պիտի ըլլան»։ Յովսիան Սոփոնիային մտիկ ըրաւ եւ Եհովա՛ն պաշտեց, ոչ թէ արձանները։

Երեմիան ալ Յովսիային ընկերներէն մէկն էր։ Ան գրեթէ Յովսիային չափ էր։ Երեմիան եւ Յովսիան պզտիկ ատենէն իրարու քով կ’ապրէին։ Անոնք այնքան լաւ ընկերներ էին, որ երբ Յովսիան մեռաւ՝ Երեմիան իրեն համար երգ մը գրեց։ Երգին մէջ Երեմիան կ’ըսէր թէ որչա՜փ կը կարօտնար Յովսիային։ Երեմիան եւ Յովսիան իրարու օգնեցին որ շիտակ բաներ ընեն եւ Եհովային մտիկ ընեն։

Յովսիան եւ Երեմիան իրարու օգնեցին որ շիտակ բաներ ընեն

Յովսիայէն ի՞նչ կը սորվիս։— Նոյնիսկ երբ դեռ պզտիկ էր, Յովսիան ուզեց շիտակ բաներ ընել։ Ան գիտէր, որ պէտք էր զատէր ընկերներ, որոնք Եհովա՛ն կը սիրէին։ Դուն ալ միշտ զատէ ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ որոնք կրնան քեզի օգնել որ շիտա՛կ բաներ ընես։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛

  • Բ. Մնացորդաց 33։21-25. 34։1, 2. 35։25

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

  • Յովսիային պապան ո՞վ էր։ Ան շիտակ բաներ ըրա՞ւ։

  • Յովսիան պզտիկ ատենէն որո՞ւ խօսքը կ’ուզէր մտիկ ընել։

  • Յովսիային երկու ընկերներուն անունները ի՞նչ էին։

  • Յովսիայէն ի՞նչ կը սորվիս։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել