Մտքի խաղաղութիւն մրցակցական ընկերութեան մը մէջ
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ իր առաքեալներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջին ըլլալ, ամենէն յետինը պէտք է ըլլայ եւ ամենուն սպասաւորը»։ Առաքեալները կը վիճէին թէ իրենցմէ ո՛վ ամենէն մեծն էր։ Անոնք գիտէին որ Յիսուս կ’ատէր այդպիսի հոգի մը։ Ան իր աշակերտները որեւէ ատեն իրար դէմ չհանեց հոգեւոր յառաջդիմութեան մղելու համար։—Մարկոս 9։33–37
Երկիր գալէ առաջ, Յիսուս Քրիստոս մարդկային առաջին զոյգին ստեղծագործութեան մէջ իր մասնակցութիւնը բերած էր եւ գիտէր թէ անոնք ի՛նչպէս շինուած էին։ (Կողոսացիս 1։15, 16) Առաջին մարդիկը ստեղծուած էին յառաջդիմելու կարողութեամբ, առանց իրարու հետ անգութօրէն մրցելու։ Մարդիկ իրարու հետ կռուելու կարիքը չունէին որոշելու համար թէ ո՛վ էր իրենց գլուխը, ոչ ալ՝ վերապրելու համար անասուններու հետ մրցելու։—Ծննդոց 1։26. 2։20–24. Ա. Կորնթացիս 11։3
Մրցակցական Հոգիին Ծագումը
Արդ, մրցակցական անգութ հոգին ինչպէ՞ս մարդկային ընկերութեան մէջ տիրական եղաւ։ Մարդկային պատմութեան առաջին սպանութիւնը մեզի գաղափար մը կու տայ այս ուղղութեամբ։ Մարդկային առաջին զոյգին անդրանիկ որդիին՝ Կայէնին՝ մրցակցութեան հոգին ողբերգութեան պատճառ եղաւ։ Կայէն իր եղբայրը՝ Աբէլը՝ սպաննեց, քանի որ Աբէլի մատուցած զոհը Աստուծոյ ընդունելի եղաւ, իսկ Կայէնինը՝ ոչ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Կայէն «չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց»։—Ա. Յովհաննու 3։12. Ծննդոց 4։4–8
Այո, ամբարիշտը՝ Բանսարկու Սատանան՝ է մրցակցութեան հոգիին ծագում տուողը եւ զայն դրդողը։ Թէեւ ան մեծ առանձնաշնորհումներ ունեցող Աստուծոյ հրեշտակային որդիներէն մէկն էր, բայց ան աւելին ուզեց։ (Բաղդատել Եզեկիէլ 28։14, 15։) Երբ ան Եւան խաբեց, իր իսկ ցանկութիւնը երեւան հանեց։ Ան ըսաւ որ արգիլուած պտուղէն ուտելով, Եւա ‘Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար’։ (Ծննդոց 3։4, 5) Իրականութեան մէջ, Սատանան էր, որ ուզեց Աստուծոյ պէս ըլլալ, Եհովային հետ մրցման մէջ գալով։ Աստուծոյ դէմ մրցակցական հոգի մը զարգացնելը զինք ըմբոստութեան մղեց։—Յակոբու 1։14, 15
Այս հոգին վարակիչ է։ Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ, առաջին ընտանեկան կարգադրութեան աստուածատուր խաղաղութիւնը կորսուեցաւ։ (Ծննդոց 3։6, 16) Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալէ ի վեր, Բանսարկու Սատանան մարդկութեան վրայ տիրած է մրցակցութեան հոգի մը քաջալերելով, նոյնիսկ այրերու եւ կիներու հաւատացնել տալով թէ անգութ մրցակցութիւնը յաջողութեան բանալին է։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները»։ (Յակոբու 3։14–16) Այս կերպով Սատանան մարդէն խլած է իր ուրախութիւնն ու մտքի խաղաղութիւնը։
Յաջողութիւն՝ Առանց Մրցակցութեան
Սատանայի համոզումին հակառակը, Աստուածաշունչը մրցակցութենէ զերծ եղող յաջողութեան օրինակներ կու տայ։ Անոնցմէ մեծագոյնը Յիսուս Քրիստոսի օրինակն է։ Թէեւ Աստուծոյ կերպարանքը ունէր, ան բնաւ չխորհեցաւ Աստուծոյ հաւասար ըլլալ, հապա ծառայի կերպարանք առաւ ու երկիր եկաւ։ Ասկէ աւելին, ան ինքզինք խոնարհեցուց ու մինչեւ տանջանքի ցիցի մը վրայ մեռնելու յօժարեցաւ։ Որեւէ մրցակցութենէ զերծ, այս հնազանդ կեցուածքը աստուածային հաճութիւնը շահելու առաջնորդեց։ «Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է»։ (Փիլիպպեցիս 2։5–9) Ոեւէ արարած կրնա՞յ ասկէ աւելի մեծ յաջողութիւն իրագործել։ Ան ոեւէ արարածէ աւելի իր Հայրը հաճեցուց եւ ասիկա ըրաւ առանց մրցութեան կամ մրցակցութեան հոգիի։—Առակաց 27։11
Երկնքի մէջ բազմաթիւ հրեշտակներ ալ նոյն կեցուածքը ունեցան։ Յիսուս, հրեշտակներուն պետը, թէեւ անոնցմէ ցած եղաւ, երբ երկիր եկաւ, բայց անոնք կամովին ծառայեցին անոր։ Բացայայտօրէն, անոնք իրենց մտքէն իսկ չանցուցին պարագայէն օգտուելով անոր տեղը գրաւել որպէս Հրեշտակապետ։—Մատթէոս 4։11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։16. Եբրայեցիս 2։7
Մրցակցական կեցուածքի հանդէպ անոնց խորշանքը աւելի բացայայտ է, երբ նկատի առնենք որ անոնք ի՛նչպէս ընդառաջեցին անկատար մարդոցմէ ոմանք հոգեղէն անմահ կեանքի բարձրացնելու Աստուծոյ նպատակին, մանաւանդ որ անոնք այդ վիճակին մէջ ‘հրեշտակներ պիտի դատէին’։ (Ա. Կորնթացիս 6։3) Հրեշտակները Եհովայի ծառայելու ճոխ փորձառութիւն մը ունին եւ շա՛տ աւելի կարող են մարդոց բարիքներ բերել քան անկատար մարդիկ։ Այսուհանդերձ, հրեշտակները ուրախութեամբ կը ծառայեն երկրի վրայ գտնուող օծեալներուն, բնաւ չնախանձելով անոնց ստանալիք վարձատրութեան։ (Եբրայեցիս 1։14) Անոնց լաւ եւ ոչ–մրցակցական կեցուածքը կարելի կը դարձնէ որ անոնք շարունակեն Գերիշխան Տէր Եհովայի գահին առջեւ ծառայել։
Ապա, մտածեցէք Աստուծոյ վաղեմի հաւատարիմ ծառաներուն մասին, որոնք երկրի վրայ պիտի յարուցանուին։ Աբրահամ հաւատքի կարկառուն օրինակ մըն էր եւ ան կոչուեցաւ ‘բոլոր հաւատացողներու հայրը’։ (Հռովմայեցիս 4։9, 11) Յոբ համբերութեան իրական տիպար հանդիսացաւ։ (Յակոբու 5։11) Մովսէս «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի»։ (Թուոց 12։3) Անկատար մարդոցմէ ո՞վ ասոնցմէ աւելի հաւատքի, համբերութեան եւ հեզութեան լաւ օրինակ հանդիսացած է։ Սակայն, ասոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային ծիրը ժառանգողներուն մէջ պիտի ըլլան։ (Մատթէոս 25։34. Եբրայեցիս 11։13–16) Անոնք Յովհաննէս Մկրտիչին նման, «երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկ»էն ներքեւ պիտի դասուին։ (Մատթէոս 11։11) Արդեօք անոնք պիտի գանգատի՞ն, պնդելով որ իրենց հաւատքը, համբերութիւնը կամ հեզութիւնը երկնքի մէջ կեանք ստացողներուն հաւասար կամ նո՛յնիսկ կարգ մը պարագաներու անոնցմէ գերիվեր էր։ Վստահաբար ո՛չ։ Անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային ուրախ հպատակները պիտի ըլլան։
Այսօր ալ, հաճելի է մրցակցական հոգի չունեցող անհատներով շրջապատուած ըլլալ։ Նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Եաշույոն մեծ պարտքի մէջ մտաւ ոսկիի վրայ ենթադրեալ շահ ակնկալելով եւ իր ամբողջ ստացուածքը կորսնցուց։ Իր «բարեկամներ»ը երեսի վրայ ձգեցին զինք։ Քանի որ իր կինը սկսած էր Աստուածաշունչը սերտել Եհովայի Վկաներուն հետ, ան սկսաւ ժողովներու յաճախել, իր ընտանիքին պատճառած տառապանքին համար խղճահարութենէ մղուած։ Վերջապէս, ան մրցակցութեան հոգիէն ձերբազատուեցաւ եւ Եհովայի Վկայ մը եղաւ։ Հիմա ան ուրախ է Քրիստոնեայ բարեկամներու ընկերակցութեամբ, բարեկամներ որոնք պատրաստ են օգնել նեղութեան ժամանակ։
Ի՛նչպէս Մտքի Խաղաղութիւն Պահել
Միշտ դիւրին չէ մտքի խաղաղութիւն պահել այս անգութ եւ մրցակցական ընկերութեան մէջ։ Լաւ է մտաբերել որ Աստուածաշունչը ‘թշնամութիւնները, կռիւները, նախանձները, բարկութիւնները, հակառակութիւնները, երկպառակութիւնները, բաժանումները, չար նայուածքները’ կը դատապարտէ որպէս ‘մարմնի գործեր’ որոնք արգելք կը հանդիսանան որ անհատ մը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ժառանգէ։ Այս բոլոր գործերը ձեռք ձեռքի կ’ընթանան մրցակցական հոգիին հետ։ Չենք զարմանար որ Պօղոս առաքեալ Գաղատացի Քրիստոնեաներուն հետեւեալ քաջալերութիւնը տուաւ. «Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով»։—Գաղատացիս 5։19–21, 26
Այս հատուածին մէջ, Պօղոսի նամակը ինքնահաւան մրցակցութեան հետ գլուխ ելլելու բանալին կու տայ։ Ան կ’ըսէ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Հոգիին պտուղները կ’օգնեն մեզի որ մեր միտքը ձերբազատենք մրցակցութենէ։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, սիրոյ յատկութիւնը։ «Սէրը չի նախանձիր», կ’ըսէ Պօղոս։ «Սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4–7) Սէր մշակելով, կրնանք արմատախիլ ընել նախանձը որ մրցակցութեան հոգիին մղիչ ոյժն է։ Հոգիին միւս պտուղներն ալ կ’օգնեն մեզի որ մեր սրտէն ու մտքէն վանենք անգութ, մրցակցական հոգին։ Այո, ամէն գնով շահելու համար, կրնանք ուրիշներուն հետ մրցելու մեզ կրծող ցանկութեան յաղթել, անձնազսպում գործադրելով։—Առակաց 17։27
Այս յատկութիւնները մշակելու համար սակայն, պէտք է թոյլ տանք որ Աստուծոյ հոգին ներգործէ մեր մէջ։ Աղօթքի մէջ յարատեւելով եւ խնդրելով որ Աստուծոյ հոգին մեզի օգնէ, կրնանք սուրբ հոգիին այս կազդուրիչ ազդեցութեան նպաստել։ (Ղուկաս 11։13) Առ ի պատասխան մեր աղօթքին, Աստուած ի՞նչ պիտի շնորհէ մեզի։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7
Ասիկա բացայայտ էր Յիսուսի առաքեալներուն պարագային։ Յիսուս իր վերջին գիշերը իր առաքեալներուն հետ Տէրունական Ընթրիքը սկսելէն ետք իսկ, առաքեալները տակաւին իրարու հետ կը վիճէին թէ իրենցմէ ո՛վ ամենէն մեծն է։ (Ղուկաս 22։24–27) Յիսուս տարբեր առիթներով փորձած էր անոնց մտածելակերպը շտկել, բայց մրցակցական այս հոգին խորապէս արմատացած էր անոնց մէջ։ (Մարկոս 9։34–37. 10։35–45. Յովհաննու 13։12–17) Սակայն, այդ վիճաբանութենէն մօտաւորապէս 50 օր վերջ, անոնք սուրբ հոգին ստանալէ ետք, անոնց կեցուածքը փոխուեցաւ։ Այլեւս առարկութիւն չկար թէ Պէնտէկոստէի այդ օրը ո՛վ զիրենք պիտի ներկայացնէր, հետաքրքիր ամբոխին խօսելու համար։—Գործք 2։14–21
Քրիստոնէական ժողովքին վրայ մարդկային տիրապետութեան ո՛չ մէկ թոյլատուութիւն կար։ Երբ թլփատութեան մասին հարց մը պէտք էր լուծուէր, Յակոբոս, որ Յիսուսի մահուան ատեն աշակերտ իսկ չէր, այդ կարեւոր ժողովին վերատեսչութիւնը ըրաւ։ Վիճաբանութեան ո՛չ մէկ նշոյլ կայ թէ Քրիստոնէական ժողովքի կառավարիչ մարմինին այդ ժողովը ո՛վ պիտի առաջնորդէր։ Ի՜նչ փոփոխութիւն այն ժամանակէն, երբ առաքեալները վարակուած էին մրցակցական հոգիով։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, անոնք յիշեցին Յիսուսի ուսուցումը եւ սկսան իր տուած դասերուն իմաստը ըմբռնել։—Յովհաննու 14։26
Նոյնը կրնայ ըլլալ մեր պարագային։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնանք յաղթել ուրիշներուն հաշւոյն յառաջդիմութիւն արձանագրելու համար անոնց հետ մրցելու մեզ կրծող տենչին։ Անոր փոխարէն, կրնանք մտքի խաղաղութիւն մը ձեռք ձգել, որ ամէն մտքէ վեր է։ Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ որ անգութ մրցակցութեան աղբիւրը, Բանսարկու Սատանան, շուտով անդունդը ձգուելով, անգործունեայ պիտի ըլլայ։ (Յայտնութիւն 20։1–3) Դրացիներու միջեւ մրցակցութիւնը այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ։ Արդեօք հետեւանքը յետադէմ ընկերութի՞ւն մը պիտի ըլլայ։ Բնա՛ւ։ Մարդիկ կատարելութեան պիտի բերուին, ոչ թէ՝ որեւէ տեսակի մրցակցութեամբ, այլ ի նպաստ իրենց Յիսուսի քաւիչ զոհին կիրարկումով։—Ա. Յովհաննու 2։1, 2
Գէյնոսուգէն, զոր նախապէս յիշեցինք, որ ինքնաշարժ ծախելու մրցանիշ մը արձանագրելով աշխարհային յաջողութեան փառքին տիրացած էր, թէ՛ մտքով եւ թէ ֆիզիքապէս ինքզինք մաշեցուց, բայց վերջապէս իր գործը ձգեց։ «Հիմա կեանքս իրական ուրախութեամբ լեցուն է», կ’ըսէ ան։ Ան կրցաւ տեսնել թէ Յիսուսի կեանքը ի՛նչու յաջողութեամբ պսակուած էր։ Հիմա Աստուծոյ համաշխարհային ժողովքին մէջ իր ձեռքէն եկածը ընելով, ան հանգստութիւն կը գտնէ։ Այս կերպով, ան կը պատրաստուի նոր աշխարհին համար, ուր մրցակցութիւնը գոյութիւն պիտի չունենայ։ Դուք ալ կրնաք այս նոր աշխարհի ընկերութեան նախատեսիլը ունենալ ձեր շրջանին մէջ գտնուող Թագաւորութեան Սրահը այցելելով եւ Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցելով։