Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 10/1 էջ 8-13
  • Կնկան դերը սուրբ գրութիւններուն մէջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կնկան դերը սուրբ գրութիւններուն մէջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ստեղծուած՝ Որպէս Մարդուն Համանմանը
  • Կնոջ Տրամաբանական Դերը
  • Մեղքը Խեղաթիւրեց Կնոջ Դերը
  • Կիները՝ Մովսիսական Օրէնքին Ներքեւ
  • Աչքառու Կիներ
  • Կիները՝ Յուդայականութեան մէջ
  • Հաւատարիմ Կիներ Որոնք Մեսիային կը Սպասէին
  • Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է կին դասակարգով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Կիները ի՞նչ դեր ունին Եհովայի նպատակին մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Կիներու պատուական դերը Աստուծոյ նախկին ծառաներուն մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • «Տէրոջմով ծանր աշխատող» կիներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 10/1 էջ 8-13

Կնկան դերը սուրբ գրութիւններուն մէջ

«Ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։—ԾՆՆԴՈՑ 2։23

1, 2. (ա) Ոմանք ի՞նչ կը խորհին կիներուն հանդէպ Աստուածաշունչի տեսակէտին մասին։ (բ) Այս մասին խօսելէ առաջ, ի՞նչ բաղդատութիւն ընել տեղին է, եւ այս մասին գիրք մը ի՞նչ կ’ըսէ։

ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ինչպէ՞ս կը նկատեն կիները։ Այս մասին տարակարծութիւնները շատ են։ Այս նիւթին շուրջ վերջերս գրուած գիրք մը կը նշէ. «Սովորական նախայղացուած գաղափարը այդ է թէ Աստուածաշունչը նսեմացուցած է կիները»։ Ոմանք կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչը, թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն բաժիններուն մէջ, փափկօրէն չի վարուիր կիներուն հանդէպ։ Ասիկա ճի՞շդ է արդեօք։

2 Այս մասին խօսելէ առաջ, նախ պատշաճ է քննել թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն կիներուն հանդէպ ի՛նչպէս կը վարուէին այն ժողովուրդները որոնք Եհովան չէին պաշտեր։ Կարգ մը հին քաղաքակրթութիւններուն մէջ, որոնք մայր–չաստուածուհիի պաշտամունքը ունէին, կիները պատուուած էին որպէս բեղմնաւորութեան խորհրդանիշեր։ Կը թուի որ Բաբելոնի եւ Եգիպտոսի մէջ շատ յարգուած էին անոնք։ Բայց ուրիշ տեղեր պարագան նոյնը չէր։ Հին Ասորեստանի մէջ, մարդ մը կրնար իր կինը վռնտել եթէ ուզէր եւ նոյնիսկ՝ սպաննել, եթէ ան անհաւատարիմ գտնուէր։ Տունէն դուրս, ան քօղ մը պէտք էր դնէր։ Յունաստանի եւ Հռովմի մէջ, միայն հարուստ կիները որոնց մեծամասնութիւնը բոզեր, այսինքն, բարձր դասակարգի պոռնիկներ էին, իրաւունք ունէին ուսանելու եւ որոշ չափով ազատութիւն կը վայելէին։ Հետեւաբար, մխիթարական է կարդալ Նոր Կտակարանի Աստուածաբանութեան Միջազգային Նոր Բառարանինa [Անգլ.] մէջ. «Արեւելեան (կրօնական) մնացեալ աշխարհին հակառակը, ան [Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ կինը] ընդունուած է որպէս անձ մը եւ որպէս մարդուն ընկեր մը»։ Ասիկա լաւ կը շեշտուի Եբրայերէն Գրութիւններուն վերջին գրքին մէջ, ուր Եհովայի մարգարէն մարդու մը կինը կը նկարագրէ որպէս իր «ընկերը», աւելցնելով. «Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի»։—Մաղաքեայ 2։14, 15

Ստեղծուած՝ Որպէս Մարդուն Համանմանը

3 եւ լուսանցքի բացատրութիւն. (ա) Ադամը ստեղծելէ ետք, Եհովա ի՞նչ նշանակումներ տուաւ իրեն։ (բ) Թէեւ տակաւին կին չուներ, բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Ադամի մասին Եւային ստեղծուելէն առաջ, իսկ ի՞նչ բան ճշմարիտ էր «վերջին Ադամ»ի՝ Յիսուսի մասին։

3 Ըստ Աստուածաշունչին, Եհովա Ադամը ստեղծեց «գետնին հողէն» եւ զայն դրաւ Եդեմի պարտէզին մէջ զանիկա մշակելու համար։ Աստուած դաշտի գազանները եւ թռչնազգիները Ադամի բերաւ, որպէսզի զանոնք ուսումնասիրէր եւ անոնց անուններ տար։ Այս ամբողջ ժամանակին, Ադամ առանձին էր։ Քանի որ մինչեւ այն ատեն Եհովայէ ստացած իր նշանակումները կատարելու համար ան կատարեալ, անթերի էր եւ բանի մը պակասը չուներ։b Ան «յարմար օգնական մը» չուներ։—Ծննդոց 2։7, 15, 19, 20

4, 5. (ա) Երբ այլեւս լաւ չէր որ Ադամ առանձին մնար, Եհովա ի՞նչ ըրաւ։ (բ) Եհովա երկարատեւ ի՞նչ նշանակում տուաւ Ադամի եւ Եւայի, եւ ասիկա երկուքէն ալ ի՞նչ կը պահանջէր։

4 Սակայն, որոշ ժամանակ մը անցնելէ ետք, Եհովա ըսաւ որ «աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ» եւ անոր ընկեր մը տուաւ որպէսզի անոր յանձնուած պարտականութիւններուն մասնակից ըլլայ։ Ան թմրեցուց Ադամը եւ անոր կողին մէկ ոսկորը հանեց եւ անով կին մը շինեց, ‘Ադամի ոսկորէն ոսկոր ու մարմինէն մարմին’։ Արդ, Ադամ «օգնական» մը, իրեն «յարմար» մէկը կամ համանման մը ունէր։ «Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. ‘Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք’»։—Ծննդոց 1։25, 28. 2։18, 21–23

5 Նկատի առէք որ այս նշանակումը «անոնց» տրուեցաւ, թէ՛ մարդուն եւ թէ կնկան։ Անոնց համագործակցութիւնը միայն երկիրը լեցնելու համար պիտի չըլլար։ Այլ, երկրին պիտի տիրէին եւ ստորին արարածներուն վրայ պատշաճ իշխանութիւն պիտի բանեցնէին։ Ասիկա մտային եւ հոգեւոր յատկութիւններ կը պահանջէր, իսկ մարդը եւ կինը Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ ասոնք զարգացնելու անհրաժեշտ կարողութիւնը ունէին։

Կնոջ Տրամաբանական Դերը

6. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ ցոյց կու տայ այր մարդուն եւ կնոջ ֆիզիքային յարաբերական զօրութեան մասին։ (բ) Կիները ի՞նչ բանի մասին պէտք է խորհին Եհովայի իրերու կարգադրութիւնները ընդունելու համար։

6 Անշուշտ, երկրին տիրելը նաեւ ֆիզիքական զօրութիւն պիտի պահանջէր։ Իր անսահման իմաստութեամբ, Եհովա նախ Ադամը՝ ապա Եւան ստեղծեց։ Կինը «այրէն» առնուեցաւ, իր «էրկանը համար» եւ երեւութապէս, այր մարդէն աւելի նուազ ֆիզիքական զօրութեամբ։ (Ա. Տիմոթէոս 2։13. Ա. Կորնթացիս 11։8, 9. բաղդատել Ա. Պետրոս 3։7)։ Ասիկա կեանքի իրողութիւն մըն է զոր սեռերու հաւասարութիւն ջատագովող անհատներ եւ նոյնիսկ ուրիշ տարեց կիներ չեն կրնար մարսել։ Անոնք վստահաբար աւելի ուրախ պիտի ըլլային եթէ փորձէին հասկնալ թէ Եհովա ի՛նչու իրերը այս կերպով կարգադրեց եւ ընդունէին իրենց աստուածատուր դերը։ Աստուածային կարգադրութիւններուն համար գանգատող անհատները կը նմանին սոխակի մը, որ իր բոյնին մէջ ոխ կը նստի, քանի որ ինք ծովու տարմօրօրի նման զօրաւոր չէ, փոխանակ բարձր ճիւղի մը վրայ թառելով երախտագիտութեամբ դայլայլելու Աստուծոյ իրեն տուած անզուգական պարգեւին համար։

7. Ադամ ինչո՞ւ ի վիճակի էր Եւայի եւ ծնելիք զաւակներուն վրայ գլխաւորութիւն ի գործ դնելու, բայց ասիկա ի վնաս Եւայի՞ն էր։

7 Եւայէն առաջ ստեղծուած ըլլալով, Ադամ անկասկած մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգեց։ Այս միջոցին, Եհովա իրեն տուաւ կարգ մը հրահանգներ։ Ադամ ասոնք իր կնոջ պիտի հաղորդէր, որպէս Աստուծոյ խօսնակը ծառայելով։ Տրամաբանականօրէն, ան առաջնորդութիւնը պէտք էր առնէր պաշտամունքի եւ իրենց կատարելիք աստուածային գործունէութիւններուն մէջ, իրենց նշանակումը ամբողջացնելու համար։ Երբ զաւակներ ծնէին, ան ընտանիքին գլուխը պիտի ըլլար։ Բայց ասիկա իր կնոջ ի վնաս պիտի չըլլար։ Այլ, իրեն օգտին պիտի ծառայէր, քանի որ իր զաւակներուն վրայ մայրական աստուածատուր հեղինակութիւնը ի գործ դնելու համար, յենուելիք մէկը պիտի ունենար։

8. Աստուածաշունչին մէջ աստուածային ի՞նչ կարգադրութիւն ուրուագծուած է։

8 Ըստ աստուածային իրերու կարգադրութեան, Ադամ համարատու էր Եհովայի, Եւա Ադամի գլխաւորութեան ներքեւ էր, զաւակները իրենց ծնողքին առաջնորդութեան ներքեւ էին, իսկ անասունները՝ մարդկութեան տիրապետութեան տակ։ Այրը եւ կինը իրենց պատկան դերերը ունէին եւ իւրաքանչիւրը կրնար ուրախ եւ արդիւնաբեր կեանք մը վարել։ Այս կերպով «ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ» պիտի ըլլար։—Ա. Կորնթացիս 11։3. 14։33, 40

Մեղքը Խեղաթիւրեց Կնոջ Դերը

9, 10. Այր մարդուն եւ կնկան մեղքի մէջ իյնալուն հետեւանքները ի՞նչ եղան, եւ ասոր արդիւնքը ի՞նչ եղաւ շատ մը կիներու համար։

9 Սկզբնական Դրախտին մէջ, մեղքի եւ անկատարութեան մուտք գործելը բնականաբար խախտեց այս կարգադրութիւնը։ (Հռովմայեցիս 7։14–20) Անիկա ըմբոստ մարդուն եւ իր անհնազանդ կնոջ դժուարութիւններ յարուցանեց։ (Ծննդոց 3։16–19) Անկէ ի վեր, դարերու ընթացքին, շատ մը անձնասէր այրեր չարաչար գործածած են իրենց իրաւացի գլխաւորութիւնը, շատ մը տառապանքներ պատճառելով կիներուն։

10 Մեղքի այս մասնայատուկ հետեւանքը նախատեսելով, Եհովա ըսաւ Եւայի. «Փափաքդ էրկանդ ըլլայ ու անիկա քու վրադ իշխէ»։ (Ծննդոց 3։16) Այս սխալ տիրապետութիւնը գլխաւորութեան պատշաճ գործադրումը չէ եղած։ Անիկա ցոլացուցած է մարդուն մեղաւոր վիճակը եւ կնոջ անկատարութիւնը, քանի որ երբեմն կիները տառապած են փորձելով իրենց ամուսնոյն հեղինակութիւնը խլել։

11. Ի՞նչ կրնանք ըսել շատ մը կիներու մասին, եւ հեղինակ մը ի՞նչ կը գրէ նահապետական ժամանակներու կիներուն մասին։

11 Սակայն, այնքան ատեն որ սուրբ գրային սկզբունքներուն կառչած մնացած են, բազմաթիւ կիներ լեցուն եւ ուրախ կեանքեր գտած են։ Այս եղած է պարագան նոյնիսկ նահապետական ժամանակներուն։ Այդ ժամանակին մասին խօսելով, իր գրքին մէջ, (La Bible au Féminin), Լոր Էնար կը գրէ. «Այս բոլոր պատմութիւններուն մէջ աչքառու եղողը կիներուն խաղցած կարեւոր դերն է, նահապետներուն աչքին անոնց արժէքը, անոնց քաջարի նախաձեռնութիւնը եւ ազատութեան այն մթնոլորտը որու մէջ կ’ապրէին»։

Կիները՝ Մովսիսական Օրէնքին Ներքեւ

12, 13. (ա) Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ կիներուն դիրքը ի՞նչ էր։ (բ) Օրէնքին ներքեւ կիները հոգեւոր ի՞նչ վիճակ ունէին։

12 Ըստ Մովսէսի միջոցաւ Եհովայի տուած օրէնքներուն, կինը պէտք էր ‘սիրուէր’։ (Բ. Օրինաց 13։6) Կնոջ արժանապատուութիւնը պէտք էր յարգուէր սեռային հարցերու մէջ եւ ոչ մէկ կին սեռային գետնի վրայ պէտք էր եղծանուէր։ (Ղեւտացւոց 18։8–19) Երբ պոռընկութեան, ազգապղծութեան կամ անասնականութեան յանցանքով բռնուելու ըլլային, Օրէնքին առջեւ այր մարդը եւ կինը հաւասար էին։ (Ղեւտացւոց 18։6, 23. 20։10–12) Հինգերորդ պատուէրը կը պահանջէր հօրը եւ մօրը նոյն պատիւը տալ։—Ելից 20։12

13 Ամէն բանէ վեր, Օրէնքը կիներուն լման պատեհութիւնը կու տար իրենց հոգեւորականութիւնը մշակելու։ Անոնք կ’օգտուէին Օրէնքի ընթերցումէն։ (Յեսուայ 8։35. Նէեմեայ 8։2, 3) Անոնցմէ կը պահանջուէր կրօնական տօները պահել։ (Բ. Օրինաց 12։12, 18. 16։11, 14) Անոնք կը մասնակցէին շաբաթական Շաբաթին եւ կրնային ուխտեալ ըլլալ։ (Ելից 20։8. Թուոց 6։2) Անոնք Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն ունէին եւ անհատապէս անոր կ’աղօթէին։—Ա. Թագաւորաց 1։10

14. Աստուածաշունչի Կաթողիկէ ուսումնական մը ի՞նչ կ’ըսէ Եբրայեցի կիներուն մասին, եւ ի՞նչ կրնանք ըսել Օրէնքին ներքեւ կիներուն ունեցած դերին մասին։

14 Եբրայեցի կնոջ մասին խօսելով, Աստուածաշունչի Կաթողիկէ ուսումնական Ռոլան տը Վօ կը գրէ. «Առտնին բոլոր ծանր գործերը վստահաբար անոր վրայ էին. ան հօտերուն հոգ կը տանէր, դաշտին մէջ կ’աշխատէր, ճաշ կ’եփէր, կը հիւսէր, եւայլն։ Երեւութապէս այս ամէն տաժանելի աշխատանքը փոխանակ զինք նուաստացնելու, աւելի նկատողութիւն շահիլ կու տար իրեն։ ... Իսկ ընտանեկան կեանքի մտերմութեան ակնարկ մը նետող այն քանի մը հատուածները ցոյց կու տան թէ Իսրայելացի կինը սիրուած էր եւ ամուսնոյն կողմէ լսուած եւ հաւասար նկատուած էր։ ... Իսկ կասկած չկայ որ ասիկա բնական պատկեր մըն էր։ Անիկա Ծննդոցին մէջ սրբութեամբ պահուած ուսուցումին յայտնաբերումն էր, ուր ըսուած է թէ Աստուած կինը ստեղծեց որպէս մարդուն օգնականը, որու այրը պիտի յարէր (Ծննդ. 2։18, 24). իսկ Առակացին վերջին գլուխը կը գովաբանէ լաւ կին մը, որ իր զաւակներուն կողմէ կը գովուի եւ իր ամուսնոյն հպարտութիւնն է (Առ. 31։10–31)»։ (Ancien Israïl—Its Life and Institutions) Կասկած չկայ որ երբ Իսրայէլի մէջ Օրէնքին հնազանդէին, կիները գէշ վերաբերմունքի ենթակայ չէին ըլլար։

Աչքառու Կիներ

15. (ա) Սառայի վարքը ինչպէ՞ս օրինակ մըն է մարդուն եւ իր կնոջ միջեւ եղող պատշաճ յարաբերութեան։ (բ) Ռախաբի պարագան ինչո՞ւ նկատողութեան արժանի է։

15 Եբրայերէն Գրութիւնները բազմաթիւ կիներու օրինակները կը պարունակեն, որոնք Եհովա Աստուծոյ աչքառու ծառաներն էին։ Սառան լաւ օրինակ մըն է թէ ի՛նչպէս աստուածապաշտ կին մը կրնայ թէ՛ հնազանդիլ իր ամուսնոյն եւ թէ անոր օգնել որոշումներ առնելու մէջ։ (Ծննդոց 21։9–13. Ա. Պետրոս 3։5, 6) Ռախաբի պարագան յատկանշական է։ Ասիկա սուտ կը հանէ այն ամբաստանութիւնը թէ Եհովա ցեղային նախապաշարում ունի եւ կիներուն հանդէպ խիստ է։ Ռախաբ Իսրայելացի չէր եւ պոռնիկ մըն էր։ Եհովա ոչ միայն զինք ընդունեց որպէս երկրպագու մը, այլ նաեւ՝ զինք արդար յայտարարեց, գործերով ցոյց տրուած անոր մեծ հաւատքին պատճառով, այսինքն իր ապրելակերպը փոխեց։ Ասկէ զատ, ան զայն վարձատրեց Մեսիայի նախամայր մը ըլլալու բացառիկ առանձնաշնորհումովը։—Մատթէոս 1։1, 5. Եբրայեցիս 11։31. Յակոբու 2։25

16. Աբիգիայի օրինակը ի՞նչ ցոյց կու տայ, եւ անոր ընթացքը ինչո՞ւ արդարացի էր։

16 Աբիգիայի օրինակով ցոյց կը տրուի թէ Եհովա չի պահանջեր որ կին մը կուրօրէն հնազանդի իր ամուսնոյն։ Անոր ամուսինը հարուստ մարդ մըն էր, ոչխարներու եւ այծերու մեծ հօտերով։ Բայց ան «խստաբարոյ ու չարագործ էր»։ Աբիգիա մերժեց իր ամուսնոյն գէշ ընթացքին հետեւիլ։ Փափկանկատութիւն, խոհեմութիւն, հեզութիւն եւ մտքի արագութիւն ցուցաբերելով, ան առաջքը առաւ դէպքի մը, որ կրնար աղիտալի ըլլալ իր տանը համար եւ Եհովայի կողմէ մեծապէս օրհնուեցաւ։—Ա. Թագաւորաց 25։2–42

17. (ա) Իսրայէլի մէջ կարգ մը կիներ ի՞նչ աչքառու առանձնաշնորհումներ ունեցան։ (բ) Մարիամի օրինակը ի՞նչ դաս կը պարունակէ Քրիստոնեայ այն կիներուն որոնց ծառայութեան որոշ առանձնաշնորհումներ յանձնուած են։

17 Կարգ մը կիներ նոյնիսկ մարգարէուհիներ էին։ Անոնցմէ մէկն էր Դեբօրան, Դատաւորներուն ժամանակ։ (Դատաւորաց գլուխներ՝ 4 եւ 5) Ողդան մարգարէուհի մըն էր Յուդայի մէջ, Երուսաղէմի կործանումէն քիչ առաջ։ (Դ. Թագաւորաց 22։14–20) Մարիամի պարագան նկատողութեան արժանի է։ Թէեւ ըսուած է որ ան Եհովայի կողմէ ղրկուած մարգարէուհի մըն էր, սակայն երեւութապէս այս առանձնաշնորհումը գլխուն զարկաւ ատեն մը։ Ան Իսրայէլը առաջնորդելու համար իր կրտսեր եղբօր՝ Մովսէսի Եհովայի կողմէ տրուած հեղինակութիւնը ճանչնալու մէջ թերացաւ եւ անոր համար պատժուեցաւ, բայց երեւութապէս զղջաց եւ իր պաշտօնին վերադարձաւ։—Ելից 15։20, 21. Թուոց 12։1–15. Միքիա 6։4

Կիները՝ Յուդայականութեան մէջ

18, 19. Յուդայականութեան մէջ ի՞նչ էր կիներուն դիրքը, եւ ասիկա ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ։

18 Ինչպէս տեսանք, Մովսիսական Օրէնքը կը պաշտպանէր կիներուն իրաւունքները եւ երբ անոր հետեւէին, կին դասակարգը գոհացուցիչ կեանք մը կը վայելէր։ Բայց ժամանակի ընթացքին, մասնաւորաբար Երուսաղէմի կործանումէն ետք Հ.Դ.Ա. 607–ին, Յուդայականութիւնը մէջտեղ եկաւ, որ աւելի բերանացի աւանդութեան վրայ հիմնուած էր քան թէ Եհովայի գրաւոր Օրէնքին վրայ։ Հ.Դ.Ա. չորրորդ դարէն սկսեալ, Յուդայականութիւնը աւելի հրապուրուեցաւ Յունական փիլիսոփայութենէն։ Յոյն փիլիսոփաները ընդհանրապէս շատ կարեւորութիւն չէին տար կիներու իրաւունքներուն։ Ուստի, կիներու դիրքը համեմատաբար ինկաւ Յուդայականութեան մէջ։ Հ.Դ.Ա. երրորդ դարէն սկսեալ, Հրէական ժողովարաններուն մէջ սկսան կիները զատել այր մարդոցմէ եւ տարհամոզել Թորան (Մովսէսի Օրէնքը) կարդալու։ Հրէական Համայնագիտարանը [Անգլ.] կ’ընդունի հետեւեալը. «Որպէս հետեւանք, շատ քիչ կիներ դաստիարակութիւն ստացան»։ Դաստիարակութիւնը գլխաւորաբար տղոց համար էր։

19 Երուսաղէմը Յիսուսի Օրերուն [Անգլ.] իր գրքին մէջ, Ժ. Ճերեմայան կը գրէ. «Կրօնական օրէնսդրութեան մէջ, կիներուն դիրքը, ընդհանուր առմամբ, լաւագոյնս արտայայտուած է յաճախ կրկնուած սա խօսքերով. ‘Կիները, (հեթանոս) գերիները եւ երախաները’։ ... Ասոնց վրայ կրնանք աւելցնել թէ կիներուն վրայ շատ մը արհամարհական կարծիքներ կ’արտայայտուէին։ ... Ուստի, այն տպաւորութիւնը ունինք թէ Յիսուսի օրերուն Յուդայականութիւնն ալ շատ ցած կարծիք մը ունէր կիներու նկատմամբ»։

Հաւատարիմ Կիներ Որոնք Մեսիային կը Սպասէին

20, 21. (ա) Հակառակ կիներուն հանդէպ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն որդեգրած արհամարհական կեցուածքին, մինչ Մեսիայի գալու ժամանակը կը մօտենար, որո՞նք ալ կը գտնուէին այն բոլորին մէջ, որոնք արթուն կը սպասէին։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եղիսաբէթ եւ Մարիամ խոր աստուածպաշտութիւն ունէին։

20 Կիներու հանդէպ այս արհամարհական կեցուածքն ալ կերպ մըն էր որով Հրեայ ռաբբունիները ‘Աստուծոյ խօսքը խափանած էին իրենց աւանդութիւնովը’։ (Մարկոս 7։13) Բայց հակառակ այս արհամարհանքին, մինչ Մեսիայի գալու ժամանակը կը մօտենար, կարգ մը աստուածավախ կիներ արթուն կը սպասէին։ Անոնցմէ մէկն էր Եղիսաբէթ՝ Ղեւտացի Զաքարիա քահանային կինը։ Ան եւ իր ամուսինը «Աստուծոյ առջեւ արդար էին եւ Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներուն ու իրաւունքներուն մէջ անարատութեամբ կը քալէին»։ (Ղուկաս 1։5, 6) Եղիսաբէթ Եհովայի կողմէ օրհնուեցաւ, քանի որ ամուլ եւ յառաջացած տարիք մը ունենալով հանդերձ, Յովհաննէս Մկրտիչին մայրը եղաւ։—Ղուկաս 1։7, 13

21 Սուրբ հոգիէն մղուած, Եղիսաբէթ խոր սէր արտայայտեց իր ազգականներէն Մարիամ անուն ուրիշ աստուածավախ կնկայ մը հանդէպ։ Հ.Դ.Ա. 3 թուականին վերջաւորութեան, երբ Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամի տեղեկացուց թէ հրաշքով որդի մը (Յիսուսը) պիտի յղանար, ան Մարիամի խօսելով ըսաւ. «Ո՛վ շնորհընկալ» եւ աւելցուց. «Տէրը քեզի հետ է»։ Ասկէ անմիջապէս ետք, Մարիամ այցելութեան գնաց Եղիսաբէթի որ օրհնեց զինք եւ անոր կրած զաւակը՝ Յիսուսը իր ‘Տէր»ը կոչելով, նոյնիսկ անոր ծնելէն առաջ։ Ասոր վրայ, Մարիամ սկսաւ Եհովան փառաբանել եւ իր արտայայտութիւնները պերճախօսութեամբ կը վկայեն իր խոր աստուածպաշտութեան։—Ղուկաս 1։28, 31, 36–55

22. Յիսուսի ծնունդէն ետք, ո՞ր աստուավախ կինը ցոյց տուաւ թէ կը գտնուէր անոնց մէջ, որոնք Մեսիային կը սպասէին։

22 Երբ Յիսուս ծնաւ եւ Մարիամ զինք Երուսաղէմի տաճարը բերաւ Եհովայի ներկայացնելու համար, աստուածավախ ուրիշ կին մը՝ տարեց Աննա մարգարէուհին՝ իր հրճուանքը արտայայտեց։ Ան Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեց եւ Յիսուսի մասին խօսեցաւ անոնց որոնք խոստացեալ Մեսիային անձկութեամբ կը սպասէին։—Ղուկաս 2։36–38

23. Պետրոս առաքեալ ինչպէ՞ս կ’արտայայտուի նախա–Քրիստոնէական ժամանակաշրջանի հաւատարիմ կիներու մասին, ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

23 Այս կերպով, մինչ Յիսուսի երկրային ծառայութեան ժամանակը կը մօտենար, տակաւին կային ‘սուրբ կիներ’ «որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած էին»։ (Ա. Պետրոս 3։5) Այս կիներէն ոմանք Քրիստոսի աշակերտները եղան։ Յիսուս ինչպէ՞ս վարուեցաւ անոնց հետ։ Իսկ ներկայիս ալ կա՞ն կիներ որոնք Աստուածաշունչին մէջ ուրուագծուած իրենց դերը ուրախութեամբ կ’ընդունին։ Յաջորդ յօդուածով նկատի պիտի առնենք այս հարցումները։  

[Ստորանիշ էջ 9]

a Հատոր 3, էջ 1055

b «Վերջին Ադամը»՝ Յիսուս Քրիստոսն ալ կատարեալ, անթերի մարդ մըն էր, թէեւ մարդկային կին մը չուներ։—Ա. Կորնթացիս 15։45

Վերաքաղի Հարցումներ

◻ Իսրայէլի մէջ կիներուն հանդէպ վերաբերմունքը ինչպէ՞ս կը տարբերէր ուրիշ երկիրներէն։

◻ Ադամի եւ Եւայի յարաբերական դիրքերը ի՞նչ էին եւ ինչո՞ւ։

◻ Օրէնքին ներքեւ Իսրայելացի կնոջ դիրքը ի՞նչ էր։ Անոնք հոգեւոր գետնի վրայ իրաւունքներ ունէ՞ին։

◻ Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ յիշուած աչքառու կիներուն կեանքերէն։

◻ Հաւատքի ի՞նչ օրինակներ կը գտնենք, հակառակ Յուդայականութեան տեսակէտներուն։

[Շրջանակ՝ էջ 10]

«ՏԷՐՈՋՄԷ ՎԱԽՑՈՂ ԿԻՆԸ»

«10 Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։ 11 Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է ու աւարի կարօտ չըլլար։ 12 Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։ 13 Բուրդ ու քթան կը փնտռէ եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ։ 14 Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։ Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։ 15 Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուր եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։ 16 Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։ Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։ 17 Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ ու իր բազուկները կը զօրացնէ։ 18 Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։ Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։ 19 Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ ու ափովը րոքը կը բռնէ։ 20 Ձեռքը աղքատին կը բանայ ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։ 21 Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար. քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։ 22 Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։ Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։ 23 Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։ 24 Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։ 25 Զօրութիւն ու փառք կը հագնի ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։ 26 Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ։ 27 Իր տանը ճամբաները կը քննէ եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։ 28 Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով. 29 ‘Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար’։ 30 Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։ 31 Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։»—Առակաց 31։10–31

[Նկար՝ էջ 8,9]

Ընտանիքին մէջ կիներուն տեղը պատուաբեր էր

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել