Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Եհովա իմաստութիւն կու տայ»
    Դիտարան 1999 | Նոյեմբեր 15
    • Հօր մը սիրալիր խօսքերով, վաղեմի Իսրայէլի իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, եթէ [«դուն», ՆԱ] իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը [«հասկացողութիւնը», ՆԱ] քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարի ուղղես, եթէ [«դուն», ՆԱ] զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։—Առակաց 2։1-5

      Նկատի առի՞ք թէ իմաստութիւն ձեռք ձգելու պատասխանատուութիւնը որու վրայ կ’իյնայ։ Վերոյիշեալ համարներուն մէջ «եթէ դուն» արտայայտութիւնը երեք անգամ կ’երեւի։ Բացայայտօրէն, մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նք պատասխանատու է իմաստութիւնը եւ անոր յարակից՝ ներատեսութիւնն ու հասկացողութիւնը փնտռելու։ Նախ, սակայն, պէտք է ‘ընդունինք’ եւ մեր յիշողութեան մէջ ‘պահենք’ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած իմաստուն խօսքերը։ Այս պատճառաւ Աստուածաշունչը պէտք է ուսումնասիրենք։

  • «Եհովա իմաստութիւն կու տայ»
    Դիտարան 1999 | Նոյեմբեր 15
    • Առակաց գրքին երկրորդ գլուխին բացման խօսքերուն մէջ, «եթէ դուն» կրկնուած արտայայտութեան կը յաջորդէ այսպիսի արտայայտութիւններ՝ «ընդունիս», «քովդ պահես», «կանչես», «փնտռես», «խնդրես»։ Ասոնք գրողը ինչո՞ւ այս արտայայտութիւնները այսքան աւելցող ուժգնութեամբ կը գործածէ։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Իմաստունը [հոս] կը շեշտէ իմաստութիւն հետապնդելու մէջ լրջութեան անհրաժեշտութիւնը»։ Այո, իմաստութիւնը ու անոր առնչակից յատկութիւնները՝ ներատեսութիւնն ու հասկացողութիւնը՝ լրջօրէն պէտք է հետապնդենք։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել