Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ20 Մարտ էջ 2-7
  • Եհովայի հանդէպ սէրը մկրտութեան կ’առաջնորդէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի հանդէպ սէրը մկրտութեան կ’առաջնորդէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՍԷՐԸ
  • Ինչո՞ւ պէտք է մկրտուիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ մկրտուելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Սիրով կերտուեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Պէ՞տք է կեանքս Աստուծոյ նուիրեմ եւ մկրտուիմ
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
դ20 Մարտ էջ 2-7

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 10

Եհովայի հանդէպ սէրը մկրտութեան կ’առաջնորդէ

«Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ» (ԳՈՐԾՔ 8։36)։

ԵՐԳ 66 Անձնուիրաբար Եհովային ծառայենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1-2. Ըստ Գործք 8։27-31, 35-38–ի, ի՞նչը եթովպիացի ներքինին մղեց մկրտուելու։

Կ’ՈՒԶԵ՞Ս մկրտուիլ որպէս Քրիստոսի աշակերտ։ Շատեր սէրէ եւ գնահատութենէ մղուած այս որոշումը առած են։ Նկատի առ բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը օրինակը, որ Եթովպիայի թագուհիին քով կը ծառայէր։

2 Եթովպիացին Սուրբ Գրութիւններէն իր սորվածին հիման վրայ անմիջապէս գործեց (կարդա՛ Գործք 8։27-31, 35-38)։ Ի՞նչ բան զինք մղեց այդ մէկը ընելու։ Յստակ է որ Աստուծոյ Խօսքը կ’արժեւորէր, քանի որ Եսայի գիրքէն հատուած մը կը կարդար, մինչ կառքով կը ճամբորդէր։ Եւ երբ Փիլիպպոս իրեն խօսեցաւ, երախտապարտ զգաց իրեն ի նպաստ Յիսուսի ըրածին համար։ Ան ինչո՞ւ Երուսաղէմ գացած էր։ Քանի որ արդէն Եհովայի հանդէպ սէր մշակած էր։ Ասիկա գիտենք, քանի որ քիչ առաջ Եհովային պաշտամունք մատուցանեց Երուսաղէմի մէջ։ Այնպէս կ’երեւի որ ան իր կրօնքը լքած էր եւ միացած էր այն միակ ազգին, որ ճշմարիտ Աստուծոյ նուիրուած էր։ Եհովայի հանդէպ այս նոյն սէրը զինք մղեց, որ ուրիշ կարեւոր քայլ մըն ալ առնէ. մկրտուի եւ Քրիստոսի աշակերտը դառնայ (Մատ. 28։19)։

3. Ի՞նչը կրնայ անհատ մը ետ պահել մկրտուելէ (տե՛ս «Ի՞նչ տեսակի սիրտ ունիս» շրջանակը)։

3 Եհովայի հանդէպ սէրդ կրնայ քեզ մղել մկրտուելու։ Բայց սիրոյ յատկութիւնը կրնայ նաեւ քեզ արգիլել ատիկա ընելէ։ Ինչպէ՞ս։ Մտածէ կարգ մը օրինակներու մասին։ Թերեւս Վկայ չեղող ընտանիքդ ու բարեկամներդ շատ կը սիրես, եւ մտահոգ ես, որ եթէ մկրտուիս, քեզ պիտի ատեն (Մատ. 10։37)։ Կամ թերեւս կը սիրես սովորութիւններ, որոնք գիտես թէ Աստուած կ’ատէ, եւ քեզի համար դժուար է ատոնցմէ ձերբազատուիլ (Սաղ. 97։10)։ Կամ ալ թերեւս մեծցար՝ սուտ կրօնքի տօները տօնելով։ Կը սիրես այդ տօներուն առնչուող լաւ յիշատակներդ, եւ հետեւաբար դժուար կը գտնես այդ սովորութիւնները դադրեցնել (Ա. Կոր. 10։20, 21)։ Ուրեմն, պէտք է որոշես. «Ի՞նչը կամ ո՞վ ամէնէն շատ կը սիրեմ»։

Ի՞նչ տեսակի սիրտ ունիս

Յիսուս Աստուածաշունչի պատգամը նմանցուց սերմի, իսկ մարդոց սրտերը՝ հողի տարբեր տեսակներու (Ղուկ. 8։4-8)։ Թերեւս ժամանակէ մը ի վեր Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կը սերտես։ Լաւ կ’ըլլայ որ Ղուկաս 8։11-15–ը կարդաս եւ դուն քեզի հարցնես. «Սիրտս ո՞ր հողին կը նմանի»։

  • Կոխկռտուած հող, որուն վրայ թռչուն մը կը հանգչի։

    Կոխկռտուած հող. Այս անհատը ընդհանրապէս ժամանակ չի տրամադրեր, որ իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը պատրաստէ։ Ան յաճախ իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նիստը չեղեալ կ’ընէ կամ ժողովներուն ներկայ չ’ըլլար, քանի որ ուրիշ բաներով կը զբաղի։

  • Ապառաժոտ հող։

    Ապառաժոտ հող. Այս անհատը թոյլ կու տայ բարեկամներու կամ ընտանիքի հակառակութեան, որ զինք արգիլէ Եհովայի հնազանդելէ եւ Իր չափանիշներուն համաձայն ապրելէ։

  • Հող մը, որուն մէջ փուշեր կ’աճին։

    Փշոտ հող. Այս անհատը Եհովայի մասին իր սորվածը կը սիրէ, բայց կը խորհի որ դրամ եւ ստացուածքներ ունենալով երջանիկ եւ ապահով պիտի ըլլայ։ Ան յաճախ իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նիստերը կը կորսնցնէ՝ գործի կամ ժամանցի պատճառով։

  • Հող մը, որուն մէջ առատ ցորեն կ’աճի։

    Աղէկ հող. Այս անհատը կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կը սերտէ եւ կը ջանայ իր սորվածը գործադրել։ Իր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանն է՝ Եհովան հաճեցնել։ Թէեւ փորձութիւններ եւ հակառակութիւն կը դիմագրաւէ, բայց կը շարունակէ ուրիշներուն պատմել Եհովայի մասին իր գիտցածը։

Դո՛ւն կ’որոշես թէ Աստուծոյ պատգամին ինչպէ՛ս պիտի ընդառաջես։ Յիսուսի առակին մէջի տարբեր տեսակի հողերուն պէս, քու այլաբանական սիրտդ կրնայ կակուղնալ, անօգուտ բաներէ մաքրուիլ եւ բարելաւուիլ։ Յիշէ որ դո՛ւն կ’ընտրես թէ ի՛նչ տեսակի հող ես։

ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՍԷՐԸ

4. Մկրտուելու դրդապատճառդ ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

4 Անկասկած շատ մը աղուոր բաներ ունիս, որոնք կը սիրես ու կը գնահատես։ Օրինակ, նոյնիսկ Եհովայի վկաներուն հետ սերտելէ առաջ, թերեւս Աստուածաշունչին նկատմամբ խոր գնահատանք ունէիր եւ Յիսուսը կը սիրէիր։ Իսկ հիմա որ Եհովայի վկաները կը ճանչնաս, կը սիրես անոնց հետ ընկերակցիլ։ Բայց այս լաւ բաները սիրելը կրնայ քեզ չմղել որ ուզես կեանքդ Եհովային նուիրել ու մկրտուիլ։ Մկրտուելու դրդապատճառը պէտք է ըլլայ Եհովա Աստուծո՛յ հանդէպ սէրդ։ Երբ Եհովան ամէն բանէ աւելի սիրես, թոյլ պիտի չտաս որեւէ բանի կամ ոեւէ անձի, որ քեզ արգիլէ իրեն ծառայելէ։ Եհովայի հանդէպ սէրդ թէ՛ քեզ պիտի մղէ մկրտուելու եւ թէ պիտի օգնէ, որ մկրտութենէդ ետք իրեն հաւատարիմ մնաս։

5. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։

5 Յիսուս ըսաւ որ պէտք է Եհովան սիրենք մեր ամբողջ սրտով, անձով, մտքով եւ զօրութիւնով (Մար. 12։30)։ Ինչպէ՞ս կրնաս սորվիլ այդքան խոր կերպով Եհովան սիրել ու յարգել։ Մեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն վրայ խոկալը մեզ կը մղէ որ մեր կարգին զինք սիրենք (Ա. Յովհ. 4։19)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի սորվիս, թէ ի՛նչ բաներ պէտք է ընես, որպէսզի Եհովայի հանդէպ սէր մշակես ու մկրտուիս։

6. Ըստ Հռովմայեցիս 1։20–ի, ի՞նչ է կերպ մը, որով կրնաս Եհովայի մասին սորվիլ։

6 Եհովայի մասին սորվէ իր ստեղծագործութեան ընդմէջէն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։20. Յայտ. 4։10բ)։ Խոկա՛ թէ Եհովան ի՜նչ իմաստութեամբ ստեղծած է բոյսերն ու անասունները։ Գաղափար առ թէ մարմինդ ի՜նչ հիանալի կերպով ստեղծուած է (Սաղ. 139։14)։ Եւ մտածէ այն ուժին մասին, որ արեւուն մէջ դրուած է, ի մտի ունենալով որ արեւը միլիառաւոր աստղերէն միայն մէկն է (Եսա. 40։26)b։ Այդպէս ընելով Եհովայի հանդէպ յարգանքդ պիտի խորանայ։ Թէեւ կարեւոր է գիտնալ, թէ Եհովան իմաստուն ու զօրաւոր է, բայց իրեն հանդէպ սէրդ զօրացնելու եւ իր մտերիմ բարեկամը դառնալու համար, պէտք է իր մասին աւելին գիտնաս։

7. Եհովան խորապէս սիրելու համար, ի՞նչ բանով համոզուած պէտք է ըլլաս։

7 Պէտք է համոզուիս որ Եհովան անձնապէս քեզ կը հոգայ։ Քեզի համար դժուա՞ր է հաւատալ, որ երկինքի ու երկրի Ստեղծիչը գիտէ թէ գոյութիւն ունիս եւ քեզմով հետաքրքրուած է։ Եթէ այո, յիշէ որ Եհովան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։26-28)։ Ան «սրտերը կը քննէ», եւ քեզի կը խոստանայ, ինչպէս որ Դաւիթ Սողոմոնին ըսաւ, որ «եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես» (Ա. Մն. 28։9)։ Իրականութեան մէջ, դուն ներկայիս Աստուածաշունչը կը սերտես, քանի որ Եհովան ‘քեզ քաշած է’ (Եր. 31։3)։ Ո՛րքան աւելի գիտնաս քեզի ի նպաստ Եհովայի բոլոր ըրածները, ա՛յնքան աւելի զինք պիտի սիրես։

8. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի սիրոյն ընդառաջել։

8 Եհովայի աղօթելը կերպ մըն է, որով կրնաս իր սիրոյն ընդառաջել։ Իրեն հանդէպ սէրդ պիտի աւելնայ, մինչ կ’արտայայտես մտահոգութիւններդ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնես այն բոլոր բաներուն համար, որ քեզի համար կ’ընէ։ Եւ իրեն հետ կապդ պիտի զօրանայ, մինչ կը տեսնես թէ աղօթքներուդ ինչպէ՛ս կը պատասխանէ (Սաղ. 116։1)։ Պիտի համոզուիս թէ ան քեզ կը հասկնայ։ Բայց Եհովայի ա՛լ աւելի մօտենալու համար, պէտք է իր մտածելակերպը հասկնաս։ Եւ պէտք է գիտնաս, թէ քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Ատիկա գիտնալու միակ կերպն է՝ իր Խօսքը սերտել։

Քոյր մը գնում ըրած ատեն թերթիկ կու տայ բանջարեղէն ծախող երիտասարդ կնոջ մը։

Աստուծոյ մօտիկ ըլլալու եւ իր պահանջները գիտնալու լաւագոյն կերպն է՝ Աստուածաշունչը սերտել (տե՛ս պարբերութիւն 9)c

9. Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, որ Աստուածաշունչը կը գնահատես։

9 Սորվէ Աստուածաշունչը գնահատել։ Միայն Աստուածաշունչը կը բովանդակէ ճշմարտութիւնը Եհովայի մասին եւ քեզի վերաբերեալ իր նպատակին մասին։ Ցոյց կու տաս, թէ Աստուածաշունչը կը գնահատես՝ զայն ամէն օր կարդալով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնդ նախապատրաստելով եւ սորվածդ գործադրելով (Սաղ. 119։97, 99. Յովհ. 17։17)։ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութեան յայտագիր ունի՞ս։ Այդ յայտագրին կը հետեւի՞ս, վստահ ըլլալով որ Աստուածաշունչը ամէն օր կը կարդաս։

10. Աստուածաշունչը ի՞նչ բացառիկ բան կը բովանդակէ։

10 Աստուածաշունչը կը բովանդակէ բացառիկ բան մը՝ Յիսուսը տեսնողներու արձանագրութիւնը։ Անիկա միակ ճշգրիտ արձանագրութիւնն է որ կը բացատրէ, թէ Յիսուս քեզի համար ի՛նչ ըրած է։ Մինչ Յիսուսի ըսածներուն ու ըրածներուն մասին կը սորվիս, պիտի ուզես իր բարեկամը ըլլալ։

11. Ինչպէ՞ս կրնաս սորվիլ Եհովան սիրել։

11 Սորվէ Յիսուսը սիրել։ Յիսուսը սիրելով՝ Եհովայի հանդէպ սէրդ պիտի աւելնայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս կատարելապէս իր Հօր յատկութիւնները կ’արտացոլէ (Յովհ. 14։9)։ Ուստի Յիսուսի մասին ո՛րքան աւելի սորվիս, ա՛յնքան աւելի լաւ պիտի հասկնաս Եհովան եւ զինք աւելի պիտի գնահատես։ Մտածէ թէ Յիսուս որքա՜ն կարեկից էր անոնց հանդէպ, որոնք ուրիշներու կողմէ կ’արհամարհուէին, քանի որ աղքատ, հիւանդ կամ տկար էին։ Մտածէ նաեւ գործնական խրատներուն մասին, որոնք քեզի կու տայ, եւ թէ կեանքդ ինչպէ՛ս կը բարելաւուի, երբ իրեն մտիկ կ’ընես (Մատ. 5։1-11. 7։24-27)։

12. Մինչ Յիսուսի մասին կը սորվիս, թերեւս մղուիս ի՞նչ ընելու։

12 Հաւանաբար Յիսուսը աւելի՛ պիտի սիրես, մինչ կը խոկաս այն զոհին մասին, որ ըրաւ, որպէսզի մեր մեղքերը կարենան ներուիլ (Մատ. 20։28)։ Երբ հասկնաս թէ Յիսուս կամաւ քեզի համար մեռաւ, թերեւս մղուիս զղջալու եւ Եհովայէն ներում խնդրելու (Գործք 3։19, 20. Ա. Յովհ. 1։9)։ Եւ մինչ կը սկսիս Եհովան եւ Յիսուսը սիրել, բնականաբար մօտիկ պիտի զգաս անոնց, որոնք նոյնպէս զիրենք կը սիրեն։

13. Եհովան քեզի ի՞նչ ապահոված է։

13 Սորվէ Եհովայի ընտանիքը սիրել։ Թերեւս Վկայ չեղող ընտանիքդ ու նախկին բարեկամներդ չհասկնան, թէ ինչո՛ւ կ’ուզես կեանքդ Եհովայի նուիրել։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ քեզի հակառակին։ Եհովան քեզի պիտի օգնէ՝ հոգեւոր ընտանիք ապահովելով։ Եթէ այդ հոգեւոր ընտանիքին մօտիկ մնաս, պէտք եղած սէրն ու աջակցութիւնը պիտի գտնես (Մար. 10։29, 30. Եբ. 10։24, 25)։ Ժամանակի ընթացքին, ընտանիքիդ անդամները թերեւս սկսին քեզի հետ Եհովայի ծառայելու եւ իր չափանիշներուն համաձայն ապրելու (Ա. Պետ. 2։12)։

14. Ինչպէս որ Ա. Յովհաննէս 5։3–ը կը նշէ, Եհովայի չափանիշներուն մասին փորձառաբար ի՞նչ նկատած ես։

14 Սորվէ արժեւորել ու գործադրել Եհովայի չափանիշները։ Եհովան ճանչնալէ առաջ, թերեւս սեփական չափանիշներ ունէիր, բայց հիմա կը տեսնես, որ Եհովայի չափանիշները աւելի լաւ են (Սաղ. 1։1-3. կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Մտածէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ խրատներ կու տայ ամուսիններուն, կիներուն, ծնողներուն եւ զաւակներուն (Եփ. 5։22–6։4)։ Այդ խրատները գործադրելով, տեսա՞ծ ես թէ ընտանեկան կեանքդ բարելաւուած է։ Իմաստութեամբ բարեկամներ զատելու Եհովայի ուղղութիւններուն հետեւելով, սովորութիւններդ բարելաւուա՞ծ են։ Այժմ աւելի ուրա՞խ ես (Առ. 13։20. Ա. Կոր. 15։33)։ Շատ հաւանաբար այդ հարցումներուն պատասխանը «այո՛» է։

15. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ աստուածաշնչական սկզբունքները գործադրելու համար օգնութեան պէտք ունիս։

15 Երբեմն, թերեւս դժուարութիւն ունենաս գիտնալու, թէ Աստուածաշունչէն սորված սկզբունքներդ ինչպէ՛ս պիտի գործադրես։ Անոր համար Եհովան իր կազմակերպութեան միջոցաւ քեզի կը հայթայթէ աստուածաշնչական նիւթեր, որոնք կրնան քեզի օգնել ճիշդը սխալէն զանազանելու (Եբ. 5։13, 14)։ Երբ այս նիւթերը կարդաս ու սերտես, պիտի տեսնես թէ որքա՜ն գործնական են, եւ հաւանաբար պիտի ուզես Եհովայի կազմակերպութեան միանալ։

16. Եհովան իր ժողովուրդը ինչպէ՞ս կազմակերպած է։

16 Սորվէ Եհովայի կազմակերպութիւնը սիրել եւ անոր թիկունք կանգնիլ։ Եհովան իր ժողովուրդը կազմակերպած է որպէս ժողովքներ. իր Որդին՝ Յիսուս, այդ բոլոր ժողովքներուն գլուխն է (Եփ. 1։22. 5։23)։ Յիսուս օծեալ տղամարդիկ նշանակած է, որպէսզի առաջնորդութիւն առնեն այն գործին մէջ, որ կ’ուզէ որ ներկայիս կատարուի։ Ան այս պզտիկ խումբին ակնարկեց որպէս՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», եւ անոնք լուրջի կ’առնեն քեզ հոգեւորապէս կերակրելու եւ պաշտպանելու իրենց պատասխանատուութիւնը (Մատ. 24։45-47)։ Կերպերէն մէկը, որով հաւատարիմ ծառան քեզ կը հոգայ, այն է՝ որ վստահ կ’ըլլայ որ որակեալ տղամարդիկ երէցներ նշանակուին, որպէսզի քեզ հովուեն (Եսա. 32։1, 2. Եբ. 13։17. Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Երէցները պատրաստ են իրենց լաւագոյնը ընելու, որպէսզի քեզ մխիթարեն եւ օգնեն որ Եհովային ա՛լ աւելի մօտենաս։ Բայց իրենց ըրած ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկն է՝ քեզի օգնել, որ ուրիշներուն սորվեցնես Եհովայի մասին (Եփ. 4։11-13)։

17. Հռովմայեցիս 10։10, 13, 14–ի համաձայն, ինչո՞ւ ուրիշներու կը խօսինք Եհովայի մասին։

17 Ուրիշներուն օգնէ, որ սորվին Եհովան սիրել։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ ուրիշներուն սորվեցնեն Եհովայի մասին (Մատ. 28։19, 20)։ Կարելի է այդ պատուէրին հնազանդիլ առ ի պարտականութիւն։ Բայց մինչ Եհովան ա՛լ աւելի կը սիրես, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն պէս պիտի զգաս, որոնք ըսին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (Գործք 4։20)։ Մենք շատ կ’ուրախանանք, երբ մէկու մը օգնենք, որ սկսի Եհովան սիրել։ Երեւակայէ թէ Փիլիպպոս աւետարանիչ որքա՜ն ուրախացաւ, երբ եթովպիացիին օգնեց որ Սուրբ Գրութիւններուն բովանդակած ճշմարտութիւնը սորվի եւ մկրտուի։ Երբ Փիլիպպոսը ընդօրինակես եւ քարոզելու Յիսուսի պատուէրին հնազանդիս, ցոյց կու տաս, թէ կ’ուզես Եհովայի վկայ ըլլալ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 10։10, 13, 14)։ Այն ատեն, հաւանաբար պիտի հարցնես այն նոյն հարցումը, որ եթովպիացին հարցուց. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ» (Գործք 8։36)։

18. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

18 Երբ որոշես մկրտուիլ, կեանքիդ մէջ ամենակարեւոր քայլը առած պիտի ըլլաս։ Որովհետեւ ատիկա շատ լուրջ քայլ մըն է, պէտք է բծախնդրաբար նկատի առնես թէ ի՛նչ կը պարփակէ։ Մկրտութեան մասին ի՞նչ պէտք է գիտնաս։ Մկրտութենէն առաջ եւ ետք ի՞նչ պէտք է ընես։ Այս հարցումները պիտի պատասխանուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Եհովայի ծառայելու մեր գլխաւոր շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, եւ ինչո՞ւ։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք սորվիլ Եհովան սիրել։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ՝ Ղուկաս 8։11-15–ի մէջ նշուած առակին վրայ խոկալով։

ԵՐԳ 138 Անունդ Եհովա է

a Ոմանք Եհովան կը սիրեն, բայց վստահ չեն թէ պատրաստ են մկրտուելու որպէս Եհովայի վկայ։ Եթէ այդպէս կը զգաս, յօդուածը քեզի պիտի օգնէ աչքէ անցընելու գործնական քայլեր, որոնք մկրտութեան կը հասցնեն։

b Յաւելեալ օրինակներու համար, տե՛ս Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ եւ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել գրքոյկները (անգլերէն)։

c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը թերթիկ մը կու տայ երիտասարդուհիի մը, որուն կը հանդիպի գնում ըրած ատեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել