Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 6/1 էջ 16-21
  • Եհովայի վէճը ազգերուն հետ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի վէճը ազգերուն հետ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դատաստան՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի Թոյլատու Զանգուածին Դէմ
  • Դատաստան՝ Մեծն Բաբելոնին Դէմ
  • Դատաստան՝ «Բոլոր Ազգերուն» Դէմ
  • Ողբացող ու Աղաղակող Հովիւներ
  • Երեմիայի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 6/1 էջ 16-21

Եհովայի վէճը ազգերուն հետ

«Անոր բարձր ձայնը մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի հասնի, վասնզի Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն [վէճ] ունի»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 25։31

1, 2. (ա) Յովսիա Թագաւորին մահէն ետք ի՞նչ տեղի ունեցաւ Յուդայի մէջ։ (բ) Յուդայի վերջին թագաւորը ո՞վ էր, եւ ան իր անհաւատարմութեան համար ինչպէ՞ս տառապեցաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ երկիրը դժուար ժամանակ մը կը դիմագրաւէր։ Բարի թագաւոր մը՝ Յովսիա՝ ժամանակաւորապէս կասեցուցած էր Եհովայի բորբոքած բարկութիւնը։ Բայց ի՞նչ պատահեցաւ երբ Յովսիա սպաննուեցաւ Հ.Դ.Ա. 629–ին։ Անոր յաջորդող թագաւորները անպատուեցին Եհովան։

2 Յուդայի վերջին թագաւորը՝ Սեդեկիան, Յովսիայի չորրորդ զաւակը, շարունակեց «[իր մեծ եղբօր] Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն» ընել, ըստ Դ. Թագաւորաց 24։19–ին։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Նաբուգոդոնոսոր յարձակեցաւ Երուսաղէմի վրայ, բռնեց Սեդեկիան, անոր աչքերուն առջեւ իր որդիները սպաննեց, անոր աչքերը կուրցուց եւ զինք Բաբելոն տարաւ։ Ասկէ զատ, Բաբելոնացիները Եհովայի պաշտամունքին համար գործածուած անօթներն ու տաճարը կողոպտեցին եւ քաղաքը կրակի տուին։ Վերապրողները Բաբելոնի մէջ գերիներ եղան։

3. Հ.Դ.Ա. 607–ին, Երուսաղէմի կործանումով ո՞ր ժամանակաշրջանը սկսաւ, եւ ի՞նչ տեղի պիտի ունենար, երբ այդ ժամանակաշրջանը վերջանար։

3 Այդ տարին, Հ.Դ.Ա. 607–ն, ոչ միայն Երուսաղէմի վերջնական ամայացումը նշեց, այլ նաեւ՝ Ղուկաս 21։24–ին մէջ ակնարկուած՝ «ազգերուն ժամանակներ»ուն սկիզբը։ Այս 2,520 տարուան ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ մեր դարուն, 1914–ին։ Այն ատեն ժամանակը եկած էր որ Եհովա, Նաբոգոդոնոսորէն մեծ եղող իր գահակալուած Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցով, պիղծ աշխարհին վրայ դատաստան վճռէր եւ զայն ի գործ դնէր։ Այս դատը կը սկսի արդի Յուդայով, այսինքն երկրի վրայ Աստուած եւ Քրիստոս ներկայացնել դաւանող համազօր տարրով։

4. Երեմիայի մարգարէութեան առնչութեամբ ի՞նչ հարցումներ այժմ կը յարուցուին։

4 Նմանութիւն մը կը տեսնե՞նք իր թագաւորներուն իշխանութեան ներքեւ եղող Յուդայի վերջին տարիներու տուայտանքին—դրացի ազգերուն վրայ ալ ազդող աւերիչ դէպքերով—եւ Քրիստոնեայ Աշխարհին ներկայ վիճակին միջեւ։ Վստա՛հաբար։ Ուստի, ըստ Երեմիայի մարգարէութեան, Եհովա ինչպէ՞ս հարցերը ձեռք պիտի առնէ այսօր։ Տեսնենք։

5, 6. (ա) 1914–էն ի վեր, Քրիստոնեայ Աշխարհի վիճակը ինչպէ՞ս կը նմանի Յուդայի վիճակին, անոր կործանումէն ճիշդ առաջ։ (բ) Արդի Երեմիան ի՞նչ պատգամ հաղորդած է Քրիստոնեայ Աշխարհին։

5 Բրիտանացի ուսողագէտ եւ իմաստասէր Պէրթրէնտ Ռասըլ շուրջ 40 տարիներ առաջ ըսած էր. «1914–էն ի վեր, գիտակցելով աշխարհի հոսանքին, ամէն մարդ խորապէս վրդոված է, ի տես ինչ որ կը թուի դէպի աւելի մեծ աղէտի մը գացող ճակատագրուած եւ կանխածրագրուած ընթացք մը ըլլալ»։ Իսկ Գերմանացի քաղաքագէտ Գոնրադ Ատէնաուըր նշեց. «1914–էն ի վեր, անդորրութիւնն ու հանդարտութիւնը անհետացած են մարդոց կեանքերէն»։

6 Երեմիայի օրերուն նման, այսօր ալ իրերու դրութեան մը վախճանին մօտենալը նշուած է հեղեղանման անմեղ արիւն թափուելով, մանաւանդ այս դարուս երկու համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին։ Այս պատերազմները գլխաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի ազգերուն կողմէ մղուեցան, որոնք կը դաւանին Աստուածաշունչի Աստուածը պաշտել։ Ի՜նչ կեղծաւորութիւն։ Զարմանալի չէ որ Եհովա իր Վկաները ղրկած է անոնց ըսելու Երեմեայ 25։5, 6–ի խօսքերը. «Ամէն մէկդ ձեր չար ճամբայէն ու ձեր չար գործերէն ետ դարձէք ... եւ օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք անոնց ծառայելու ու երկրպագութիւն ընելու համար եւ զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը մի՛ բարկացնէք, որպէսզի ձեզի չարիք չընեմ»։

7. Ի՞նչ ապացոյց կայ որ Քրիստոնեայ Աշխարհը Եհովայի ազդարարութիւնները անտեսած է։

7 Սակայն, Քրիստոնեայ Աշխարհի ազգերը մերժած են ետ դառնալ։ Ասիկա ցոյց տուած են Գորէայի եւ Վիէթնամին մէջ պատերազմի աստուծոյն յաւելեալ զոհեր մատուցանելով։ Անոնք տակաւին կը շարունակեն մահուան վաճառականներուն՝ զինամթերք արտադրողներուն՝ նիւթապէս օգնել։ 1980–ական թուականներուն, ամէն տարի զինամթերքի համար գործածուած շուրջ մէկ եռիլիոն տոլարին մեծամասնութիւնը Քրիստոնեայ Աշխարհի երկիրները հայթայթած են։ 1951–էն 1991, միայն Միացեալ Նահանգներու զինուորական ծախքը Ամերիկեան բոլոր հաստատութիւններուն միացեալ զուտ շահէն աւելի էր։ Պաղ Պատերազմի աւարտին հռչակումէն ի վեր, կորիզային հնաձեւ զէնքերը նուազած են, բայց ուրիշ մահացու զէնքերու հսկայական զինարաններ կը մնան եւ կը շարունակեն զարգանալ։ Օր մը անոնք կրնան գործածուիլ։

Դատաստան՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի Թոյլատու Զանգուածին Դէմ

8. Երեմեայ 25։8, 9–ին խօսքերը ինչպէ՞ս պիտի կատարուին Քրիստոնեայ Աշխարհին վրայ։

8 Երեմեայ 25։8, 9–ին Եհովայի յաջորդ խօսքերն ալ մասնայատուկ կիրարկում մը ունին Քրիստոնեայ Աշխարհին վրայ, որ Քրիստոնէական արդար չափանիշներուն համաձայն չէ ապրած։ «Ասոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ իմ խօսքերուս մտիկ չըրիք, ահա ես պիտի ղրկեմ բոլոր հիւսիսի ազգատոհմերը եւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ պիտի առնեմ, զանոնք այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, բոլոր երկիրը նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ, զարմանքի ու սուլելու ենթակայ պիտի ընեմ ու յաւիտենապէս աւերակ պիտի ընեմ’»։ Ուստի, Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալ դաւանող Քրիստոնեայ Աշխարհէն սկսելով, մեծ նեղութիւնը վերջապէս համայն երկրի՝ «շրջակայ ազգերուն»՝ վրայ պիտի տարածուի։

9. Քրիստոնեայ Աշխարհի հոգեւոր վիճակը ի՞նչ կերպերով վատթարացած է մեր օրերուն։

9 Ժամանակ մը կար, երբ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ Աստուածաշունչը յարգուած էր, երբ ամուսնութիւնն ու ընտանեկան կեանքը գրեթէ ամենուն կողմէ նկատուած էին որպէս ուրախութեան աղբիւր մը, երբ մարդիկ կանուխ կ’արթննային եւ իրենց առօրեայ գործին մէջ հաճոյք կը գտնէին։ Շատեր երեկոյեան, ճրագի լոյսին տակ Աստուծոյ Խօսքը կարդալով եւ ուսումնասիրելով կը թարմանային։ Բայց ներկայիս, սեռային խառնակութիւնը, ամուսնալուծումը, թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը եւ գինովութիւնը, յանցագործութիւնը, ագահութիւնը, ծուլութիւնը, հեռատեսիլի մոլութիւնը եւ ուրիշ անառակութիւններ կեանքը ահաւոր կերպով ապականած են։ Ասիկա Քրիստոնեայ Աշխարհի թոյլատու զանգուածին վրայ Եհովա Աստուծոյ բերելիք կործանման նախերգանքն է։

10. Եհովայի դատաստանները գործադրուելէ ետք, Քրիստոնեայ Աշխարհին վիճակը նկարագրեցէք։

10 Եհովա կը ծանուցանէ, ինչպէս կը կարդանք Երեմեայ 25։10, 11–ին մէջ. «Անկէ ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն, աղօրիքի ձայն ու ճրագի լոյսը պիտի կորսնցնեմ։ Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ»։ Իրապէս ապշեցուցիչ պիտի ըլլայ երբ Քրիստոնեայ Աշխարհի հսկայական տաճարները եւ փարթամ պալատները ջախջախուին։ Այս կործանումը ի՞նչ տարողութիւն պիտի ունենայ։ Երեմիայի օրերուն, Յուդայի եւ դրացի ազգերուն կործանումը տեւեց 70 տարի, զոր Սաղմոս 90։10–ն կը նկարագրէ որպէս սովորական կեանքի երկարութիւն մը։ Իսկ Եհովայի դատաստանին ներկայ գործադրութիւնը ամբողջական, յաւիտենական պիտի ըլլայ։

Դատաստան՝ Մեծն Բաբելոնին Դէմ

11. Քրիստոնեայ Աշխարհը կործանելու միջոցը որո՞նք պիտի ըլլան։ Ինչո՞ւ։

11 Ինչպէս նախագուշակուած է Յայտնութիւն 17։12-17–ին մէջ, ժամանակը պիտի գայ, երբ Եհովա պիտի սկսի իր տարօրինակ գործը, «տասը եղջիւրներ»ուն՝ Միացեալ Ազգերու զինուած ուժերուն՝ սրտին մէջ դնելով որ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը կործանելու «իր կամքը կատարեն»։ Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։ Յայտնութիւն 17–րդ գլուխին «տասը եղջիւրները» շատ մը կերպերով կրնան ասիկա ընել, ինչպէս 16–րդ համարը կ’ըսէ, ‘ատելով պոռնիկը ու զանիկա կրակով այրելով’։ Ճիշդ է որ կորիզային զէնքերը բազմացած են ու տակաւին կը բազմանան երկրի շատ մը վտանգաւոր շրջաններու մէջ։ Բայց պէտք է սպասենք ու տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս քաղաքական կառավարիչներուն սրտին մէջ պիտի դնէ որ անոնք իր վրէժխնդրութիւնը գործադրեն։

12. (ա) Բաբելոնին ի՞նչ պատահեցաւ Երուսաղէմը կործանելէն ետք։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհը կործանուելէ ետք, ի՞նչ պիտի պատահի ազգերուն։

12 Անցեալին, Բաբելոնի կարգը եկաւ Եհովայի սաստիկ բարկութիւնը համտեսելու։ Հետեւաբար, Երեմեայ 25։12–էն սկսեալ մարգարէութիւնը հարցերը կը դիտէ աւելի ետք, փոխուած տեսանկիւնէ մը։ Այլեւս Եհովայի Դահիճը չըլլալով, Նաբուգոդոնոսորը եւ Բաբելոնը աշխարհային միւս ազգերուն շարքին կը դասուին։ Ասիկա կը նմանի ներկայ վիճակին։ Յայտնութիւն 17–րդ գլուխի «տասը եղջիւրները» պիտի կործանեն սուտ կրօնքը, բայց վերջը, երկրի բոլոր մնացեալ «թագաւորներ»ուն հետ, անոնք ալ պիտի կործանին, ինչպէս նկարագրուած է Յայտնութիւն 19–րդ գլուխին մէջ։ Երեմեայ 25։13, 14–ը կը նկարագրէ թէ Բաբելոնը ի՛նչպէս ինքն ալ կը դատուի, Եհովայի ժողովուրդը շահագործող միւս «շատ ազգեր»ուն հետ։ Եհովա Յուդան պատժելու համար Նաբուգոդոնոսորը գործածած էր որպէս դահիճ։ Բայց թէ՛ ինք եւ թէ Բաբելոնի յաջորդ թագաւորները սկսան յոխորտալ Եհովայի դէմ, ինչպէս ցոյց տրուած է, զոր օրինակ, Եհովայի տաճարին անօթներուն սրբապղծումով։ (Դանիէլ 5։22, 23) Իսկ երբ Բաբելոնացիները կործանեցին Երուսաղէմը, Յուդայի դրացի ազգերը՝ Մովաբը, Ամմոնը, Տիւրոսը, Եդովմը եւ ուրիշներ՝ ցնծացին ու ծաղրեցին Աստուծոյ ժողովուրդը։ Անոնք ալ իրենց արժանի վարձքը պիտի ստանան Եհովայէ։

Դատաստան՝ «Բոլոր Ազգերուն» Դէմ

13. Ի՞նչ ըսել կ’ուզուի «այս բարկութեան գինիի գաւաթը» արտայայտութեամբ, եւ ի՞նչ կը պատահի անոնց որոնք այդ գաւաթէն կը խմեն։

13 Հետեւաբար, Երեմիա կը ծանուցանէ, ինչպէս արձանագրուած է Երեմեայ 25։15, 16–ին մէջ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս ըսաւ. ‘Այս բարկութեան գինիի գաւաթը ձեռքէս ա՛ռ ու զանիկա խմցո՛ւր այն բոլոր ազգերուն, որոնց քեզ կը ղրկեմ։ Անոնք պիտի խմեն ու խռովին ու անոնց մէջ ղրկած սուրիս երեսէն պիտի յիմարանան’»։ Անիկա ինչո՞ւ ‘Եհովայի բարկութեան գինիի գաւաթ’ն է։ Մատթէոս 26։39, 42–ին եւ Յովհաննու 18։11–ին մէջ, Յիսուս խօսեցաւ «գաւաթ»ի մը մասին, որ իր նկատմամբ Աստուծոյ կամքը կը խորհրդանշէր։ Նմանապէս, գաւաթ մը գործածուած է ազգերուն աստուածային վրէժխնդրութիւնը խմցնելու Եհովայի կամքը խորհրդանշելու համար։ Երեմեայ 25։17-26–ը այդ ազգերուն ցանկը կու տայ, որոնք նախաշուքն էին ներկայ ազգերուն։

14. Երեմիայի մարգարէութեան համաձայն, Եհովայի բարկութեան գինիի գաւաթէն ո՞վ պիտի խմէ, եւ ասիկա ի՞նչ կը խորհրդանշէ մեր ժամանակին համար։

14 Յուդայի նման, Քրիստոնեայ Աշխարհը ‘բնաջինջ ըլլալէ եւ զարմանքի ու սուլելու ենթակայ ու յաւիտենապէս աւերակ ըլլալէ’ ետք, կործանում կը սպասէ նաեւ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան մնացեալ մասերուն։ Ապա համայն աշխարհը, որ խորհրդանշուած է Եգիպտոսով, Եհովայի բարկութեան գինիի գաւաթէն պիտի խմէ։ Այո, ‘իրարու մօտ կամ հեռու եղող հիւսիսի բոլոր թագաւորները ու երկրի երեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորները’ պիտի խմեն։ Վերջապէս, «անոնցմէ ետքը Սիսակի թագաւորը պիտի խմէ»։ Իսկ ո՞վ է այս «Սիսակի թագաւորը»։ Սիսակը Բաբելոնին տրուած այլաբանական, գաղտնի գրութիւն մը, կամ ծածկագիր մըն է։ Ինչպէս որ Սատանան Բաբելոնի աներեւոյթ թագաւորն էր, նոյնպէս ան ներկայ «աշխարհին իշխան»ն է, ինչպէս Յիսուս ցոյց տուաւ։ (Յովհաննու 14։30) Հետեւաբար, Երեմեայ 25։17-26–ը զուգորդուած է Յայտնութիւն 18-20–րդ գլուխներուն հետ, բացատրելով դէպքերուն յաջորդականութիւնը, մինչ Եհովայի բարկութեան գաւաթը ձեռքէ ձեռք կ’անցնի։ Նախ, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը պիտի կործանի, ապա՝ քաղաքական ուժերը եւ վերջապէս Սատանան անդունդը պիտի ձգուի։—Յայտնութիւն 18։8. 19։19-21. 20։1-3

15. Ի՞նչ պիտի պատահի, երբ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» աղաղակը լսուի։

15 Պաղ Պատերազմին կարծեցեալ աւարտէն ի վեր խաղաղութեան ու ապահովութեան մասին շատ կը խօսուի, մէկ գերուժ մնալով։ Ինչպէս նշուած է Յայտնութիւն 17։10–ին մէջ, այդ գերուժը՝ գազանին եօթներորդ գլուխը՝ «քիչ ատեն պիտի մնայ»։ Բայց այդ «քիչ ատեն»ը իր վախճանին կը մօտենայ։ Շուտով, «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» քաղաքական աղաղակները ‘անոնց վրայ յանկարծակի կորուստ’ պիտի բերեն։ Այսպէս կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3

16, 17. (ա) Եթէ ոեւէ մէկը փորձէ Եհովայի դատաստանէն խուսափիլ, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ (բ) Ի՞նչ կործանիչ կերպով շուտով Եհովայի կամքը պիտի կատարուի երկրի վրայ։

16 Սատանային աշխարհի ամբողջ դրութիւնը, Քրիստնեայ Աշխարհէն սկսեալ, պէտք է խմէ Եհովայի վրէժխնդրութեան գաւաթէն։ Ասոր կը վկայէ Երեմիայի տուած անոր յաջորդ պատուէրը որ Երեմեայ 25։27-29–ին մէջ արձանագրուած է. «Անոնց ըսի. ‘Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք ու փսխեցէ՛ք, ձեր մէջ ղրկելու սուրիս երեսէն ինկէ՛ք ու մի՛ ելլէք»’։ Եթէ գաւաթը քու ձեռքէդ առնել չուզեն խմելու համար, այն ատեն անոնց ըսէ՛՝ ‘Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Անշուշտ պիտի խմէք. քանզի ահա ես իմ անունովս կոչուած քաղաքին վրայ չարիք բերելու սկսայ. միթէ դուք անպատի՞ժ պիտի մնաք»’։ ‘Ո՛չ, անպատիժ պիտի չմնաք, քանզի երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ սուր պիտի բարձրացնեմ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։

17 Ասոնք արդարեւ խիստ, վախազդու խօսքեր են, քանի որ ամբողջ տիեզերքի Գերիշխան Տէրը, Եհովա Աստուած, խօսած է։ Հազարամեակներէ ի վեր, ան համբերած է իր սուրբ անուան վրայ կուտակուած հայհոյութիւններու, նախատինքներու եւ ատելութեան։ Բայց վերջապէս ժամանակը եկած է որ ան պատասխանէ իր սիրելի Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ աղօթքին, զոր իր աշակերտներուն սորվեցուց, երբ երկրի վրայ էր. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’»։ (Մատթէոս 6։9, 10) Եհովայի կամքն է որ Յիսուս վարուի որպէս վրէժխնդրութիւն գործադրող Իր սուրը։

18, 19. (ա) Ո՞վ Եհովայի անունով յաղթելու համար կ’արշաւէ, եւ ան ի՞նչ բանի կը սպասէ իր յաղթանակը ամբողջացնելէ առաջ։ (բ) Երբ հրեշտակները Եհովայի բարկութեան փոթորկալից հովերը ձգեն, ի՞նչ ահռելի դէպքեր տեղի պիտի ունենան երկրի վրայ։

18 Յայտնութիւն 6–րդ գլուխին մէջ, նախ կը կարդանք Յիսուսի մասին, որ ճերմակ ձիու մը վրայ հեծած է եւ ‘յաղթելու եւ իր յաղթանակը ամբողջացնելու’ կ’երթայ։ (Համար՝ 2) Ասիկա 1914–ին երկնքի մէջ իր գահակալութեամբ սկսաւ որպէս երկնային Թագաւոր։ Ուրիշ ձիեր եւ հեծեալներ կը հետեւին իրեն, նկարագրելով ամբողջական պատերազմ, սով եւ մահտարաժամ, որոնք հարուածած են երկիրը անկէ ի վեր։ Սակայն այս բոլոր տուայտանքները ե՞րբ պիտի վերջանան։ Յայտնութիւն 7–րդ գլուխը մեզի կը տեղեկացնէ որ չորս հրեշտակներ ‘երկրի չորս հովերը բռնած են’ մինչեւ որ հոգեւոր Իսրայէլը եւ բոլոր ազգերէն եկող մեծ բազմութիւն մը փրկութեան համար հաւաքուին։ (Համար՝ 1) Անկէ ետք ի՞նչ։

19 Երեմեայ 25։30, 31–ը կը շարունակէ. «‘Տէրը բարձրէն պիտի գոռայ ու իր սուրբ բնակութենէն իր ձայնը պիտի տայ. իր բնակարանին վրայ ահարկու ձայնով պիտի գոռայ, խաղող կոխողներու աղաղակին պէս երկրի բոլոր բնակիչներուն դէմ։ Անոր բարձր ձայնը մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի հասնի, վասնզի Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն [վէճ] ունի. անիկա ամէն մարմնի հետ դատ պիտի վարէ ու ամբարիշտները սուրի պիտի տայ’, կ’ըսէ Տէրը»։ Եհովայի բարկութեան գաւաթէն բոլոր ազգերը պիտի խմեն առանց բացառութեան։ Հետեւաբար, չորս հրեշտակները Եհովայի բարկութեան փոթորկալից հովերը ձգելէն առաջ, ստիպողական է որ բոլոր արդարամիտ անհատները հեռանան ազգերուն ամբարշտութիւններէն։ Արդարեւ, փոթորկալից պիտի ըլլայ, քանի որ Երեմիայի մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել 32 եւ 33–րդ համարներուն մէջ.

20. Ո՞ր նկարագրութիւնը կը շեշտէ Եհովայի դատաստանին սաստկութիւնը, բայց ինչո՞ւ այս արարքը անհրաժեշտ է։

20 «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի։ Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։ Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի, անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին, երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան’»։ Իրապէս անհաճոյ տեսարան մը, բայց Աստուծոյ խոստացեալ Դրախտը գալէ առաջ, այս արարքը անհրաժեշտ է երկիրը ամէն ամբարշտութենէ մաքրելու համար։

Ողբացող ու Աղաղակող Հովիւներ

21, 22. (ա) Երեմեայ 25։34-36–ին մէջ, որո՞նք էին Իսրայէլի «հովիւներ»ը, եւ ինչո՞ւ ստիպուեցան ողբալ։ (բ) Արդի ո՞ր հովիւները Եհովայի բարկութեան արժանի են, եւ ինչո՞ւ կատարելապէս արժանի են։

21 34-36–րդ համարները տակաւին կը խօսին Եհովայի դատաստանին մասին, ըսելով. «Ողբացէ՛ք, ո՛վ հովիւներ ու աղաղակեցէ՛ք եւ մոխիրի մէջ թաւալեցէ՛ք եւ ցիրուցան ըլլալու օրերը մօտեցած են ու պատուական ամանի պէս պիտի իյնաք։ Հովիւներուն փախչելու ճամբան եւ հօտին ընտիրներուն փրկութիւնը պիտի կորսուի։ Հովիւներուն աղաղակին ձայնը եւ հօտին ընտիրներուն ոռնալուն ձայնը լսեցէ՛ք, վասնզի Տէրը անոնց արօտները աւերեց»։

22 Որո՞նք են այս հովիւները։ Անոնք կրօնական առաջնորդները չեն, որոնք արդէն Եհովայի բարկութիւնը խմեցին։ Անոնք զինուորական հովիւներն են, որոնք Երեմեայ 6։3–ին մէջ ալ նկարագրուած են, որոնք իրենց բանակները կը ժողվեն Եհովայի մարտահրաւէր կարդալու համար։ Անոնք քաղաքական կառավարիչներ են, որոնք իրենց հօտերուն հաշւոյն պարարտացած են։ Անոնցմէ շատերը խաբեբայ, ապականութեան վարպետներ են։ Անոնք դանդաղ եղած են սովերը մեղմացնելու մէջ, որոնք ամբողջ ժողովուրդներ զանգուածային բնաջնջումի ենթարկած են աղքատ երկիրներու մէջ։ Անոնք «հօտին ընտիրներ»ը՝ զինամթերքի ազնուականները եւ միջավայրը ագահօրէն կործանողները՝ կը հարստացնեն, միւս կողմէն, անոնք կը մերժեն բժշկական օգնութիւն եւ սնունդ հայթայթել, որոնք շատ քիչ ծախսով կրնան տասնեակ միլիոնաւոր մահամերձ երախաներու կեանքերը փրկել։

23. Նկարագրեցէք թէ Եհովայի կործանիչ արարքներէն ետք, Սատանայի իշխանութեան ծիրը ի՞նչ վիճակ պիտի ունենայ։

23 Զարմանալի չէ որ Երեմեայ 25–րդ գլուխին 37 եւ 38–րդ համարները հետեւեալ կերպով կ’եզրափակեն, խօսելով անոնց մասին, որոնք անձնասիրաբար միայն իրենց անձին համար խաղաղութիւն փնտռեցին. «Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը երեսէն խաղաղութեան բնակարանները ամայութեան դարձան։ Առոյգ առիւծի պէս իր բնակարանը թողուց, քանզի բռնաւորին բարկութեանը երեսէն ու անոր սաստիկ սրտմտութեանը երեսէն անոնց երկիրը ամայացաւ»։ Արդարեւ ապշեցուցիչ է։ Սակայն, Եհովայի սաստիկ բարկութիւնը վստահաբար պիտի յայտնաբերուի անոր միջոցով, որ Յայտնութիւն 19։15, 16–ին մէջ նկարագրուած է որպէս «Թագաւոր թագաւորաց եւ Տէր տէրանց», որ երկաթէ գաւազանով ազգերը կը հովուէ։ Իսկ անոր ի՞նչ պիտի յաջորդէ։

24. Սուտ կրօնքին ու Սատանայի աշխարհին մնացեալ մասերուն կործանումը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ արդար մարդկութեան։

24 Ոլորամրրիկի մը կամ ուրականի մը մէջ գտնուա՞ծ էք։ Ահաւոր փորձառութիւն մըն է։ Յաջորդ առաւօտ, թէեւ ձեր բոլոր շուրջը աւերակներ կը տեսնէք, սակայն սովորաբար օդը այդքա՛ն պայծառ եւ հանդարտութիւնը այդքա՛ն հաճելի կ’ըլլան որ կրնաք Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնել այդ անսովոր հաճելի օրուան համար։ Նմանապէս, երբ մեծ նեղութեան փոթորիկը հանդարտի, դուք ալ երկրին պիտի նայիք, երախտապարտ ըլլալով որ ողջ էք եւ երկիրը մաքրելու ու զայն փառաւոր դրախտի մը վերածելու Եհովային գործին մասնակցելու պատրաստ։ Ազգերուն հետ Եհովայի վէճը իր փառաւոր վախճանին հասած պիտի ըլլայ, իր անունը սրբացնելով եւ ճամբան հարթելով, որպէսզի իր կամքը կատարուի երկրի վրայ, Մեսիական Թագաւորութեան Հազարամեայ Իշխանութեան ներքեւ։ Այդ Թագաւորութիւնը թող շուտով գայ։

Վերաքաղ ընել այս յօդուածին 5-24 պարբերութիւնները

◻ Քրիստոնեայ Աշխարհի ո՞ր կեղծաւոր կերպերը այժմ կը դատուին։

◻ Երեմեայ 25։12-38–ին մէջ, դատաստանին նկատմամբ ի՞նչ ընդարձակ ակնարկ մը կը ներկայացուի։

◻ Վրէժխնդրութեան ի՞նչ գաւաթ բոլոր ազգերուն կը հրամցուի։

◻ Ողբացող ու աղաղակող հովիւները որո՞նք են, եւ անոնք ինչո՞ւ խռոված են։

[Նկար՝ էջ 18]

Եհովա ընտրած է Քրիստոնեայ Աշխարհը կործանելու միջոցը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել