-
Դատաստանի աթոռին առջեւ ի՞նչ վճիռ պիտի ստանանքԴիտարան 1996 | Յունուար 1
-
-
Դատաստանի աթոռին առջեւ ի՞նչ վճիռ պիտի ստանանք
«Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 25։31
1-3. Արդարութեան նկատմամբ լաւատես ըլլալու ի՞նչ պատճառ ունինք։
‘ՅԱՆՑԱՒՈ՞Ր ԹԷ ԱՆՄԵՂ’՝ հարց կու տան շատեր, երբ որոշ դատերու մասին տեղեկագրութիւններ կը լսեն։ Դատաւորներ եւ երդուեալներ թերեւս ջանան պարկեշտ ըլլալ, այսուհանդերձ արդարութիւնը սովորաբար կը գերակշռէ՞։ Դատական գործընթացներու մէջ անարդարութեան եւ անիրաւութեան մասին չէ՞ք լսած։ Այսպիսի անարդարութիւն նոր չէ, ինչպէս կը տեսնենք Ղուկաս 18։1–8–ին մէջ յիշուած Յիսուսի առակէն։
2 Մարդկային արդարութեան հետ ի՛նչ ալ եղած ըլլայ ձեր փորձառութիւնը, Յիսուսի եզրակացութիւնը նկատի առէք. «Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն ...։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։
3 Այո, Եհովա հոգ պիտի տանի որ իր ծառաներուն վերջապէս իրաւունք ըլլայ։ Ասոր մէջ, Յիսուսն ալ պարփակուած է, մանաւանդ հիմա, քանի որ ներկայ ամբարիշտ դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ Եհովա շուտով իր հզօր Որդին պիտի գործածէ երկրէն չարութիւնը սրբելու համար։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8. Յայտնութիւն 19։11–16) Կրնանք Յիսուսի դերը ըմբռնել իր տուած վերջին առակներէն մէկը քննելով, որ յաճախ կոչուած է ոչխարներու եւ այծերու առակը։
4. Ոչխարներու եւ այծերու առակին կատարման ժամանակը ինչպէ՞ս հասկցած ենք, բայց հիմա ինչո՞ւ այս առակին ուշադրութիւն պիտի ընծայենք։ (Առակաց 4։18)
4 Վաղուց ի վեր այդ միտքը կար որ այս առակը կը նկարագրէր Յիսուսը, որ իր գահին վրայ կը նստի որպէս Թագաւոր 1914–ին եւ անկէ ի վեր, դատավճիռ կ’արձակէ. ոչխարանման անհատներուն՝ յաւիտենական կեանք, իսկ այծանըմաններուն՝ վերջնական մահ։ Բայց այս առակին վերաքննութիւնը անոր կատարման ժամանակին ու պատկերացուցած նիւթին շուրջ վերաճշդուած հասկացողութեան մը կը մատնանշէ։ Այս նրբութիւնը մեր քարոզչութեան եւ մարդոց ընդառաջումին նշանակութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ Առակին այս աւելի խոր հասկացողութեան հիմը ըմբռնելու համար, նկատի առնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ ցոյց կու տայ Եհովայի եւ Յիսուսի մասին, որոնք թէ՛ Թագաւորներ եւ թէ Դատաւորներ են։
Եհովա՝ Գերագոյն Դատաւորը
5, 6. Ինչո՞ւ յարմար է Եհովան թէ՛ Թագաւոր մը եւ թէ Դատաւոր մը նկատել։
5 Ամէն բանի վրայ լիազօրութիւն ունենալով, Եհովա տիեզերքին կը տիրէ։ Սկիզբ ու վախճան չունենալով, ան «յաւիտենական Թագաւոր» է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17, ՆԱ. Սաղմոս 90։2, 4. Յայտնութիւն 15։3) Ան կանոններ, կամ՝ օրէնքներ դնելու եւ զանոնք գործադրելու հեղինակութիւն ունի։ Բայց իր հեղինակութիւնը կը բովանդակէ նաեւ Դատաւոր մը ըլլալ։ Եսայեայ 33։22–ը կ’ըսէ. «Մեր Դատաւորը Տէրն է, մեր Օրէնսդիրը Տէրն է, մեր Թագաւորը Տէրն է, անիկա մեզ պիտի ազատէ»։
6 Աստուծոյ ծառաները վաղուց գիտակցած են որ Եհովա դատերու եւ դատավճիռներու Դատաւորն է։ Օրինակի համար, Սոդոմի եւ Գոմորի չարութեան մասին ապացոյցները կշռադատելէ ետք, «բոլոր երկրի Դատաւորը» դատեց որ անոնց բնակիչները կործանումի արժանի էին եւ այդ արդար դատավճիռը գործադրեց։ (Ծննդոց 18։20–33. Յոբայ 34։10–12) Որքա՜ն ապահով պէտք է զգանք գիտնալով որ Եհովա արդար Դատաւոր մըն է, որ ան իր դատաստանները միշտ կը գործադրէ։
7. Իսրայէլին հետ իր գործառնութիւններուն մէջ, Եհովա ինչպէ՞ս Դատաւորի մը նման գործեց։
7 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Եհովա երբեմն ուղղակիօրէն դատավճիռ կ’արձակէր։ Եթէ այն ատեն ապրած ըլլայինք, մխիթարուած պիտի չըլլայի՞նք գիտնալով որ կատարեալ Դատաւոր մը հարցերը կ’որոշէր։ (Ղեւտացւոց 24։10–16. Թուոց 15։32–36. 27։1–11) Աստուած նաեւ «կանոններ» ու «դատաստաններ» դրաւ, կամ՝ «դատավճիռներ (ՆԱ)» արձակեց, որոնք բոլորովին լաւ չափանիշներ էին դատելու համար։ (Ղեւտացւոց 25։18, 19. Նէեմեայ 9։13. Սաղմոս 19։9, 10. 119։7, 75, 164. 147։19, 20) Ան «բոլոր երկրի Դատաւոր»ն է. ուստի ասիկա բոլորիս ալ կ’ազդէ։—Եբրայեցիս 12։23
8. Դանիէլ ի՞նչ յարմար տեսիլք ստացաւ։
8 Մենք այս հարցին մասին «ականատես»ի մը վկայութիւնը ունինք։ Դանիէլ մարգարէին կատաղի գազաններու տեսիլք մը տրուեցաւ, որոնք կառավարութիւններ կամ կայսրութիւններ կը ներկայացնէին։ (Դանիէլ 7։1–8, 17) Ան աւելցուց. «Աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ Անոր զգեստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ ... էր»։ (Դանիէլ 7։9) Նկատի առէք որ Դանիէլ աթոռներ տեսաւ եւ «Հինաւուրցը [Եհովա] նստաւ»։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Դանիէլ հոս Աստուծոյ թագաւոր ըլլա՞լը կը տեսնէր’։
9. ‘Աթոռի մը վրայ նստիլ’ արտայայտութեան իմաստներէն մէկը ի՞նչ է։ Օրինակներ տուէք։
9 Երբ կը կարդանք որ մէկը աթոռի վրայ ‘կը նստի’, կրնանք խորհիլ որ ան թագաւոր կ’ըլլայ, քանի որ Աստուածաշունչը երբեմն այսպիսի ոճ կը գործածէ։ Օրինակի համար, «Երբ [Զամբրի] թագաւոր եղաւ ու իր աթոռը նստաւ, իսկոյն ...»։ (Գ. Թագաւորաց 16։11. Դ. Թագաւորաց 10։30. 15։12. Երեմեայ 33։17) Մեսիական մարգարէութիւն մը կ’ըսէր. «Անիկա ... իր աթոռին վրայ նստելով՝ պիտի կառավարէ»։ Ուստի, ‘աթոռի մը վրայ նստիլ’ արտայայտութիւնը՝ թագաւոր ըլլալ կրնայ նշանակել։ (Զաքարեայ 6։12, 13) Եհովան նկարագրուած է որպէս թագաւոր մը որ աթոռի վրայ կը նստի։ (Գ. Թագաւորաց 22։19. Եսայեայ 6։1. Յայտնութիւն 4։1–3) Ան «ազգերու Թագաւոր»ն է։ Սակայն, քանի որ ան գերիշխանութեան նոր երեսակ մը կը հաստատէր, կրնար ըսուիլ որ ան Թագաւոր եղաւ, որպէս թէ ան իր աթոռը նոր նստեցաւ։—Ա. Մնացորդաց 16։1, 31. Եսայեայ 52։7. Յայտնութիւն 11։15–17. 15։3. 19։1, 2, 6
10. Իսրայելացի թագաւորներու գլխաւոր մէկ պաշտօնը ի՞նչ էր։ Օրինակներ տուէք։
10 Ահաւասիկ բանալի կէտ մը. Վաղեմի թագաւորներու գլխաւոր մէկ պաշտօնն էր դատ ունկնդրել եւ դատավճիռներ արձակել։ (Առակաց 29։14) Յիշենք Սողոմոնի իմաստուն դատաստանը, երբ երկու կիներ կը դաւանէին նոյն մանկիկին մայրը ըլլալ։ (Գ. Թագաւորաց 3։16–28. Բ. Մնացորդաց 9։8) Իր կառավարական կառոյցներէն մէկն էր «Գահին Սրահը ... ուր [ան] դատաստան կ’ընէր», որ նաեւ կոչուած էր «Ատեանի Սրահ»։ (Գ. Թագաւորաց 7։7) Երուսաղէմը նկարագրուած էր որպէս վայր մը ուր «դրուած [էին] դատաստանի աթոռները»։ (Սաղմոս 122։5) Որոշ է, ուրեմն, որ ‘աթոռի վրայ նստիլ’ կրնայ նաեւ նշանակել՝ դատական հեղինակութիւն բանեցնել։—Ելից 18։13. Առակաց 20։8
11, 12. (ա) Դանիէլ 7–րդ գլուխին մէջ յիշուած Եհովայի նստելու նշանակութիւնը ի՞նչ էր։ (բ) Ուրիշ համարներ ինչպէ՞ս կը հաստատեն թէ Եհովա դատելու համար կը նստի։
11 Արդ, վերադառնանք այն տեսարանին, ուր Դանիէլ տեսաւ որ ‘Հինաւուրցը կը նստի’։ Դանիէլ 7։10–ն կ’աւելցնէ. «Ատեանը բազմեցաւ դատելու ու գրքերը բացուեցան»։ Այո, Հինաւուրցը կը նստէր աշխարհի տիրապետութեան մասին դատավճիռ արձակելու եւ Որդի մարդոն իշխելու արժանի դատելու համար։ (Դանիէլ 7։13, 14) Ապա կը կարդանք որ «Յաւիտեան կենդանին [Հինաւուրցը] եկաւ եւ Բարձրեալին սուրբերուն (այսինքն, Որդի մարդոն հետ իշխելու արժանի եղողներուն) իրաւունք տրուեցաւ»։ (Դանիէլ 7։22) Վերջապէս ‘Ատեանը բազմեցաւ’ եւ վերջին աշխարհակալ ոյժին դէմ վճիռ արձակուեցաւ։—Դանիէլ 7։26a
12 Հետեւաբար, երբ Դանիէլ տեսաւ որ Աստուած ‘աթոռին վրայ նստաւ’, ասիկա կը նշանակէ որ ան դատավճիռ արձակելու համար եկաւ։ Դաւիթ նախապէս երգեց. «Դատաստանս ու իրաւունքս դուն [Եհովա] տեսար։ Աթոռին վրայ նստար իբրեւ արդարութեան դատաւոր»։ (Սաղմոս 9։4, 7) Իսկ Յովէլ գրեց. «Ազգերը թող աճապարեն ու Յովսափատի հովիտը գան, քանզի բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար հոն [ես] պիտի նստիմ»։ (Յովելեայ 3։12. բաղդատել Եսայեայ 16։5։) Յիսուս եւ Պօղոս ալ ատեաններու հետ գործ ունեցան, ուր անհատ մը նստաւ դատը լսելու եւ վճիռ արձակելու համար։b—Յովհաննու 19։12–16. Գործք 23։3. 25։6
Յիսուսի Դիրքը
13, 14. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ երաշխաւորութիւն ունէր թէ Յիսուս Թագաւոր պիտի ըլլար։ (բ) Յիսուս ե՞րբ իր աթոռին վրայ նստաւ, եւ ան ի՞նչ առումով կ’իշխէր Հ.Դ. 33–էն ի վեր։
13 Եհովա թէ՛ Թագաւոր եւ թէ Դատաւոր է։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուսի մասին։ Իր ծնունդը աւետող հրեշտակը ըսաւ. «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ...։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ (Ղուկաս 1։32, 33) Յիսուս Դաւիթենական թագաւորութեան մնայուն ժառանգորդը պիտի ըլլար։ (Բ. Թագաւորաց 7։12–16) Ան երկնքէն պիտի իշխէր, քանի որ Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը [Եհովա] իմ Տէրոջս [Յիսուսին] ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Տէրը [Եհովա] քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ ‘Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ’»։—Սաղմոս 110։1–4
14 Ատիկա ե՞րբ պիտի ըլլար։ Յիսուս մարդ եղած ատեն որպէս Թագաւոր չիշխեց։ (Յովհաննու 18։33–37) Հ.Դ. 33–ին, ան մեռաւ, յարուցանուեցաւ եւ երկինք համբարձաւ։ Եբրայեցիս 10։12–ը կ’ըսէ. «Ասիկա մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ»։ Յիսուս ի՞նչ հեղինակութիւն ստացաւ։ «[Աստուած] նստեցուց [զայն] իր աջ կողմը երկնքի մէջ, ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ ... եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին [ժողովքին (ՆԱ)] գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ»։ (Եփեսացիս 1։20, 21) Քանի որ Յիսուս այն ատեն Քրիստոնեաներուն վրայ թագաւորական հեղինակութիւն կը բանեցնէր, Պօղոս կրնար գրել. «[Եհովա] մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց»։—Կողոսացիս 1։13. 3։1
15, 16. (ա) Ինչո՞ւ կ’ըսենք որ Յիսուս Հ.Դ. 33–ին Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը չեղաւ։ (բ) Յիսուս ե՞րբ սկսաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխել։
15 Սակայն այն ատեն, Յիսուս ազգերուն վրայ որպէս Թագաւոր ու Դատաւոր չգործեց։ Ան Աստուծոյ կողքին նստած էր, սպասելով այն ժամանկին, երբ պիտի գործէր որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Պօղոս իր մասին գրեց. «Հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. ‘Իմ աջ կողմս նստէ՛, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ’»։—Եբրայեցիս 1։13
16 Եհովայի Վկաները շատ ապացոյցներ հրատարակած են թէ Յիսուսի սպասելու շրջանը վերջ գտաւ 1914–ին, երբ ան անտեսանելի երկնքին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանը եղաւ։ Յայտնութիւն 11։15, 18–ն կ’ըսէ. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ «Ազգերը բարկացան, վասնզի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ»։ Այո, Առաջին Աշխարհամարտին ընթացքին, ազգերը իրենց բարկութիւնը իրարու վրայ թափեցին։ (Ղուկաս 21։24) 1914–էն ի վեր մեր տեսած պատերազմները, երկրաշարժները, մահտարաժամները, ուտելիքի պակասը եւ նման բաներ կը հաստատեն որ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ կ’իշխէ հիմա որ աշխարհին վերջնական վախճանը մօտ է։—Մատթէոս 24։3–14
17. Մինչեւ հիմա ի՞նչ գլխաւոր կէտեր հաստատեցինք։
17 Հակիրճ վերաքաղ մը ընենք. Կարելի է ըսել որ Աստուած աթոռ վրայ կը նստի որպէս Թագաւոր, բայց ուրիշ առումով, ան կրնայ դատելու համար իր աթոռին վրայ նստիլ։ Հ.Դ. 33–ին, Յիսուս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ եւ ան հիմա Թագաւորութեան Թագաւորն է։ Բայց Յիսուս, որ հիմա կ’իշխէ, նաեւ կը ծառայէ՞ որպէս Դատաւոր։ Իսկ ասիկա ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ, մանաւանդ այս ժամանակին։
18. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Յիսուս նաեւ Դատաւոր պիտի ըլլար։
18 Եհովա դատաւորներ նշանակելու իրաւունքը ունենալով, Եհովա Յիսուսը ընտրեց որպէս Իր չափանիշները լեցնող Դատաւոր մը։ Յիսուս ասիկա ցոյց տուաւ, երբ հոգեւոր գետնի վրայ կենդանի եղող անհատներու մասին կը խօսէր. «Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ»։ (Յովհաննու 5։22) Սակայն, Յիսուսի դատական դերը սովորաբար դատելէն աւելին կը ներկայացնէ, քանի որ ան կենդանիներուն ու մեռելներուն դատաւորն է։ (Գործք 10։42. Բ. Տիմոթէոս 4։1) Պօղոս առիթով մը ըսաւ. «[Աստուած] օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն [Յիսուսի] ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։—Գործք 17։31. Սաղմոս 72։2–7
19. Ինչո՞ւ շիտակ է Յիսուսի մասին ըսել թէ ան կը նստի որպէս Դատաւոր։
19 Արդեօք հիմ մը ունի՞նք եզրակացնելու որ Յիսուս փառաց աթոռին վրայ նստած է Դատաւորի մասնայատուկ դերով։ Այո՛։ Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ. «Միւս անգամ գալուստին [վերստեղծագործութեան (ՆԱ)]՝ երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ (Մատթէոս 19։28) Թէեւ Յիսուս հիմա Թագաւորութեան Թագաւորն է, սակայն Մատթէոս 19։28–ին մէջ յիշուած իր հետագայ գործունէութիւնը պիտի ներփակէ Հազարամեայի շրջանին աթոռի վրայ նստիլ՝ դատելու համար։ Այդ ժամանակ, ան ամբողջ մարդկութիւնը՝ արդարները եւ մեղաւորները՝ պիտի դատէ։ (Գործք 24։15) Լաւ է ասիկա ի մտի ունենալ, մինչ մեր ուշադրութիւնը Յիսուսի առակներէն մէկուն կը դարձնենք, որ մեր ժամանակին եւ մեր կեանքին հետ յարակցութիւն ունի։
Առակը Ի՞նչ կ’Ըսէ
20, 21. Յիսուսի առաքեալները ի՞նչ հարցուցին, որ մեր ժամանակին հետ յարակցութիւն ունի, եւ ասիկա ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։
20 Յիսուսի մահուընէ քիչ առաջ, իր առաքեալները իրեն հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [ներկայութեանդ (ՆԱ)] ու աշխարհիս [իրերու դրութեան (ՆԱ)] վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Յիսուս գուշակեց որ երկրի վրայ կարեւոր դէպքեր պիտի ըլլային ‘վերջը գալէ առաջ’։ Անկէ քիչ մը առաջ, ազգերը «պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։—Մատթէոս 24։14, 29, 30
21 Սակայն, այս ազգերուն պատկանող անհատներուն վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ Որդին մարդոյ իր փառքով գայ։ Ասոր պատասխանը փնտռենք ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ, որ սա խօսքերով կը սկսի. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը»։—Մատթէոս 25։31, 32
22, 23. Ո՞ր կէտերը ցոյց կու տան որ ոչխարներու եւ այծերու առակը չսկսաւ 1914–ին կատարուիլ։
22 Այս առակը կը կիրարկուի՞ այն ժամանակին, երբ Յիսուս իր թագաւորական զօրութիւնով նստաւ 1914–ին, ինչպէս վաղուց հասկցած ենք։ Մատթէոս 25։34–ը Յիսուսի մասին կը խօսի որպէս Թագաւոր. ուստի այս առակը տրամաբանօրէն կիրարկում կը գտնէ 1914–ին Յիսուս Թագաւոր ըլլալէ ի վեր։ Բայց ան անկէ անմիջապէս ետք ի՞նչ դատ տեսաւ։ Անիկա «բոլոր ազգեր»ուն դէմ դատ մը չէր։ Այլ, Յիսուս իր ուշադրութիւնը դարձուց անոնց որոնք կը դաւանէին «Աստուծոյ տուն»ը կազմել։ (Ա. Պետրոս 4։17) Մաղաքեայ 3։1–3–ին համաձայն, Յիսուս, որպէս Եհովայի դեսպանը, երկրի վրայ մնացած օծեալ Քրիստոնեանները դատաքննութեան ենթարկեց։ Ժամանակը եկած էր Քրիստոնեայ Աշխարհին դէմ ալ վճիռ արձակելու, որ կեղծօրէն կը դաւանէր «Աստուծոյ տուն»ը ըլլալ։c (Յայտնութիւն 17։1, 2. 18։4–8) Սակայն ոչ մէկ նշում կայ թէ այդ ժամանակ, կամ՝ անկէ ի վեր, Յիսուս բոլոր ազգերու մարդիկը վերջնականապէս որպէս ոչխարներ կամ այծեր դատելու նստաւ։
23 Եթէ առակին մէջ Յիսուսի գործունէութիւնը վերլուծենք, կը նկատենք որ ան վերջապէս բոլոր ազգերը կը դատէ։ Առակը ցոյց չի տար որ այդ դատավարութիւնը երկար տարիներու շրջան մը պիտի տեւէր, որպէս թէ անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին մահացած բոլոր անհատները յաւիտենական մահուան կամ յաւիտենական կեանքի արժանի դատուած էին։ Այնպէս կը թուի որ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին մահացած մարդոց մեծամասնութիւնը մարդոց հասարակաց գերեզմանը գացած են։ (Յայտնութիւն 6։8. 20։13) Սակայն, առակը կը նկարագրէ այն ժամանակը, երբ Յիսուս «բոլոր ազգեր»ու մարդիկը կը դատէ, մինչ անոնք ողջ են եւ իր դատավճռին գործադրումը կը դիմագրաւեն։
24. Ոչխարներու եւ այծերու առակը ե՞րբ պիտի կատարուի։
24 Ուրիշ խօսքով, առակը ապագային կը մատնանշէ, երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը պիտի գայ։ Ան այդ ատեն ողջ եղող մարդիկը դատելու համար պիտի նստի։ Իր դատաստանը պիտի հիմնուի անոնց ի՛նչպիսի անձնաւորութիւն ցուցաբերած ըլլալնուն վրայ։ Այդ ժամանակ, «արդարին եւ ամբարշտին» միջեւ տարբերութիւնը բացայայտօրէն հաստատուած պիտի ըլլայ։ (Մաղաքեայ 3։18) Դատավճռին արձակումը եւ գործադրումը իրապէս սահմանափակեալ ժամանակի մը մէջ պիտի կատարուին։ Յիսուս արդար դատավճիռներ պիտի արձակէ հիմնուելով անհատներուն ինքնութիւնը հաստատող բաներու վրայ։—Տես նաեւ՝ Բ. Կորնթացիս 5։10։
25. Մատթէոս 25։31–ը ի՞նչ կը նկարագրէ, երբ կ’ըսէ որ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը կը նստի։
25 Ասիկա կը նշանակէ, ուրեմն, որ Մատթէոս 25։31–ին մէջ յիշուած դատաստանի համար Յիսուսի ‘փառաց աթոռը նստիլը’ ապագային կը կիրարկուի, երբ այս հզօր Թագաւորը ազգերուն դէմ վճիռ արձակելու եւ գործադրելու համար նստի։ Այո, Մատթէոս 25։31–33, 46–ին մէջ Յիսուսը ներփակող դատավարութեան երեւոյթը նման է Դանիէլ 7–րդ գլուխի երեւոյթին, ուր իշխող Թագաւորը՝ Հինաւուրցը՝ նստաւ Դատաւորի իր դերը կատարելու համար։
26. Առակին մասին ի՞նչ նոր բացատրութիւն բացայայտ կ’ըլլայ։
26 Ոչխարներու եւ այծերու առակը այս կերպով հասկնալը ցոյց կու տայ որ ոչխարներու եւ այծերու առնչութեամբ դատավճռի արձակումը տակաւին ապագային պիտի ըլլայ։ Անիկա տեղի պիտի ունենայ Մատթէոս 24։29, 30–ին մէջ նշուած «մեծ նեղութիւնը» պայթելէն եւ ‘Որդին մարդոյ իր փառքով գալ’էն ետք։ (Բաղդատել Մարկոս 13։24–26։) Ապա, ամբողջ ամբարիշտ դրութիւնը, իր վախճանին հասած ըլլալով, Յիսուս ատեան պիտի բանայ եւ իր դատավճիռը պիտի արձակէ ու գործադրէ։—Յովհաննու 5։30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7–10
27. Յիսուսի վերջին առակին մասին ի՞նչ գիտնալով պէտք է հետաքրքրուինք։
27 Ասիկա Յիսուսի տուած առակին ժամանակին մասին մեր հասկացողութիւնը կը յստակացնէ, ցոյց տալով որ ոչխարները եւ այծերը ե՛րբ կը դատուին։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի՝ նախանձախնդրութեամբ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզողներուս։ (Մատթէոս 24։14) Ասիկա մեր գործունէութիւնը նուա՞զ կարեւոր կը դարձնէ, թէ ոչ աւելի մեծ պատասխանատըւութիւն մը կը դնէ մեր վրայ։ Յաջորդ յօդուածով տեսնենք թէ մենք ի՛նչպէս կ’ազդուինք։
-
-
Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած էԴիտարան 1996 | Յունուար 1
-
-
Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած է
«Զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 25։32
1, 2. Ոչխարներու եւ այծերու առակը ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ։
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ վստահաբար երկրի վրայ մեծագոյն Ուսուցիչը եղաւ։ (Յովհաննու 7։46) Անոր ուսուցումի կերպերէն մէկն էր առակներ կամ օրինակներ գործածել։ (Մատթէոս 13։34, 35) Անոնք պարզ, բայց ազդու էին, հոգեւոր եւ մարգարէական խոր ճշմարտութիւններ հաղորդելու համար։
2 Ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ, Յիսուս ժամանակի մը մատնանշեց, երբ ինք մասնայատուկ հանգամանքով պիտի գործէր. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ ...»։ (Մատթէոս 25։31) Այս առակը պէտք է հետաքրքրէ մեզ, քանի որ Յիսուս անով եզրափակեց իրեն ուղղուած հարցումին պատասխանը. «Ե՞րբ պիտի ըլլան ... քու գալուստիդ [ներկայութեանդ (ՆԱ)] ու աշխարհիս [իրերու դրութեան (ՆԱ)] վերջին նշանը»։ (Մատթէոս 24։3) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։
3. Իր բանախօսութեան սկիզբը, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, որ տեղի պիտի ունենար մեծ նեղութեան սկիզբէն անմիջապէս յետոյ։
3 Յիսուս նախագուշակեց որ մեծ նեղութիւնը պայթելէն անմիջապէս «յետոյ», տպաւորիչ դէպքեր տեղի պիտի ունենային, դէպքեր որոնց կը սպասենք։ Ան ըսաւ որ «այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը» պիտի երեւնար։ Ասիկա մեծապէս պիտի ազդէ «երկրի բոլոր ազգեր»ուն որոնք «պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։ Որդին մարդոյ պիտի ընկերակցին «Իր հրեշտակները»։ (Մատթէոս 24։21, 29–31)a Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ոչխարներու եւ այծերու առակին մասին։ Արդի Աստուածաշունչեր զայն կը դնեն 25–րդ գլուխին մէջ, բայց անիկա Յիսուսի պատասխանին մաս կը կազմէ, յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալով իր փառքով գալուն մասին եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ «բոլոր ազգեր»ու դատաստանին վրայ։—Մատթէոս 25։32
Առակին Դերակատարները
4. Ոչխարներու եւ այծերու առակին սկիզբը Յիսուսի մասին ի՞նչ ըսուած է, եւ որո՞նք ալ պատկերին մէջ տեղ կը գրաւեն։
4 Յիսուս առակը կը սկսի ըսելով. «Երբ Որդին մարդոյ ... գայ»։ Հաւանաբար գիտէք թէ ո՛վ է «Որդին մարդոյ»։ Աւետարանիչները այդ արտայայտութիւնը յաճախ Յիսուսի վերագրեցին։ Յիսուս անձամբ այսպէս ըրաւ, անկասկած Դանիէլի տեսիլքը ի մտի ունենալով, որու մէջ «Որդի մարդոյ նման մէկը» «Հինաւուրցին» կը մօտենայ «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն» ստանալու համար։ (Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 26։63, 64. Մարկոս 14։61, 62) Թէեւ Յիսուս է այս առակին գլխաւոր դերակատարը, սակայն ան մինակ չէ։ Ինչպէս Մատթէոս 24։30, 31–ին մէջ յիշուած է, իր բանախօսութեան սկիզբը, ան ըսաւ որ երբ Որդին մարդոյ «զօրութիւնով ու մեծ փառքով» գայ, իր հրեշտակները կենսական դեր մը պիտի խաղան։ Նոյնպէս, ոչխարներու եւ այծերու առակը ցոյց կու տայ որ հրեշտակները Յիսուսին հետ պիտի ըլլան, երբ ան «իր փառաց աթոռը ... նստի» դատելու համար։ (Բաղդատել Մատթէոս 16։27։) Բայց Դատաւորը եւ իր հրեշտակները երկինքն են. ուստի առակին մէջ մարդոց մասին ալ կը խօսուի՞։
5. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի «եղբայրներ»ը բնորոշել։
5 Երբ առակին վրայ աչք մը նետենք, երեք խումբեր կը նշմարենք, զորս պէտք է բնորոշենք։ Ոչխարներէն եւ այծերէն զատ, Որդին մարդոյ երրորդ խումբ մըն ալ կ’աւելցնէ, որու ինքնութիւնը շատ կարեւոր է ոչխարները եւ այծերը բնորոշելու համար։ Յիսուս այս երրորդ խումբը կը կոչէ իր հոգեւոր եղբայրները։ (Մատթէոս 25։40, 45) Անոնք ճշմարիտ երկրպագուներ պէտք է ըլլան, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ ... Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։ (Մատթէոս 12։50. Յովհաննու 20։17) Աւելի շեշտակիօրէն, Պօղոս Քրիստոնեաներու մասին գրեց, որոնք «Աբրահամի սերունդ»ին մաս կը կազմեն եւ որոնք Աստուծոյ որդիներ են։ Ան զանոնք Յիսուսի «եղբայր»ներ եւ «երկնային կոչումին մասնակիցներ» կոչեց։—Եբրայեցիս 2։9–3։1. Գաղատացիս 3։26, 29
6. Յիսուսի եղբայրներէն «ամենէն պզտիկներ»ը որո՞նք են։
6 Յիսուս ինչո՞ւ իր եղբայրներէն «ամենէն պզտիկներ»ը յիշեց։ Այս խօսքերը կ’արձագանգէին ինչ որ ան նախապէս ըսած էր, իր առաքեալներուն լսելի կերպով։ Երբ Յիսուս իրմէ առաջ մեռած եւ հետեւաբար երկրային յոյս ունեցող Յովհաննէս Մկրտիչը կը բաղդատէր երկնային կեանք ստացողներուն հետ, ան ըսաւ. «Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է»։ (Մատթէոս 11։11) Երկնային յոյս ունեցող Քրիստոնեաներէն ոմանք, ինչպէս առաքեալները, կրնային աւելի կարկառուն ըլլալ ժողովքին մէջ, իսկ ուրիշներ՝ նուազ, սակայն բոլորն ալ Յիսուսի հոգեւոր եղբայրներն էին։ (Ղուկաս 16։10. Ա. Կորնթացիս 15։9. Եփեսացիս 3։8. Եբրայեցիս 8։11) Ուստի, նոյնիսկ երբ ոմանք աննշան կը թուէին երկրի վրայ, անոնք իր եղբայրներն էին եւ, ըստ այնմ, այդպիսի վերաբերմունք պէտք էր ստանային։
Որո՞նք Են Ոչխարները եւ Որո՞նք Են Այծերը
7, 8. Յիսուս ոչխարներուն մասին ի՞նչ ըսաւ, ուստի անոնց մասին ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։
7 Ոչխարներուն դատավճիռին մասին կը կարդանք. «[Յիսուս] իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք։ Վասնզի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք’։ Այն ատեն արդարները անոր պատասխան պիտի տան ու ըսեն, ‘Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթեցած տեսանք ու կերակրեցինք, կամ ծարաւած՝ ու խմցուցինք։ Ե՞րբ քեզ օտարական տեսանք եւ ներս առինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք։ Ե՞րբ քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք ու քեզի եկանք’։ Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք’»։—Մատթէոս 25։34–40
8 Բացայայտօրէն, Յիսուսի աջ կողմը ըլլալու՝ պատիւի ու հաճութեան դիրք ունենալու՝ արժանի դատուած ոչխարները, մարդոց դասակարգ մը կը ներկայացնեն։ (Եփեսացիս 1։20. Եբրայեցիս 1։3) Անոնք ի՞նչ ըրած են եւ ե՞րբ։ Յիսուս կ’ըսէ որ անոնք ազնուութեամբ, յարգանքով եւ առատաձեռնութեամբ ուտելիք, խմելիք եւ հագուելիք տուած են, իրեն օգնելով, երբ հիւանդ կամ բանտն էր։ Երբ ոչխարները կ’ըսեն որ իրենք այս բաները անձնապէս Յիսուսի չեն ըրած, ան ցոյց կու տայ որ անոնք իր հոգեւոր եղբայրներուն, օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդին, թիկունք կանգնած են, հետեւաբար այդ բոլորը իրեն ըրած են։
9. Առակը ինչո՞ւ Հազարամեային ընթացքին չի կատարուիր։
9 Առակը Հազարամեայի ընթացքին չի կատարուիր, քանի որ այն ատեն օծեալները անօթութենէ, ծարաւէ, հիւանդութենէ, կամ բանտարկութենէ տառապող անհատներ պիտի չըլլան։ Սակայն, անոնցմէ շատեր այսպիսի բաներու փորձառութիւնը ունեցած են իրերու այս դրութեան վախճանին ընթացքին։ Սատանան երկիր ձգուելէն ի վեր, ան իր բարկութեան մասնաւոր թիրախը դարձուցած է մնացորդին անդամները, անոնց վրայ ծաղրանք, տանջանք եւ մահ բերելով։—Յայտնութիւն 12։17
10, 11. (ա) Ինչո՞ւ անտրամաբանական է խորհիլ որ ոչխարները Յիսուսի եղբայրներուն բարի արարք մը ընող ոեւէ մէկը կը ներփակեն։ (բ) Տեղին ըլլալով, ոչխարները որո՞նք կը ներկայացնեն։
10 Արդեօք Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ եթէ ոեւէ մէկը իր եղբայրներէն մէկուն քիչ մը ազնուութիւն ցուցաբերէ՝ զոր օրինակ, պատառ մը հաց կամ գաւաթ մը ջուր տայ՝ այս ոչխարներէն մէկը ըլլալու որակելի՞ կ’ըլլայ։ Ճիշդ է որ այսպիսի բարութիւններ մարդկային ազնուութիւն կ’արտացոլացնեն, սակայն իրականութեան մէջ, այնպէս կը թուի որ այս առակին ոչխարներէն աւելին պահանջուած է։ Յիսուս բնաւ չէր ակնարկեր, զոր օրինակ, անաստուածներու կամ կղերականներու, որոնք իր եղբայրներէն մէկուն հանդէպ բարի արարք մը ըրած են։ Ան երկու անգամ ոչխարները «արդարներ» կոչեց։ (Մատթէոս 25։37, 46) Ուստի, ոչխարները այնպիսի անհատներ պէտք է ըլլան, որոնք ժամանակաշրջանի մը մէջ Քրիստոսի եղբայրներուն օգնութեան հասած են, գործօն կերպով թիկունք կանգնած են եւ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածքի արժանանալու աստիճան հաւատք գործադրած են։
11 Դարերու ընթացքին, Աբրահամի նման շատեր արդար կեցուածք մը վայելած են։ (Յակոբու 2։21–23) Նոյ, Աբրահամ եւ ուրիշ հաւատարիմներ «ուրիշ ոչխարներ»ուն մէջ կը գտնուին, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ Դրախտին մէջ կեանք պիտի ժառանգեն։ Վերջին ժամանակներուն, միլիոնաւորներ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրած են որպէս ուրիշ ոչխարներ եւ օծեալներուն հետ «մէկ հօտ» դարձած են։ (Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9) Երկրային յոյս ունեցող այս անհատները Յիսուսի եղբայրները կը նկատեն որպէս Թագաւորութեան դեսպաններ եւ, ըստ այնմ, անոնց կ’օգնեն թէ՛ նիւթական եւ թէ հոգեւոր գետնի վրայ։ Ուրիշ ոչխարները երկրի վրայ գտնուող իր եղբայրներուն ի՛նչ որ ընեն, Յիսուս զայն կը նկատէ որպէս իրեն եղած։ Երբ ինք ազգերը դատելու գայ, երկրի վրայ ողջ եղող այսպիսի անհատներ պիտի դատուին որպէս ոչխարներ։
12. Ոչխարները թերեւս ինչո՞ւ կը հարցնեն թէ Յիսուսի հանդէպ ի՛նչպէս բարութիւններ ըրած են։
12 Եթէ ուրիշ ոչխարները հիմա օծեալներուն հետ բարի լուրը կը քարոզեն ու անոնց կ’օգնեն, ուրեմն անոնք ինչո՞ւ կը հարցնեն. «Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթեցած տեսանք ու կերակրեցինք, կամ ծարաւած՝ ու խմցուցինք»։ (Մատթէոս 25։37) Շատ մը պատճառներ կրնան ըլլալ։ Ասիկա առակ մըն է։ Անոր միջոցաւ, Յիսուս իր հոգեւոր եղբայրներուն հանդէպ իր խոր հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ. ան անոնց զգացումները կը բաժնէ եւ անոնց հետ կը տառապի։ Յիսուս նախապէս ըսաւ. «Ան որ ձեզ կ’ընդունի, զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի»։ (Մատթէոս 10։40) Այս առակին մէջ, Յիսուս սկզբունք մը կու տայ, ցոյց տալով որ իր եղբայրներուն հանդէպ ի՛նչ որ գործուի (լաւ կամ գէշ) մինչեւ երկինք կը հասնի. որպէս թէ անիկա երկնքի մէջ իրեն հանդէպ կը գործուէր։ Նաեւ, Յիսուս հոս Եհովայի դատելու չափանիշը կը շեշտէ, յստակ ընելով որ Աստուծոյ դատաստանը՝ նպաստաւոր թէ աննպաստ՝ վաւերական ու արդար է։ Այծերը չեն կրնար իրենք զիրենք արդարացնել, ըսելով. ‘Եթէ միայն քեզ անձնապէս տեսած ըլլայինք’։
13. Այծանման անհատները թերեւս ինչո՞ւ Յիսուսը «Տէ՛ր» պիտի կոչեն։
13 Անգամ մը որ հասկնանք թէ այս առակին մէջ ցոյց տրուած դատավճիռը ե՛րբ կ’արձակուի, աւելի լաւ կը բնորոշենք թէ այծերը որո՛նք են։ Ասիկա տեղի կ’ունենայ, երբ «Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ... եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։ (Մատթէոս 24։29, 30) Մեծն Բաբելոնի վրայ եկած նեղութենէն վերապրողները, որոնք Թագաւորին եղբայրներուն հետ անարգանքով վարուած են, այն ատեն թերեւս Դատաւորը յուսահատօրէն «Տէր» պիտի կոչեն, յուսալով իրենց կեանքը փրկել։—Մատթէոս 7։22, 23. բաղդատել Յայտնութիւն 6։15–17
14. Յիսուս ի՞նչ հիման վրայ ոչխարները եւ այծերը պիտի դատէ։
14 Սակայն, Յիսուսի դատաստանը նախկին եկեղեցասէրներուն, անաստուածներուն եւ ուրիշներուն յուսահատ դաւանութիւններէն կախեալ պիտի չըլլայ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8) Ընդհակառակը, դատաւորը մարդոց սրտի վիճակը եւ իր եղբայրներէն «ամենէն պզտիկներէն մէկուն» հանդէպ անոնց անցեալի արարքները հաշուի պիտի առնէ։ Ճիշդ է որ երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաներու թիւը կը նուազի։ Բայց, այնքան ատեն որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կազմող օծեալները կը շարունակեն հոգեւոր կերակուր եւ ուղղութիւն տալ, ապագացու ոչխարները ծառայ դասակարգին բարիք ընելու պատեհութիւնը ունին, ինչպէս «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» եկած «մեծ բազմութիւն»ը ըրած է։—Յայտնութիւն 7։9, 14
15. (ա) Շատեր ինչպէ՞ս ցոյց տուած են որ այծերու կը նմանին։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք նշելէ թէ ո՛վ ոչխար է, կամ ո՛վ այծ։
15 Քրիստոսի եղբայրներուն եւ մէկ հօտի մէջ անոնց միացած միլիոնաւոր ուրիշ ոչխարներուն հետ ի՞նչպէս վարուած են։ Թերեւս շատեր Քրիստոսի ներկայացուցիչներուն վրայ անձնապէս չեն յարձակած, բայց իր ծառաներուն հետ սիրալիր կերպով ալ չեն վարուած։ Այս ամբարիշտ աշխարհը նախընտրելով, այծանման անհատները Թագաւորութեան պատգամը կը մերժեն, որ իրենց կը հասնի ուղղակի կամ անուղղակի կերպով։ (Ա. Յովհաննու 2։15–17) Անշուշտ, վերջ ի վերջոյ, Յիսուս որ միակ նշանակուած անհատն է, ինք վճիռը պիտի արձակէ։ Մեզի չիյնար որոշել թէ որո՛նք ոչխարներ են եւ որո՛նք՝ այծեր։—Մարկոս 2։8. Ղուկաս 5։22. Յովհաննու 2։24, 25. Հռովմայեցիս 14։10–12. Ա. Կորնթացիս 4։5
Իւրաքանչիւր Խումբին Ի՞նչ Ապագայ Վերապահուած Է
16, 17. Ոչխարները ի՞նչ ապագայ պիտի ունենան։
16 Յիսուս ոչխարներուն հետեւեալ դատավճիռը տուաւ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք»։ Ի՜նչ ջերմ հրաւէր մը. «Եկէք»։ Ո՞ւր։ Յաւիտենական կեանքի, ինչպէս իր եզրակացութեան մէջ ըսաւ. «Արդարները յաւիտենական կեանքը [պիտի երթան]»։—Մատթէոս 25։34, 46
17 Տաղանդներու առակին մէջ, Յիսուս ցոյց տուաւ որ երկնքի մէջ իրեն հետ իշխելիք անհատներէն ի՛նչ կը պահանջուի։ Բայց մեր նկատի առած առակին մէջ, ան ցոյց կու տայ որ Թագաւորութեան հպատակներէն ի՛նչ կ’ակնկալուի։ (Մատթէոս 25։14–23) Յստակ է ուրեմն որ Յիսուսի եղբայրներուն սրտանց աջակցելով, ոչխարները իր Թագաւորութեան երկրային ծիրին մէջ տեղ մը կը ժառանգեն։ Անոնք երկրային դրախտին մէջ կեանքը պիտի վայելեն. հեռանկար մը զոր Աստուած փրկուելիք մարդոց «աշխարհի սկիզբէն» ի վեր անոնց համար պատրաստած էր։—Ղուկաս 11։50, 51
18, 19. (ա) Յիսուս այծերուն դէմ ի՞նչ վճիռ պիտի արձակէ։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ այծերը յաւիտենական տանջանք պիտի չդիմագրաւեն։
18 Ի՜նչ հակառակ դատավճիռ կը տրուի այծերուն։ «Այն ատեն ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. ‘Մէկդի գացէք ինծմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ Վասնզի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք’։ Այն ատեն անոնք ալ պատասխան պիտի տան ու ըսեն. ‘Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած կամ ծարաւած կամ օտարական կամ մերկ կամ հիւանդ կամ բանտի մէջ ու քեզի սպասաւորութիւն չըրինք’։ Այն ատեն պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք’»։—Մատթէոս 25։41–45
19 Աստուածաշունչի աշակերտները լաւ գիտեն որ հոս՝ յաւիտենական կրակին մէջ այծանման անհատներու անմահ հոգիներուն տանջանքին մասին չի խօսուիր։ Ոչ, քանի որ մարդ արարածը հոգի է. ան անմահ հոգի չունի։ (Ծննդոց 2։7. Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4) Այծերը «յաւիտենական կրակի» դատապարտելով, Դատաւորը ըսել կ’ուզէ ապագայի յոյսէ զուրկ կործանում մը, վերջնական վախճան մը, որ Բանսարկուին եւ իր դեւերուն համար ալ վերապահուած է։ (Յայտնութիւն 20։10, 14) Հետեւաբար, Եհովայի Դատաւորը հակառակ դատավճիռներ կ’արձակէ։ Ան ոչխարներուն կ’ըսէ, «Եկէք». իսկ այծերուն, «Մէկդի գացէք ինծմէ»։ Ոչխարները «յաւիտենական կեանքը» պիտի ժառանգեն, իսկ այծերը՝ «յաւիտենական կործանում [(ՆԱ)]» պիտի ստանան։—Մատթէոս 25։46b
Ասիկա Ի՞նչ կը Նշանակէ Մեզի Համար
20, 21. (ա) Քրիստոնեաները կատարելիք ի՞նչ կարեւոր գործունէութիւն ունին։ (բ) Հիմա ի՞նչ զատում տեղի կ’ունենայ։ (գ) Երբ ոչխարներու եւ այծերու առակը սկսի կատարուիլ, մարդոց վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
20 Չորս առաքեալները, որոնք իր ներկայութեան եւ այս դրութեան վերջին նշանին մասին Յիսուսի պատասխանը լսեցին, խորհուրդներով ծանրաբեռնուեցան։ Անոնք արթուն պէտք էր կենային եւ հսկէին։ (Մատթէոս 24։42) Անոնք նաեւ Մարկոս 13։10–ին մէջ յիշուած վկայութեան գործը պէտք էր կատարէին։ Ներկայիս, Եհովայի Վկաները աշխուժօրէն կը մասնակցին այս գործունէութեան։
21 Սակայն, ոչխարներու եւ այծերու առակին այս թարմ հասկացողութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Անիկա կը նշանակէ որ մարդիկ արդէն դիրք կը բռնեն։ Ոմանք ‘դէպի կորուստ տանող լայն ճամբուն’ մէջ են, մինչ ուրիշներ կը ջանան ‘դէպի կեանք տանող նեղ ճամբուն’ մէջ մնալ։ (Մատթէոս 7։13, 14) Սակայն, Յիսուսի առակին մէջ նկարագրուած ոչխարներուն եւ այծերուն վրայ վերջնական դատավճիռը տակաւին ապագային պիտի արձակուի։ Երբ Որդի մարդոն Դատաւորի դերով գայ, ինք պիտի որոշէ որ շատ մը ճշմարիտ Քրիստոնեաներ՝ նուիրուած ոչխարներու «մեծ բազմութիւն մը»՝ ‘մեծ նեղութեան’ վերջին մասէն անցնելու եւ նոր աշխարհը մտնելու համար որակելի են։ Այս հեռանկարը ուրախութեան աղբիւր մը պէտք է ըլլայ հիմա։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Իսկ միւս կողմէն, «բոլոր ազգեր»էն եկող անհամար անհատներ պիտի փաստեն որ իրենք յամառ այծերու նման են։ Անոնք «յաւիտենական կործանում» պիտի երթան։ Երկիրը որքա՜ն պիտի հանգստանայ։
22, 23. Քանի որ առակին ամբողջ կատարումը տակաւին ապագային համար է, ներկայիս մեր քարոզչութիւնը ինչո՞ւ կենսական է։
22 Թէեւ առակին մէջ նկարագրուած դատավճիռը մօտ ապագային համար է, բայց հիմա իսկ կենսական գործունէութիւն մը տեղի կ’ունենայ։ Մենք՝ Քրիստոնեաներս՝ կեանք փրկող գործունէութեան մը կը մասնակցինք, պատգամ մը ծանուցանելով, որ մարդոց մէջ զատում կը յառաջացնէ։ (Մատթէոս 10։32–39) Պօղոս գրեց. «Քանզի ‘Ով որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։ Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած, կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն»։ (Հռովմայեցիս 10։13, 14) Մեր հանրային ծառայութիւնը աւելի քան 230 երկիրներու մէջ մարդոց կը հասնի Աստուծոյ անունը եւ փրկութեան իր պատգամը գիտցնելով։ Քրիստոսի օծեալ եղբայրները տակաւին այս գործունէութիւնը կ’առաջնորդեն։ Ներկայիս, աւելի քան հինգ միլիոն ուրիշ ոչխարներ անոնց միացած են։ Իսկ ամբողջ երկրագունդին վրայ մարդիկ Յիսուսի եղբայրներուն կողմէ ծանուցանուած պատգամին կ’ընդառաջեն։
23 Մինչ տունէ տուն կամ անպաշտօն կերպով կը քարոզենք, շատեր մեր պատգամին հետ շփման մէջ կու գան։ Իսկ ուրիշներ թերես Եհովայի Վկաներուն եւ մեր գործունէութեան մասին կը սորվին մեզի անծանօթ կերպերով։ Երբ դատաստանի ժամանակը հասնի, Յիսուս ո՞ր տարողութեամբ հաշուի պիտի առնէ համայնքի պատասխանատուութիւնը եւ ընտանեկան արժանիքը։ Չենք գիտեր եւ անիմաստ է ենթադրութիւններ ընել։ (Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 7։14։) Շատեր հիմա իրենց ականջները կը գոցեն, Աստուծոյ ծառաները կը ծաղրեն, կամ անոնց հալածանքին ուղղակիօրէն կը մասնակցին։ Ուստի, ասիկա ճակատագրական ժամանակ մըն է. անոնք թերեւս այնպիսի անհատներու դառնան, զորս Յիսուս պիտի դատէ որպէս այծեր։—Մատթէոս 10։22. Յովհաննու 15։20. 16։2, 3. Հռովմայեցիս 2։5, 6
24. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ անհատներ մեր քարոզչութեան նպաստաւոր կերպով ընդառաջեն։ (բ) Այս ուսումնասիրութիւնը անձնապէս օգնեց ձեզի որ ձեր ծառայութեան հանդէպ ի՞նչ մտավիճակ ունենաք։
24 Սակայն բարեբախտաբար, շատեր նպաստաւոր կերպով կ’ընդառաջեն, Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրեն եւ Եհովայի Վկաներ կ’ըլլան։ Ներկայիս այծանման թուողներէն ոմանք կրնան փոխուիլ եւ ոչխարներ դառնալ։ Կէտը այդ է թէ Քրիստոսի մնացեալ եղբայրներուն ընդառաջողները եւ գործօն կերպով աջակցողները հիմակուընէ իսկ կ’ապացուցանեն որ Յիսուսի աջ կողմը պիտի ըլլան, երբ, մօտ ապագային, ան դատավճիռ արձակելու համար իր աթոռը նստի։ Անոնք օրհնուած են եւ տակաւին պիտի օրհնուին։ Այս կերպով, այս առակը պէտք է դրդէ մեզ որ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ աւելի եռանդով գործենք։ Շատ ուշ ըլլալէ առաջ, Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու մէջ մեր ամբողջ կարելին ընենք եւ այդ կերպով ուրիշներուն պատեհութիւն տանք որ ընդառաջեն։ Անկէ ետք, Յիսուսի կ’իյնայ աննպաստ կամ նպաստաւոր դատավճիռ արձակելը։—Մատթէոս 25։46
-