Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 47
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 47։1-9

ՍԱՂՄՈՍ

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ

Կորխի որդիներուն Սաղմոսը

47 Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր,

Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։

 2 Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է.

Բոլոր երկրի վրայ մեծ Թագաւոր է։

 3 Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ

Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։

 4 Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը,

Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։)

 5 Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ,

Տէրը՝ փողի ձայնով։

 6 Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք.

Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք.

 7 Վասն զի Աստուած Թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։

Երգ երգեցէ՛ք անոր։

 8 Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ,

Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։

 9 Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան

Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ

Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են.

Ինք խիստ բարձրացած է։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել