Հինգշաբթի, յուլիս 17
Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած (Առ. 17։17, ՆԱ)։
Մարիամ՝ Յիսուսին մայրը, զօրութեան պէտք ունէր։ Թէեւ ան չէր ամուսնացած, բայց յղի պիտի մնար։ Թէեւ ան պզտիկներ չէր մեծցուցած, բայց պիտի մեծցնէր պզտիկ մը, որ ապագային Մեսիան պիտի ըլլար։ Եւ քանի՛ որ սեռային յարաբերութիւններ չէր ունեցած, իր նշանածին՝ Յովսէփին ինչպէ՞ս պիտի բացատրէր այս բոլորը (Ղուկ. 1։26-33)։ Մարիամ ինչպէ՞ս պէտք եղած զօրութիւնը ստացաւ։ Ան ուրիշներուն օգնութիւնը խնդրեց։ Օրինակ, Գաբրիէլէն խնդրեց որ այս նշանակումին մասին աւելի տեղեկութիւններ տայ (Ղուկ. 1։34)։ Եւ անկէ քիչ ետք, ան «լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց»՝ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին այցելելու համար։ Եղիսաբէթը զինք գովեց եւ Եհովայէն ներշնչուելով քաջալերական մարգարէութիւն մը ըսաւ ծնելիք մանուկին մասին (Ղուկ.1։39-45)։ Ասոր վրայ, Մարիամը ըսաւ որ Եհովան «իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց» (Ղուկ. 1։46-51)։ Եհովան Գաբրիէլին եւ Եղիսաբէթին միջոցաւ Մարիամը զօրացուց։ դ23.10 14-15 ¶10-12
Ուրբաթ, յուլիս 18
Մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով (Յայտ. 1։6)։
Քրիստոսի աշակերտներու սահմանափակ թիւ մը օծուած է սուրբ հոգիով եւ անոնք Եհովային հետ յատուկ յարաբերութիւն կը վայելեն։ Թիւով 144,000՝ անոնք որպէս քահանաներ պիտի ծառայեն Յիսուսի հետ երկինքին մէջ (Յայտ. 14։1)։ Խորանին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ թէ անոնք որդեգրուած են որպէս Աստուծոյ հոգեղէն որդիները, մինչ տակաւին երկրի վրայ են (Հռով. 8։15-17)։ Սրբութիւն սրբութեանցը կը ներկայացնէ երկինքը, ուր Եհովան կը բնակի։ Վարագոյրը, որ Սրբութիւնը կը բաժնէր Սրբութիւն սրբութեանցէն, կը ներկայացնէ Յիսուսի մսեղէն մարմինը, որ արգելք կը կենար որ ան երկինք մտնէ՝ որպէս հոգեւոր տաճարին մեծ Քահանայապետը։ Ան իր մարդկային մարմինը մարդկութեան համար զոհելով, ճամբան բացաւ որ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները երկինքին մէջ ապրին։ Իրենք ալ պէտք է իրենց մսեղէն մարմինէն վազ անցնին, որպէսզի երկինք մտնեն (Եբ. 10։19, 20. Ա. Կոր. 15։50)։ դ23.10 28 ¶13
Շաբաթ, յուլիս 19
Ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին. . . համար (Եբ. 11։32)։
Գեդէօն հանդարտ մնաց, երբ եփրեմեանները զինք քննադատեցին (Դատ. 8։1-3)։ Ան ջղայնութեամբ չպատասխանեց, հապա խոնարհ կերպով անոնց գանգատները մտիկ ըրաւ եւ ազնուօրէն խօսեցաւ, ինչ որ վիճակները հանդարտեցուց։ Գեդէօնին պէս, իմաստուն երէցները ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեն։ Եւ երբ քննադատուին, հանդարտօրէն կը պատասխանեն (Յակ. 3։13)։ Այս կերպով, անոնք ժողովքին խաղաղութիւնը կը պահեն։ Երբ ուրիշներ Գեդէօնը գովեցին մադիանացիներուն յաղթելուն համար, ան ուշադրութիւնը Եհովային դարձուց (Դատ. 8։22, 23)։ Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Գեդէօնը ընդօրինակել։ Անոնք պէտք է փառքը Եհովային տան իրենց ըրածներուն համար (Ա. Կոր. 4։6, 7)։ Օրինակ, եթէ երէց մը գովասանք լսէ սորվեցնելու իր կարողութիւններուն համար, ան կրնայ ուշադրութիւնը ուղղել իր սորվեցուցածներուն աղբիւրին, որ է՝ Սուրբ Գիրքը, կամ ալ Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ տրուած մարզումին։ Երբեմն, երէցները կրնան մտածել, թէ արդեօք իրենց անձին վրայ չափէ դուրս ուշադրութիւն կը հրաւիրե՞ն։ դ23.06 4 ¶7-8