Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք25 էջ 97-112
  • Յուլիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յուլիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երեքշաբթի, յուլիս 1
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 2
  • Հինգշաբթի, յուլիս 3
  • Ուրբաթ, յուլիս 4
  • Շաբաթ, յուլիս 5
  • Կիրակի, յուլիս 6
  • Երկուշաբթի, յուլիս 7
  • Երեքշաբթի, յուլիս 8
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 9
  • Հինգշաբթի, յուլիս 10
  • Ուրբաթ, յուլիս 11
  • Շաբաթ, յուլիս 12
  • Կիրակի, յուլիս 13
  • Երկուշաբթի, յուլիս 14
  • Երեքշաբթի, յուլիս 15
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 16
  • Հինգշաբթի, յուլիս 17
  • Ուրբաթ, յուլիս 18
  • Շաբաթ, յուլիս 19
  • Կիրակի, յուլիս 20
  • Երկուշաբթի, յուլիս 21
  • Երեքշաբթի, յուլիս 22
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 23
  • Հինգշաբթի, յուլիս 24
  • Ուրբաթ, յուլիս 25
  • Շաբաթ, յուլիս 26
  • Կիրակի, յուլիս 27
  • Երկուշաբթի, յուլիս 28
  • Երեքշաբթի, յուլիս 29
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 30
  • Հինգշաբթի, յուլիս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
աք25 էջ 97-112

Յուլիս

Երեքշաբթի, յուլիս 1

[Ան] պտըտեցաւ բարիք ընելով ու. . . բժշկելով (Գործք 10։38)։

Յիսուս իր ըսածներով եւ ըրածներով, մէջը ըլլալով իր հրաշքներով, ցոյց տուաւ որ ճիշդ իր Հօր պէս կը մտածէ եւ կը զգայ (Յովհ. 14։9)։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսին հրաշքներէն։ Ան եւ իր Հայրը մեզ շատ կը սիրեն։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, մարդոց հանդէպ իր խոր սէրը ցոյց տուաւ, երբ իր հրաշալի զօրութիւնով անոնց չարչարանքին վերջ դրաւ։ Առիթով մը երկու կոյրեր իրմէ օգնութիւն ուզեցին (Մատ. 20։30-34)։ Նկատի առ որ Յիսուս ‘խղճաց’ եւ ետքը բժշկեց զանոնք։ Հոս, «խղճալ» թարգմանուած յունարէն բայը կը նշանակէ ուրիշին հանդէպ խոր կերպով կարեկցիլ։ Այսպիսի կարեկցութիւն, որ սիրոյ արտայայտութիւն է, Յիսուսը մղեց որ անօթիները կերակրէ եւ բորոտ մը բժշկէ (Մատ. 15:32. Մար.1:41)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան՝ «գթած» Աստուածը՝ եւ իր Որդին խոր սէր ունին մեզի հանդէպ եւ թէ երբ նեղութիւն քաշենք, մեզի հետ կը զգան (Ղուկ. 1։78. Ա. Պետ. 5։7)։ Անոնք շա՛տ կը փափաքին մարդոց նեղացնող բոլոր խնդիրները լուծել։ դ23.04 3 ¶4-5

Չորեքշաբթի, յուլիս 2

Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։ Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք (Սաղ. 97։10)։

Մենք ամէն ջանք պէտք է ընենք, որ մեր միտքը չլեցուի Սատանայի աշխարհին սխալ գաղափարներով։ Հապա պէտք է մեր միտքը լեցնենք օգտակար գաղափարներով։ Ասիկա կրնանք ընել, երբ Սուրբ Գիրքը կարդանք եւ սերտենք, ժողովներու ներկայ ըլլանք եւ ծառայութեան մասնակցինք։ Եթէ այսպէս ընենք, Եհովան կը խոստանայ որ պիտի չձգէ որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք (Ա. Կոր. 10։12, 13)։ Այս դժուար վերջին օրերուն, բոլորս պէտք է շատ աւելի աղօթենք որ Եհովային հաւատարիմ մնանք։ Ան կ’ուզէ որ ‘իր առջեւ սրտերնիս բանանք’ (Սաղ. 62։8)։ Զինք փառաբանէ եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնէ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ ծառայութեան մէջ համարձակ ըլլաս, խնդիրներու հետ գլուխ ելլես եւ որեւէ փորձութեան դէմ դնես։ Մի՛ ձգեր որ որեւէ բան կամ ոեւէ մէկը արգելք ըլլայ որ կանոնաւորաբար Իրեն աղօթես։ դ23.05 7 ¶17-18

Հինգշաբթի, յուլիս 3

Իրարու հոգ տանինք. . . մէկզմէկ յորդորենք (Եբ. 10։24, 25)։

Մենք ինչո՞ւ ժողովներու կ’երթանք։ Առաջին, որ Եհովան փառաբանենք (Սաղ. 26։12. 111։1)։ Երկրորդ, որ իրար քաջալերենք այս դժուար օրերուն (Ա. Թես. 5։11)։ Այս երկու պատճառներուն համար, ձեռքերնիս կը բարձրացնենք եւ պատասխան կու տանք։ Բայց թերեւս մեր ջիղերուն վրայ ըլլանք, երբ պատասխանելու մասին մտածենք։ Կամ կրնայ ըլլալ որ կ’ուզենք պատասխանել, բայց մեր ուզածին չափ առիթ չի տրուիր մեզի։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ պէտք է կեդրոնանանք ‘մէկզմէկ յորդորելու’ կամ քաջալերելու վրայ։ Երբ ըմբռնենք որ նոյնիսկ պզտիկ պատասխանը կրնայ քաջալերել եղբայրները, թերեւս աւելի դիւրին ըլլայ որ մեր ձեռքը բարձրացնենք։ Իսկ եթէ մեզի շատ առիթ չտրուի, կրնանք ուրախանալ, քանի որ ուրիշներուն առիթ տրուեցաւ որ պատասխանեն (Ա. Պետ. 3։8)։ դ23.04 20 ¶1-3

Ուրբաթ, յուլիս 4

Երուսաղէմ [գնա՛]. . . եւ Եհովա Աստուծոյն. . . տունը շինէ (Եզր. 1։3)։

Թագաւորը յայտարարութիւն ըրած էր։ Բաբելոնին մէջ, մօտ 70 տարի գերի մնացած հրեաները ազատ էին իրենց հայրենիքը՝ Իսրայէլ՝ վերադառնալու (Եզր. 1։2-4)։ Միայն Եհովան ասիկա կրնար ընել։ Քանի որ բաբելոնացիները իրենց գերիները ազատ չէին արձակեր (Եսա. 14։4, 17)։ Բայց Բաբելոնի կայսրութիւնը տապալած էր եւ անոր նոր կառավարիչը հրեաներուն ըսած էր, որ կրնային երթալ։ Ամէն մէկ հրեայ, մանաւանդ ամէն մէկ ընտանիքի գլուխ, որոշումի մը առջեւ էր. Բաբելոնը ձգել–քալե՞լ կամ մնալ։ Այս որոշումը դիւրին չէր։ Շատ մը հրեաներ տարիքով մեծ էին եւ չէին կրնար այդ երկար ճամբորդութիւնը ընել։ Ասկէ զատ, հրեաներուն մեծամասնութիւնը Բաբելոնի մէջ ծնած էր եւ ուրիշ երկիր մը չէր ապրած։ Անոնք չէին զգար որ Իսրայէլը իրենց հայրենիքն է, հապա՝ իրենց նախահայրերուն հայրենիքն է։ Իսկ կարգ մը հրեաներ ալ շատ հարուստ դարձած էին Բաբելոնի մէջ։ Անոր համար, իրենց համար դժուար էր իրենց հանգիստ տունը եւ գործը ձգել եւ օտար երկիր մը երթալ։ դ23.05 14 ¶1-2

Շաբաթ, յուլիս 5

Պատրաստ կեցէք (Մատ. 24։44)։

Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակենք համբերութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր մշակել։ Ղուկաս 21։19–ն կ’ըսէ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։ Կողոսացիս 3։12–ը կ’ըսէ. «Ձեր վրայ հագէ՛ք կարեկցութիւնը» (ԱԾ)։ Իսկ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9, 10–ն կ’ըսէ. «Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել. . . սակայն կ’աղաչենք ձեզի, եղբա՛յրներ, որ ա՛լ աւելի առատանաք [«ձեր սիրոյն մէջ», ՆԹ]»։ Այս բոլոր համարները ուղղուած էին քրիստոնեաներու, որոնք արդէն համբերութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց կու տային։ Բայց եւ այնպէս, անոնք պէտք էր շարունակէին այս յատկութիւնները մշակել։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Բայց քեզի օգնելու համար, նկատի առ թէ առաջին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս ցոյց տուին այս յատկութիւնները։ Ետքը, պիտի տեսնես ինչպէ՛ս կրնաս այդ քրիստոնեաները ընդօրինակել եւ այսպէս ցոյց տալ որ պատրաստ ես մեծ նեղութեան։ Այսպէս, երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, սորված պիտի ըլլաս համբերել եւ պիտի կարենաս շարունակել համբերել։ դ23.07 3 ¶4, 8

Կիրակի, յուլիս 6

Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ. . . Սրբութեան Պողոտայ (Եսա. 35։8)։

Ըլլա՛նք օծեալներէն կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն, մենք ալ պէտք է մնանք այս ճամբուն վրայ։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ շարունակ Եհովան պաշտենք հիմա եւ ապագային, երբ իր Թագաւորութիւնը լաւ պայմաններ բերէ երկրի վրայ (Յովհ. 10։16)։ Ք.Ե. 1919–էն ի վեր միլիոնաւոր տղամարդիկ, կիներ եւ պզտիկներ ձգած են Մեծ Բաբելոնը, այսինքն՝ բոլոր սուտ կրօնքները, եւ սկսած են քալել այս այլաբանական ճամբուն վրայ։ Երբ հրեաները Բաբելոնը ձգեցին, Եհովան իրենց առջեւէն բոլոր արգելքները վերցուց (Եսա. 57։14)։ Լաւ, ան մեր օրերուն նոյնը ըրա՞ւ։ 1919–էն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Եհովան կարգ մը աստուածավախ մարդիկ գործածեց, որ Մեծ Բաբելոնէն դուրս գալու ճամբան բանայ (համեմատէ՛ Եսայի 40։3)։ Անոնք պէտք եղած հոգեւոր պատրաստութիւնները ըրին, որպէսզի կարելի դառնայ որ անկեղծ մարդիկ սուտ կրօնքը ձգեն եւ Եհովան պաշտեն իր ժողովուրդին հետ։ դ23.05 16 ¶8-9

Երկուշաբթի, յուլիս 7

Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ (Սաղ. 100։2)։

Եհովան կ’ուզէ որ իրեն ուրախութեամբ եւ ուզելով ծառայենք (Բ. Կոր. 9։7)։ Ասիկա ըսե՞լ է որ պէտք է շարունակենք մեր նպատակակէտին վրայ աշխատիլ, նոյնիսկ եթէ փափաքը չունինք ատիկա ընելու։ Նկատի առ Պօղոսին օրինակը։ Ան ըսաւ. «Մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ» (Ա. Կոր. 9։25-27)։ Պօղոս ինքզինք ստիպեց որ ճիշդը ընէ, նոյնիսկ երբ մէջէն չէր գար ատիկա ընելը։ Լաւ Եհովան իր ծառայութիւնը ընդունե՞ց։ Այո՛։ Ան նոյնիսկ Պօղոսը օրհնեց իր ջանքերուն համար (Բ. Տիմ. 4։7, 8)։ Նմանապէս, Եհովան կ’ուրախանայ, երբ տեսնէ որ ջանք կը թափենք նպատակակէտի մը հասնելու, նոյնիսկ երբ փափաքը չունինք ատիկա ընելու, քանի որ նոյնիսկ եթէ ատեններ ատիկա սիրելով չենք ըներ, Եհովան գիտէ որ ատիկա կ’ընենք քանի որ զինք կը սիրենք։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Եհովան Պօղոսը օրհնեց, մեր ջանքերն ալ պիտի օրհնէ (Սաղ. 126։5)։ Իր օրհնութիւնը զգալը կրնայ նոյնիսկ մեր մէջը փափաք արթնցնել բան մը ընելու։ դ23.05 29 ¶9-10

Երեքշաբթի, յուլիս 8

Տէրոջը օրը. . . պիտի հասնի (Ա. Թես. 5։2)։

Պօղոս առաքեալը Եհովայի օրէն չազատուողները բաղդատեց քնացող մարդոց հետ։ Անոնք չեն զգար որ իրենց շուրջը ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ։ Անոր համար, չեն կրնար զանազանել կարեւոր դէպքերը, որոնք տեղի կ’ունենան, ոչ ալ անոնց նկատմամբ բան մը կ’ընեն։ Մարդոց մեծամասնութիւնը այսօր հոգեւորապէս քնացած է (Հռով. 11։8)։ Անոնք անտարբեր են այն փաստերուն նկատմամբ, որ մենք կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ եւ թէ մեծ նեղութիւնը շուտով պիտի գայ (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Բայց մենք կ’ընդունինք որ արթուն մնալու ներշնչուած խրատը օրէ օր ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնայ (Ա. Թես. 5։6)։ Անոր համար, պէտք է հանդարտ մնանք եւ իրար չանցնինք։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի քաղաքական կամ ընկերային հարցերուն չխառնուինք։ Մինչ Եհովային օրը ա՛լ աւելի կը մօտենայ, այս հարցերուն մէջ խառնուելու ճնշումը պիտի աւելնայ։ Բայց եւ այնպէս, պէտք չէ մտահոգ ըլլանք որ ի՛նչ պիտի ընենք, քանի որ Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի օգնել որ հանդարտ մնանք, իրար չանցնինք եւ իմաստուն որոշումներ առնենք (Ղուկ. 12։11, 12)։ դ23.06 10 ¶6-7

Չորեքշաբթի, յուլիս 9

Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, զիս յիշէ՛. . . զիս զօրացուր (Դատ. 16։28)։

Միտքդ ի՞նչ կու գայ, երբ Սամփսոն անունը լսես։ Թերեւս միտքդ գայ զօրաւոր մարդ մը։ Ասիկա ճիշդ է։ Բայց Սամփսոն սխալ որոշում մը առաւ, որ ցաւալի հետեւանքներ ունեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան կեդրոնացաւ Սամփսոնի հաւատարիմ ծառայութեան վրայ եւ անոր մասին գրել տուաւ Սուրբ Գիրքին մէջ՝ մեր օգտին համար։ Եհովան Սամփսոնը գործածեց, որ հոյակապ կերպերով իր ընտրեալ ժողովուրդին՝ Իսրայէլին՝ օգնէ։ Սամփսոնի մեռնելէն դարեր ետք, Եհովան Պօղոս առաքեալը ներշնչեց, որ հաւատարիմ տղամարդոց անուններուն մէջ Սամփսոնի անունն ալ նշէ (Եբ. 11։32-34)։ Սամփսոնին օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել։ Ան Եհովային վստահեցաւ, նոյնիսկ դժուար պարագաներու տակ։ Իր օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել եւ գործնական դասեր սորվեցնել։ դ23.09 2 ¶1-2

Հինգշաբթի, յուլիս 10

Ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ (Փլպ. 4։6)։

Կրնանք մեր համբերութիւնը աւելցնել՝ մեր մտահոգութիւններուն մասին յաճախ Եհովային աղօթելով (Ա. Թես. 5։17)։ Թերեւս հիմա խիստ փորձութիւններէ չես անցնիր, բայց եւ այնպէս, Եհովայի ուղղութիւնը կը փնտռե՞ս երբ նեղուած ես, շուարած ես կամ չես գիտեր ինչ պիտի ընես։ Եթէ հիմա իսկ սովորութիւն դարձնես կանոնաւորաբար Եհովային օգնութիւնը ուզելը, ապագային պիտի չքաշուիս իր օգնութիւնը խնդրելէ, երբ աւելի մեծ խնդիրներ դիմագրաւես։ Այն ատեն, շատ վստահ պիտի ըլլաս, որ ան գիտէ ճիշդ ե՛րբ պէտք է քեզի օգնէ եւ ինչպէ՛ս (Սաղ. 27։1, 3)։ Եթէ հիմա համբերենք մեր փորձութիւններուն, աւելի հաւանական է որ մեծ նեղութեան ալ համբերենք (Հռով. 5։3)։ Ինչո՞ւ։ Շատ մը եղբայրներ նկատած են որ հաւատքի իւրաքանչիւր փորձութիւն, որու համբերած են, իրենց օգնած է որ յաջորդ փորձութեան համբերեն։ Համբերութիւնը զիրենք զտած է եւ իրենց հաւատքը զօրացուցած է որ Եհովան պատրաստ է եւ կ’ուզէ իրենց օգնել։ Միւս կողմէ, հաւատքը իրենց օգնած է որ յաջորդ փորձութեան համբերեն (Յակ. 1։2-4)։ դ23.07 3 ¶7-8

Ուրբաթ, յուլիս 11

Քու աղաչանքդ ընդունեցի (Ծն. 19։21)։

Եհովային խոնարհութիւնը եւ կարեկցութիւնը զինք կը մղեն որ ճկուն ըլլայ։ Օրինակ, Եհովային խոնարհութիւնը յստակ դարձաւ, երբ ան Սոդոմի չար մարդիկը պիտի կործանէր։ Ան իր հրեշտակներուն միջոցաւ, արդար Ղովտին ուղղութիւն տուաւ որ լեռը փախչի։ Բայց Ղովտ վախցաւ հոն երթալու, անոր համար աղաչեց որ ինքն ու իր ընտանիքը Սեգովր պզտիկ քաղաքը երթան, որ Եհովան որոշած էր կործանել։ Եհովան կրնար պնդել որ Ղովտ բառ առ բառ իր տուած ուղղութեան հետեւէր։ Բայց այդպէս չըրաւ, հապա Ղովտին խնդրանքը ընդունեց, հակառակ անոր որ ատիկա ընելու համար պէտք էր Սեգովրը խնայէր (Ծն. 19։18-22)։ Իսկ դարեր ետք, Եհովան Նինուէի բնակիչներուն հանդէպ կարեկից գտնուեցաւ։ Ան Յովնան մարգարէն ղրկեց որպէսզի յայտարարէր թէ շուտով քաղաքը եւ անոր չար բնակիչները պիտի կործանուէին։ Բայց երբ նինուէցիները զղջացին, Եհովան իրենց խղճաց եւ քաղաքը խնայեց (Յովն. 3։1, 10. 4։10, 11)։ դ23.07 21 ¶5

Շաբաթ, յուլիս 12

Սպաննեցին [Յովասը]. . . բայց թագաւորներու գերեզմանին մէջ չթաղեցին (Բ. Մն. 24։25)։

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովասին օրինակէն։ Ան կը նմանէր ծառի մը, որ տկար արմատներ ունէր եւ փայտի մը օգնութեամբ կանգուն կը կենար։ Երբ այդ փայտը՝ Յովիադան մեռաւ եւ Յովաս սկսաւ հաւատուրացներուն մտիկ ընել, այդ ծառը՝ Յովաս ինկաւ։ Ասիկա զօրաւոր կերպով ցոյց կու տայ, որ մեր աստուածավախութիւնը պէտք չէ կախեալ ըլլայ հաւատակիցներու լաւ օրինակէն, մէջը ըլլալով մեր ընտանիքի անդամները։ Հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու համար, պէտք է մեր աստուածավախութիւնը զօրացնենք՝ կանոնաւոր սերտողութեան, խոկալու եւ աղօթելու միջոցաւ (Եր. 17։7, 8. Կող. 2։6)։ Եհովան մեզմէ շատ բան չի պահանջեր։ Ինչ որ կը պահանջէ ամփոփած է Ժողովող 12։13–ի մէջ, որ կ’ըսէ. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։ Երբ Աստուծմէ վախնանք, պիտի կրնանք ապագայ փորձութիւնները դիմագրաւել եւ հաստատ մնալ։ Ո՛չ մէկ բան Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս պիտի հասցնէ։ դ23.06 18-19 ¶17-19

Կիրակի, յուլիս 13

Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ (Յայտ. 21։5)։

Աստուծոյ երաշխիքները կը սկսին այս խօսքով. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ» (Յայտ. 21։5ա)։ Ասիկա այն երեք պարագաներէն մէկն է Յայտնութիւն գրքին մէջ, ուր Եհովան անձամբ կը խօսի տեսիլքներու մէջ։ Ուրեմն, ոչ թէ զօրաւոր հրեշտակ մը այս երաշխիքը կու տայ, ոչ ալ յարութիւն առած Յիսուսը, հապա Եհովան ինք։ Այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ որ յաջորդ խօսքերուն կրնանք վստահիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան «անսուտն Աստուած» է (Տիտ. 1։2)։ Ուրեմն, Յայտնութիւն 21։5, 6–ի խօսքերը անպայման պիտի կատարուին։ Նկատի առնենք «Ահա» բառը։ «Ահա» թարգմանուած յունարէն բառը Յայտնութիւն գրքին մէջ շատ անգամներ գործածուած է։ Գիրք մը կ’ըսէ որ «Ահա» բառը գործածուած է «որպէս կերպ մը ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրելու ըսուելիք յաջորդ խօսքերուն վրայ»։ Ի՞նչ են յաջորդ խօսքերը։ Աստուած կ’ըսէ. «Ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ Հոս Եհովան կը խօսի ապագային ըլլալիք փոփոխութիւններուն մասին, բայց իրեն համար այս խոստումը այնքա՛ն վստահելի է, որ ան այս փոփոխութիւններուն մասին կը խօսի այնպէս մը, որ կարծես թէ արդէն տեղի ունեցած են (Եսա. 46։10)։ դ23.11 3-4 ¶7-8

Երկուշաբթի, յուլիս 14

Դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ (Մատ. 26։75)։

Պետրոս առաքեալը շարունակեց իր տկարութիւններուն դէմ պայքարիլ։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։ Երբ Յիսուս բացատրեց թէ ինք պիտի տառապէր եւ մեռնէր՝ ըստ Աստուածաշունչի մարգարէութեան, Պետրոս յանդիմանեց զինք (Մար. 8։31-33)։ Մէկէ աւելի անգամներ, Պետրոս եւ միւս առաքեալները վիճաբանեցան թէ ո՛վ աւելի մեծ էր (Մար. 9։32, 33)։ Յիսուսի մեռնելէն մէկ գիշեր առաջ, Պետրոս մարդու մը ականջը կտրեց (Յովհ. 18։10)։ Նոյն գիշերը, Պետրոս վախնալով երեք անգամ իր բարեկամը՝ Յիսուսը ուրացաւ (Մար. 14։66-72)։ Եւ այդ պատճառաւ ալ, ան շատ լացաւ։ Յիսուս վազ չանցաւ իր յուսահատ առաքեալէն։ Ան յարութիւն առնելէ ետք, Պետրոսին առիթ տուաւ որ ցոյց տայ թէ տակաւին զինք կը սիրէ։ Յիսուս Պետրոսէն խնդրեց որ խոնարհաբար իր ոչխարները արածէ (Յովհ. 21։15-17)։ Պետրոս յօժարեցաւ։ Ան Պէնտէկոստէի օրը Երուսաղէմի մէջ էր եւ առաջին անձերէն էր որ սուրբ հոգիով օծուեցաւ։ դ23.09 22 ¶6-7

Երեքշաբթի, յուլիս 15

Արածէ՛ իմ ոչխարներս (Յովհ. 21։16)։

Պետրոս առաքեալը միւս երէցներուն ըսաւ որ ‘հովուեն Աստուծոյ հօտը’ (ԱԾ) (Ա. Պետ. 5։1-4)։ Եթէ երէց ես, մենք գիտենք որ դուն եղբայրներդ ու քոյրերդ կը սիրես, եւ կ’ուզես զիրենք հովուել։ Բայց ատեններ թերեւս զգաս որ այնքա՛ն զբաղած ես կամ յոգնած ես, որ չես կրնար նշանակումիդ հոգ տանիլ։ Ի՞նչ կրնաս ընել։ Մտահոգութիւններդ Եհովային պատմէ։ Պետրոսը գրեց. «Եթէ մէկը սպասարկէ, թող սպասարկէ Աստուծոյ հայթայթած ուժին համեմատ» (Ա. Պետ. 4։11, ԱԾ)։ Եղբայրներդ ու քոյրերդ թերեւս ունին խնդիրներ, որոնք այս աշխարհին մէջ կարելի չէ լիովին լուծել։ Բայց յիշէ որ «Հովուապետը»՝ Յիսուս Քրիստոսը կրնայ իրենց օգնել ուրիշ ոեւէ անհատէ աւելի։ Եւ այդ մէկը կրնայ ընել թէ՛ հիմա եւ թէ նոր աշխարհին մէջ։ Աստուած պարզապէս երէցներէն կը խնդրէ, որ իրենց եղբայրներուն սիրեն, զիրենք հովուեն եւ ‘հօտին օրինակ ըլլան’։ դ23.09 29-30 ¶13-14

Չորեքշաբթի, յուլիս 16

Տէրը գիտէ իմաստուններուն խորհուրդները, որոնք ունայն են (Ա. Կոր. 3։20)։

Պէտք չէ մարդկային գաղափարներու դիմենք։ Եթէ Եհովային օրէնքները անտեսող մարդոց պէս մտածենք, մենք ալ կրնանք անտեսել զինք եւ իր օրէնքները (Ա. Կոր. 3։19)։ «Այս աշխարհի իմաստութիւնը» յաճախ մարդիկը կը քաջալերէ որ իրենց մարմնաւոր ցանկութիւններուն համաձայն ապրին։ Պերգամոնի եւ Թիւատիրի մէջ եղող քանի մը քրիստոնեաներ ազդուեցան իրենց շուրջի մարդոցմէն, որոնք անբարոյ էին եւ կուռքեր կը պաշտէին։ Յիսուս զօրաւոր խրատ տուաւ այդ երկու ժողովքներուն, քանի որ անոնք սեռային անբարոյութեան աչք կը խփէին (Յայտ. 2։14, 20)։ Ներկայիս, մեր շուրջինները կրնան մեզ ճնշել որ սխալ գաղափարներ ընդունինք։ Ընտանիքի անդամներ եւ ճանչուորներ թերեւս մեզի ըսեն որ շատ խիստ ենք, եւ թէ պէտք է ատեն–ատեն մեր համոզումներուն մէջ զիջումներ ընենք։ Օրինակ, թերեւս անոնք ըսեն որ բարոյապէս մաքուր մնալը կարեւոր չէ եւ թէ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները նորոյթ չեն։ Երբեմն կրնանք կարծել որ Եհովային տուած ուղղութիւնները բաւարար չեն։ Նոյնիսկ կրնանք «գրուածէն աւելի բան» մտածել (Ա. Կոր. 4։6)։ դ23.07 16 ¶10-11

Հինգշաբթի, յուլիս 17

Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած (Առ. 17։17, ՆԱ)։

Մարիամ՝ Յիսուսին մայրը, զօրութեան պէտք ունէր։ Թէեւ ան չէր ամուսնացած, բայց յղի պիտի մնար։ Թէեւ ան պզտիկներ չէր մեծցուցած, բայց պիտի մեծցնէր պզտիկ մը, որ ապագային Մեսիան պիտի ըլլար։ Եւ քանի՛ որ սեռային յարաբերութիւններ չէր ունեցած, իր նշանածին՝ Յովսէփին ինչպէ՞ս պիտի բացատրէր այս բոլորը (Ղուկ. 1։26-33)։ Մարիամ ինչպէ՞ս պէտք եղած զօրութիւնը ստացաւ։ Ան ուրիշներուն օգնութիւնը խնդրեց։ Օրինակ, Գաբրիէլէն խնդրեց որ այս նշանակումին մասին աւելի տեղեկութիւններ տայ (Ղուկ. 1։34)։ Եւ անկէ քիչ ետք, ան «լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց»՝ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին այցելելու համար։ Եղիսաբէթը զինք գովեց եւ Եհովայէն ներշնչուելով քաջալերական մարգարէութիւն մը ըսաւ ծնելիք մանուկին մասին (Ղուկ.1։39-45)։ Ասոր վրայ, Մարիամը ըսաւ որ Եհովան «իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց» (Ղուկ. 1։46-51)։ Եհովան Գաբրիէլին եւ Եղիսաբէթին միջոցաւ Մարիամը զօրացուց։ դ23.10 14-15 ¶10-12

Ուրբաթ, յուլիս 18

Մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով (Յայտ. 1։6)։

Քրիստոսի աշակերտներու սահմանափակ թիւ մը օծուած է սուրբ հոգիով եւ անոնք Եհովային հետ յատուկ յարաբերութիւն կը վայելեն։ Թիւով 144,000՝ անոնք որպէս քահանաներ պիտի ծառայեն Յիսուսի հետ երկինքին մէջ (Յայտ. 14։1)։ Խորանին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ թէ անոնք որդեգրուած են որպէս Աստուծոյ հոգեղէն որդիները, մինչ տակաւին երկրի վրայ են (Հռով. 8։15-17)։ Սրբութիւն սրբութեանցը կը ներկայացնէ երկինքը, ուր Եհովան կը բնակի։ Վարագոյրը, որ Սրբութիւնը կը բաժնէր Սրբութիւն սրբութեանցէն, կը ներկայացնէ Յիսուսի մսեղէն մարմինը, որ արգելք կը կենար որ ան երկինք մտնէ՝ որպէս հոգեւոր տաճարին մեծ Քահանայապետը։ Ան իր մարդկային մարմինը մարդկութեան համար զոհելով, ճամբան բացաւ որ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները երկինքին մէջ ապրին։ Իրենք ալ պէտք է իրենց մսեղէն մարմինէն վազ անցնին, որպէսզի երկինք մտնեն (Եբ. 10։19, 20. Ա. Կոր. 15։50)։ դ23.10 28 ¶13

Շաբաթ, յուլիս 19

Ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին. . . համար (Եբ. 11։32)։

Գեդէօն հանդարտ մնաց, երբ եփրեմեանները զինք քննադատեցին (Դատ. 8։1-3)։ Ան ջղայնութեամբ չպատասխանեց, հապա խոնարհ կերպով անոնց գանգատները մտիկ ըրաւ եւ ազնուօրէն խօսեցաւ, ինչ որ վիճակները հանդարտեցուց։ Գեդէօնին պէս, իմաստուն երէցները ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեն։ Եւ երբ քննադատուին, հանդարտօրէն կը պատասխանեն (Յակ. 3։13)։ Այս կերպով, անոնք ժողովքին խաղաղութիւնը կը պահեն։ Երբ ուրիշներ Գեդէօնը գովեցին մադիանացիներուն յաղթելուն համար, ան ուշադրութիւնը Եհովային դարձուց (Դատ. 8։22, 23)։ Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Գեդէօնը ընդօրինակել։ Անոնք պէտք է փառքը Եհովային տան իրենց ըրածներուն համար (Ա. Կոր. 4։6, 7)։ Օրինակ, եթէ երէց մը գովասանք լսէ սորվեցնելու իր կարողութիւններուն համար, ան կրնայ ուշադրութիւնը ուղղել իր սորվեցուցածներուն աղբիւրին, որ է՝ Սուրբ Գիրքը, կամ ալ Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ տրուած մարզումին։ Երբեմն, երէցները կրնան մտածել, թէ արդեօք իրենց անձին վրայ չափէ դուրս ուշադրութիւն կը հրաւիրե՞ն։ դ23.06 4 ¶7-8

Կիրակի, յուլիս 20

Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն (Եսա. 55։8)։

Եթէ աղօթքով մեր խնդրած մէկ բանը չստանանք, թերեւս մենք մեզի հարցնենք. ‘Արդեօք ճիշդ բանին համար կ’աղօթե՞մ’։ Շատ անգամ կը կարծենք որ գիտենք թէ ի՛նչն է լաւագոյնը մեզի համար։ Բայց մեր խնդրածը երբեմն մեր օգտին համար չ’ըլլար։ Եթէ կ’աղօթենք խնդրի մը մասին, թերեւս մեր ուզած լուծումէն աւելի լաւ լուծում մը կայ։ Կամ ալ մեր խնդրած կարգ մը բաները կրնան Եհովային կամքին համաձայն չըլլալ (Ա. Յովհ. 5։14)։ Օրինակ, նկատի առ ծնողքի մը օրինակը, որոնք Եհովայէն խնդրեցին որ իրենց զաւակը ճշմարտութեան մէջ պահէ։ Ասիկա յարմար խնդրանք մը կ’երեւի։ Բայց Եհովան մէկը չի ստիպեր որ իրեն ծառայէ։ Ան կ’ուզէ որ բոլորս, մէջը ըլլալով՝ մեր զաւակները, ընտրենք զինք պաշտել (Բ. Օր. 10։12, 13. 30։19, 20)։ Ուրեմն, ծնողներ ասոր փոխարէն կրնան Եհովայէն խնդրել որ իրենց օգնէ իրենց զաւկին սրտին հասնելու, որպէսզի զաւակն ալ մղուի Եհովան սիրել եւ իր բարեկամը դառնալ (Առ. 22։6. Եփ. 6։4)։ դ23.11 21 ¶5. 23 ¶12

Երկուշաբթի, յուլիս 21

Մէկզմէկ մխիթարեցէք (Ա. Թես. 4։17)։

Ինչո՞ւ համար ուրիշները մխիթարելը սէր ցոյց տալու կարեւոր կերպ մըն է։ Աստուածաշունչը բացատրող գրքի մը համաձայն, Պօղոսին գործածած «մխիթարել» բառը կը նշանակէ՝ «մէկու մը կողքին կենալ զինք քաջալերելու համար, երբ անիկա խիստ նեղութեան մէջ է։ Ուրեմն, երբ նեղութեան մէջ եղող հաւատակից մը կը մխիթարենք, իրեն կ’օգնենք որ ոտքի կենայ եւ շարունակէ կեանքի ճամբուն մէջ քալել։ Ամէն անգամ որ եղբայր մը կամ քոյր մը կը մխիթարենք, իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք (Բ. Կոր. 7։6, 7, 13)։ Կարեկցութիւն ցոյց տալը եւ մխիթարելը իրարու հետ սերտօրէն կապուած են։ Ինչպէ՞ս։ Կարեկից անձը կը մղուի ուրիշները մխիթարելու եւ կը փորձէ բան մը ընել որ իրենց նեղութիւնը թեթեւցնէ։ Ուրեմն, նա՛խ մենք կարեկցութիւն կը զգանք եւ ետքն է որ կը մխիթարենք։ Նկատէ թէ Պօղոսը ինչպէ՛ս Եհովային կարեկցութիւնը կը կապէ իր տուած մխիթարութեան հետ։ Ան Եհովան կը նկարագրէ որպէս «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը» (Բ. Կոր. 1։3)։ դ23.11 9-10 ¶8-10

Երեքշաբթի, յուլիս 22

Նեղութիւններու մէջ կը պարծինք (Հռով. 5։3)։

Քրիստոսի բոլոր հետեւորդները կրնան ակնկալել որ նեղութիւններէ պիտի անցնին։ Նկատէ Պօղոս առաքեալին օրինակը։ Ան թեսաղոնիկեցիներուն ըսաւ. «Երբ մենք ձեր քով էինք, սկիզբէն ձեզի կ’ըսէինք թէ նեղութիւններու պիտի հանդիպինք, ինչպէս եղաւ ալ» (Ա. Թես. 3։4)։ Եւ կորնթացիներուն գրեց. «Մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ. . . նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ» (Բ. Կոր. 1։8. 11։23-27)։ Ներկայիս, քրիստոնեաներն ալ կ’ակնկալեն որ տեսակ–տեսակ նեղութիւններու հանդիպին (Բ. Տիմ. 3։12)։ Մինչ Յիսուսին կը հաւատաս եւ իրեն կը հետեւիս, թերեւս բարեկամներդ եւ ազգականներդ քեզի հետ գէշ կերպով վարուին։ Արդեօք գործի մէջ քու պարկեշտութիւնդ խնդիրներու դո՞ւռ բացած է (Եբ. 13։18)։ Արդեօք յոյսիդ մասին ուրիշներուն խօսիլդ պատճառ եղած է որ կառավարութեան կողմէ հալածուի՞ս։ Պօղոս կ’ըսէ որ ի՛նչ նեղութիւններ ալ ունենանք, պէտք է ուրախ ըլլանք։ դ23.12 10-11 ¶9-10

Չորեքշաբթի, յուլիս 23

Զիս փորձանքի մէջ ձգեցիք (Ծն. 34։30)։

Յակոբ լեցուն խնդիրներ ունեցաւ։ Անոր տղաները՝ Շմաւոնը եւ Ղեւին, իրենց ընտանիքը ամօթով ձգեցին եւ Եհովային անունը անարգեցին։ Ասկէ զատ, Յակոբի սիրելի կինը՝ Ռաքէլը՝ մեռաւ, երբ իր երկրորդ զաւակը կը ծննդաբերէր։ Ետքը, խիստ սովի պատճառով, Յակոբ իր ծերութեան ատեն ստիպուեցաւ Եգիպտոս փոխադրուիլ (Ծն. 35։16-19. 37։28. 45։9-11, 28)։ Հակառակ իր այս բոլոր խնդիրներուն, ան իր հաւատքը չկորսնցուց Եհովային եւ անոր խոստումներուն հանդէպ։ Եհովան ալ Յակոբին ցոյց տուաւ որ իրմով ուրախ էր։ Օրինակ, Եհովան Յակոբը օրհնեց՝ իր ունեցածը շատցնելով։ Ասկէ զատ, Յակոբ վստահաբար շատ շնորհակալ էր Եհովայէն, երբ միացաւ Յովսէփին՝ իր տղուն, որ կը կարծէր որ շատոնց մեռած էր։ Քանի՛ որ Յակոբ Եհովային հետ մտերիմ էր, կրցաւ իր դժուարութիւններուն տոկալ (Ծն. 30։43. 32։9, 10. 46։28-30)։ Մենք ալ երբ որ Եհովային հետ մտերիմ ըլլանք, կրնանք մեր անակնկալ դժուարութիւններուն տոկալ։ դ23.04 15 ¶6-7

Հինգշաբթի, յուլիս 24

Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ (Սաղ. 23։1)։

Սաղմոս 23–ի մէջ, Դաւիթ վստահ էր որ Եհովան զինք կը սիրէ եւ իրեն հոգ կը տանի։ Ան իր եւ Եհովային միջեւ իր յարաբերութիւնը կը նկարագրէ եւ Եհովան կը կոչէ իր Հովիւը։ Դաւիթ ապահով զգաց, քանի որ Եհովան զինք կ’առաջնորդէր, եւ լիովին վստահեցաւ Եհովային։ Ան գիտէր թէ Եհովան իր կեանքին բոլոր օրերուն ընթացքին զինք պիտի սիրէր։ Ան ինչո՞ւ այսքան վստահ էր։ Դաւիթ զգաց որ Եհովան միշտ լաւ հոգ կը տանի իր բոլոր պէտքերուն։ Ասկէ զատ, Դաւիթ գիտէր որ ան իր բարեկամն է եւ իրմով ուրախ է։ Ասոր համար Դաւիթ վստահ էր, որ ան պիտի շարունակէր իր պէտքերուն հոգ տանիլ, ի՛նչ որ ալ պատահէր ապագային։ Դաւիթին այս վստահութիւնը իրեն օգնեց որ չմտահոգուի, հապա՝ ուրախ եւ գոհունակ ըլլայ (Սաղ. 16։11)։ դ24.01 28-29 ¶12-13

Ուրբաթ, յուլիս 25

Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը (Մատ. 28։20)։

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր, Եհովային ժողովուրդը որոշ չափով խաղաղ պայմաններու մէջ եւ ազատօրէն քարոզած է շատ մը երկիրներու մէջ, եւ ասոր համար, քարոզչութիւնը շատ լաւ արդիւնքներ տուած է։ Ներկայիս, Կառավարիչ մարմինի անդամները կը շարունակեն Քրիստոսի առաջնորդութիւնը փնտռել, քանի որ անոնք կ’ուզեն որ եղբայրներուն տրուած ուղղութիւնները Եհովային կամքին համաձայն ըլլան։ Անոնք շրջանային տեսուչներն ու երէցները կը գործածեն այս ուղղութիւնները ժողովքներուն հասցնելու համար։ Օծեալ երէցները Քրիստոսի «աջ ձեռքին մէջ»ն են (Յայտ. 2։1)։ Անշուշտ, այս երէցները անկատար են եւ սխալներ կ’ընեն, ինչպէ՛ս որ Մովսէսը, Յեսուն եւ առաքեալները ատեններ սխալներ ըրին (Թւ. 20։12. Յես. 9։14, 15. Հռով. 3։23)։ Բայց եւ այնպէս, յստակօրէն կը տեսնենք որ Քրիստոս ուշադրութեամբ կ’առաջնորդէ հաւատարիմ ծառան եւ նշանակուած երէցները, եւ ան պիտի շարունակէ ասիկա ընել։ Հետեւաբար, շատ պատճառներ ունինք վստահ ըլլալու համար, որ Եհովան առաջնորդութիւն առնող այս տղամարդիկը կը գործածէ մեզ առաջնորդելու համար։ դ24.02 23-24 ¶13-14

Շաբաթ, յուլիս 26

Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս (Եփ. 5։1)։

Մեր օրերուն, Եհովան կ’ուրախացնենք՝ իր մասին խօսելով ջերմութեամբ, գնահատանքով եւ սիրով։ Երբ ծառայութեան մէջ ենք, մեր միտքը կը պահենք, որ մեր բուն նպատակն է մարդիկը Եհովային մօտեցնել եւ անոնց օգնել, որ մեզի պէս իրենք ալ Եհովան սիրալիր Հայր մը նկատեն (Յակ. 4։8)։ Մենք մարդոց հաճոյքով Սուրբ Գիրքէն ցոյց կու տանք որ Եհովան ունի գեղեցիկ յատկութիւններ։ Օրինակ՝ սէր, արդարութիւն, իմաստութիւն ու զօրութիւն։ Ասկէ զատ, մենք Եհովան կը փառաբանենք եւ կ’ուրախացնենք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ իրեն նմանինք։ Ասանկով, մարդիկ կը տեսնեն որ մենք շատ տարբեր ենք այս աշխարհին մէջ եղող միւս մարդոցմէն եւ թերեւս հարց կու տան թէ ինչո՛ւ (Մատ. 5։14-16)։ Իսկ երբ մեր առօրեայ կեանքին մէջ անոնց հետ գործ ունենանք, թերեւս առիթը ըլլայ որ անոնց բացատրենք, թէ մենք ինչո՛ւ տարբեր ենք։ Ասիկա անկեղծ մարդիկը մեր Աստուծոյն կը մօտեցնէ։ Երբ այս կերպերով Եհովան փառաբանենք, իր սիրտը կ’ուրախացնենք (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ դ24.02 10 ¶7

Կիրակի, յուլիս 27

Կարող եղիր. . . յորդորել եւ. . . յանդիմանել (Տիտ. 1։9)։

Հասուն քրիստոնեայ մը ըլլալու համար, պէտք է սորվիս բաներ, որոնք կրնան քեզի առօրեայ կեանքիդ մէջ օգնել։ Այս բաները քեզի պիտի օգնեն՝ որ պատասխանատուութիւններ շալկես ժողովքէն ներս, ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենաս եւ գտնես գործ մը որով կրնաս դուն քեզի կամ ընտանիքիդ պէտքերուն հոգ տանիլ։ Օրինակ, սորվէ լաւ գրել–կարդալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ուրախ եւ յաջող մարդ մը ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ անոր վրայ խոկալու համար (Սաղ. 1։1-3)։ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալով, ան Եհովային մտածելակերպը պիտի հասկնայ, ինչ որ իրեն պիտի օգնէ որ աւելի լաւ կերպով մտածէ եւ տրամաբանէ (Առ. 1։3, 4)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը այս կարող տղամարդոց կը վստահին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ուղղութիւն եւ խրատ ստանալու համար։ Եթէ լաւ գրել–կարդալ գիտես, պիտի կարենաս շատ աղուոր եւ հաւատք զօրացնող դասախօսութիւններ եւ պատասխաններ պատրաստել եւ տալ։ Ինչպէս նաեւ պիտի կարենաս օգտակար նոթեր առնել, որոնք քեզի պիտի օգնեն, որ թէ՛ քու հաւատքդ զօրացնես եւ թէ ուրիշները քաջալերես։ դ23.12 26-27 ¶9-11

Երկուշաբթի, յուլիս 28

Մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է (Ա. Յովհ. 4։4)։

Երբ վախնաս, մտածէ թէ Եհովան ի՛նչ պիտի ընէ ապագային, երբ Սատանան մէջտեղէն վերցուի։ 2014–ի տարեկան համաժողովի յայտագրին մէջ ցուցադրութիւն մը կար, ուր հայր մը իր ընտանիքին հետ քննարկեց Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը, եւ համարին բառերը փոխելով ցոյց տուաւ, որ Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ. «Նոր աշխարհին մէջ ամէնէն ուրախ ժամանակները պիտի գան։ Մարդիկ պիտի ըլլան՝ ուրիշները սիրողներ, ճշմարտութիւնը սիրողներ, համեստ, խոնարհ, Աստուած փառաբանողներ, ծնողներու հնազանդ, շնորհակալ, հաւատարիմ, իրենց ընտանիքին հանդէպ շատ գութ ունեցող, հաշտ, միշտ ուրիշներուն մասին լաւ խօսող, ինքնազսպում ունեցող, հեզ, բարին սիրող, վստահելի, ճկուն, Աստուած սիրող քան թէ՝ հաճոյք սիրող, անկեղծ աստուածպաշտութիւն ունեցող, եւ այս մարդոց հետ բարեկամացիր»։ Ընտանիքիդ կամ հաւատակիցներուդ հետ կը խօսի՞ս, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։ դ24.01 6 ¶13-14

Երեքշաբթի, յուլիս 29

Քեզի հաւնեցայ (Ղուկ. 3։22)։

Շատ կ’ուրախանանք երբ գիտնանք, որ Եհովան կը հաւնի իր ծառաներուն որպէս խումբ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի» (Սաղ. 149։4)։ Երբեմն, ոմանք այնքան յուսահատ կ’ըլլան, որ հարց կու տան, թէ Եհովան իրենց կը հաւնի՞։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրող Եհովային կարգ մը հաւատարիմ ծառաներն ալ այսպիսի մտածումներ ունեցած են (Ա. Թագ. 1։6-10. Յոբ 29։2, 4. Սաղ. 51։11)։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Եհովան մեզի պէս անկատար մարդոց կրնայ հաւնիլ։ Ինչպէ՞ս։ Եթէ Յիսուս Քրիստոսին հաւատանք ու մկրտուինք (Յովհ. 3։16)։ Այսպիսով, ուրիշներուն ցոյց կու տանք, որ մեր մեղքերուն համար զղջացած ենք եւ Եհովային խոստում տուած ենք, որ իր կամքը պիտի ընենք (Գործք 2։38. 3։19)։ Եհովան շատ կ’ուրախանայ, երբ այս քայլերը առնելով իր մօտիկ բարեկամները դառնանք։ Այնքան ատեն, որ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ իրեն ծառայելու մեր խոստումը պահենք, Եհովան մեզի կը հաւնի եւ մեզ իր մօտիկ բարեկամները կը սեպէ (Սաղ. 25։14)։ դ24.03 26 ¶1-2

Չորեքշաբթի, յուլիս 30

Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ (Գործք 4։20)։

Կրնանք Յիսուսին աշակերտները ընդօրինակել, երբ կը շարունակենք քարոզել, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնները պահանջեն որ ատիկա ընելէ կենանք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մեր ծառայութիւնը կատարենք։ Ուրեմն աղօթէ Եհովային, որ քեզի իմաստութիւն տայ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։ Մեզմէ շատեր հիւանդ են կամ զգացական խնդիրներ ունին, սիրելի մը մահով կորսնցուցած են, ընտանեկան դժուար պարագայ ունին, կը հալածուին կամ ուրիշ խնդիր մը ունին։ Իսկ համավարակները կամ պատերազմները այս դժուարութիւններէն շատեր անտանելի կը դարձնեն։ Անոր համար, սիրտդ Եհովային առջեւ բաց։ Իրեն պատմէ քու պարագայիդ մասին ճիշդ ինչպէս որ մտերիմ բարեկամի մը կը պատմէիր։ Եւ վստահ եղիր որ Եհովան քեզի համար բան մը պիտի ընէ (Սաղ. 37։3, 5)։ Շարունակ աղօթելը մեզի պիտի օգնէ, որ ‘նեղութեան մէջ համբերենք’ (Հռով. 12։12)։ Եհովան գիտէ որ իր ծառաները ինչերէ կ’անցնին. «անոնց աղաղակը կը լսէ» (Սաղ. 145։18, 19)։ դ23.05 5-6 ¶12-15

Հինգշաբթի, յուլիս 31

Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին (Եփ. 5։10)։

Երբ կարեւոր որոշումներու առջեւ ըլլանք, պէտք է տեսնենք, «թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը», եւ ետքը ատոր հիման վրայ որոշումներ առնենք (Եփ. 5։17)։ Երբ փնտռենք Սուրբ Գիրքի սկզբունքներ, որոնք մեր պարագային կը կիրարկուին, իրականութեան մէջ փնտռած կ’ըլլանք, որ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։ Երբ իր սկզբունքները գործադրենք, աւելի լաւ որոշումներ պիտի առնենք։ Մեր թշնամին Սատանան, կամ՝ «չարը», կ’ուզէ մեզ զբաղած պահել այս աշխարհին մէջ եղած բաներով, որպէսզի Աստուծոյ ծառայութեան համար ժամանակ չունենանք (Ա. Յովհ. 5։19, ՆԱ)։ Դիւրին է որ քրիստոնեայ մը սկսի կեդրոնանալ դրամի, ուսումի եւ գործի վրայ, փոխանակ Եհովային ծառայութեան մէջ իրեն ներկայացուած առիթները օգտագործելու։ Եթէ այսպէս պատահի, ասիկա ցոյց կու տայ, որ ան աշխարհի մտածելակերպէն ազդուած է։ Անշուշտ, այս բոլոր բաները ինքնին սխալ չեն, բայց բնա՛ւ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը պէտք չէ առնեն։ դ24.03 24 ¶16-17

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել