Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բ. Կորնթացիս 9
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Բ. Կորնթացիս 9։4

Ստորանիշներ

  • *

    9։4 Ոմանք չունին

Բ. Կորնթացիս 9։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 55

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ, էջ 221

    Դիտարան,

    9/1/2013, էջ 13

Բ. Կորնթացիս 9։10

Ստորանիշներ

  • *

    9։10 Ոմանք, կերակուրի համար հաց ալ պիտի պարգեւէ եւ ձեր սերմանելիքը պիտի աւելցնէ

  • *

    9։10 Ոմանք, պիտի շատցնէ

Բ. Կորնթացիս 9։11

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ, էջ 238

Բ. Կորնթացիս 9։12

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ, էջ 238-241

    Դիտարան,

    11/15/2000, էջ 11-12

Բ. Կորնթացիս 9։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ, էջ 237-238

Բ. Կորնթացիս 9։14

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ, էջ 237-238, 241-244

Բ. Կորնթացիս 9։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (հանրամատչելի),

    թիւ 2 2017 էջ 4

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    1/2016, էջ 12-13

    Դիտարան,

    11/15/2015, էջ 14

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ, էջ 238

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Բ. Կորնթացիս 9։1-15

Բ. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ

9 Սուրբերուն տրուելիք օգնութեան վրայ աւելորդ է ձեզի գրել։ 2 Վասն զի գիտեմ ես ձեր յօժարութիւնը, որուն համար կը պարծենամ ձեզի համար Մակեդոնացիներուն մէջ, թէ Աքայիացիները անցած տարուընէ ի վեր պատրաստ են։ Ասիկա շատերուն բարի նախանձը գրգռեց։ 3 Եւ ահա եղբայրներս ղրկեցի, որպէս զի մեր ձեզի համար պարծենալը այդ մասին մէջ պարապ չելլէ, հապա պատրաստ գտնուիք, ինչպէս ըսեր եմ. 4 Որ չըլլայ թէ երբ Մակեդոնացիները ինծի հետ գան ու ձեզ անպատրաստ գտնեն, մենք (որ չըսենք թէ դուք) ամօթով մնանք այս պարծանքին* վստահութեանը մէջ։ 5 Ուստի հարկաւոր սեպեցի եղբայրներուն աղաչել, որ առաջուընէ ձեզի գան ու ժամանակին կարգի դնեն ձեր խոստացած ընծան, որպէս զի պատրաստ ըլլայ, այնպէս որ մասնաւոր ընծայի պէս ըլլայ, ո՛չ թէ ակամայ տրուածի պէս։ 6 Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ՝ ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։ 7 Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։ 8 Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատեն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով՝ բարիք գործէք առատութեամբ. 9 Ինչպէս գրուած է. «Տարածեց ու աղքատներուն տուաւ։ Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ 10 Եւ անիկա որ սերմ ցանողին սերմ կը պարգեւէ եւ կերակուրի համար՝ հաց, ձեզի սերմանելիք պիտի պարգեւէ եւ աւելցնէ* ու ձեր արդարութեան պտուղները շատցնէ*. 11 Որպէս զի ամէն բանի մէջ հարստանաք ամէն կերպ առատութիւնով, որ մեր ձեռքով պիտի մղէ գոհութիւն տալ Աստուծոյ։ 12 Վասն զի այս պաշտօնին մատակարարութիւնը ո՛չ միայն սուրբերուն պակասութիւնը լեցնելու համար է, հապա որ աւելի շատ գոհանան Աստուծմէ։ 13 Այս պաշտօնին փորձովը Աստուած պիտի փառաւորեն՝ Քրիստոսին աւետարանը խոստովանելու հնազանդութեանը համար եւ այն առատաձեռնութեանը համար՝ որով հաղորդակցութիւն կ’ընէք անոնց ու ամենուն հետ. 14 Եւ անոնք ձեզի համար պիտի աղօթեն ձեզի ցանկալով՝ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար որ ձեզի տրուած է։ 15 Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել