Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թկ գլ. 20 էջ 236-247
  • Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աղէտէ տուժածներուն օգնելը ինչո՞ւ «սուրբ ծառայութիւն» է
  • Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներուն նպատակները
  • Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները մնայուն օգուտներ կը բերեն
  • Դուն ալ կրնա՞ս մասնակցիլ
  • Աղէտէ մը ետք ինչպէ՛ս օգնել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Եհովայի վկաները աղէտեալներուն կ’օգնե՞ն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Աղէտէ տուժածներուն օգնել 2021–ին. Մեր եղբայրներն ու քոյրերը երեսի վրայ չձգել
    Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին
  • Թագաւորութեան աջակցիլ. Շինարարութիւն եւ աղէտեալներու օգնութիւն
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
Տես աւելին
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
թկ գլ. 20 էջ 236-247

ԳԼՈՒԽ 20

Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Աղէտներու ժամանակ քրիստոնէական սէր ցուցաբերել

1, 2. ա) Հրէաստանի քրիստոնեաները ի՞նչ դժուարութիւն դիմագրաւեցին։ բ) Անոնք իրենց եղբայրներուն սէրը ինչպէ՞ս շօշափեցին։

ՇՈՒՐՋ Ք.Ե. 46 թուականն է։ Հրէաստան սաստիկ սովի մէջ է։ Այնքա՛ն ահաւոր սղութիւն կայ որ հոն ապրող Քրիստոսի հրեայ աշակերտները նոյնիսկ քիչ մը ցորեն գնելու անկարող են։ Անոնք շատ անօթի են։ Բայց Եհովան իր ծառաները երեսի վրայ չէ ձգած։ Անոնք շուտով աննախընթաց կերպով պիտի զգան թէ իրենց Աստուածը որքա՜ն հոգատար է։ Ի՞նչ պիտի պատահի։

2 Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի հրեայ քրիստոնեաներուն տառապանքին մասին իմանալով, Սուրիոյ Անտիոքի հրեայ եւ հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեաները գումարներ կը հաւաքեն իրենց հաւատակիցներուն համար։ Ապա, կ’ընտրեն երկու եղբայրներ՝ Բառնաբասն ու Սօղոսը, որպէսզի անոնց հետ օժանդակութիւնները ուղարկեն Երուսաղէմի ժողովքի երէցներուն (կարդա՛ Գործք 11։27-30. 12։25)։ Երեւակայէ թէ Հրէաստանի կարիքաւոր եղբայրները որքա՜ն ազդուեցան, երբ Անտիոքի եղբայրներուն սէրը շօշափեցին։

3. ա) Մեր օրերուն, Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը հետեւի Անտիոքի քրիստոնեաներուն օրինակին։ Օրինակ մը տուր (տես նաեւ «Մեր օրերու առաջին լայնածաւալ օգնութիւնը» շրջանակը)։ բ) Այս գլուխին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Ք.Ե. առաջին դարուն տեղի ունեցած այդ դէպքը առաջին արձանագրութիւնն է, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս շրջանի մը մէջ ապրող քրիստոնեաները օժանդակութիւններ կ’ուղարկեն ուրիշ շրջանի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։ Ներկայիս, Անտիոքի եղբայրներուն ձգած օրինակին կը հետեւինք։ Երբ իմանանք որ որոշ շրջանի մը մէջ մեր հաւատակիցները դժուարութիւն կը դիմագրաւեն կամ աղէտէ մը տուժած են, իրենց օգնութեան կը հասնինքa։ Հասկնալու համար թէ ինչպէ՛ս օգնութեան այս աշխատանքները կապ ունին մեր ծառայութեան հետ, նկատի առնենք երեք հարցումներ այդ աշխատանքներուն մասին. այդ աշխատանքները ինչո՞ւ ծառայութիւն կը նկատենք։ Ատոնց նպատակը ի՞նչ է։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք ատոնցմէ օգտուիլ։

Աղէտէ տուժածներուն օգնելը ինչո՞ւ «սուրբ ծառայութիւն» է

4. Պօղոս ի՞նչ ըսաւ կորնթացիներուն քրիստոնէական ծառայութեան մասին։

4 Կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս բացատրեց որ Աստուծոյ մատուցած քրիստոնեաներուն ծառայութիւնը երկու երեսակ ունի։ Թէեւ Պօղոսին նամակը ուղղուած էր միայն օծեալ քրիստոնեաներուն, բայց ներկայիս իր խօսքերը կը կիրարկուին Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ուն ալ (Յովհ. 10։16)։ Մեր ծառայութեան մէկ երեսակը «հաշտութեան պաշտօնն» է, այսինքն՝ քարոզելու եւ ուսուցանելու մեր գործունէութիւնը (Բ. Կոր. 5։18-20. Ա. Տիմ. 2։3-6)։ Միւս երեսակը կը պարփակէ ծառայութիւն մը, որ մեր հաւատակիցներուն ի նպաստ կը կատարենք։ Պօղոս այդ ծառայութեան ակնարկեց՝ ըսելով. «Սուրբերուն համար եղած օգնութիւն» (Բ. Կոր. 8։4)։ «Հաշտութեան պաշտօն» եւ «սուրբերուն համար եղած օգնութիւն» արտայայտութիւններուն մէջ, «պաշտօն» եւ «օգնութիւն» բառերը յունարէն տի·ա·քո·նիա բառին մէկ ձեւին թարգմանութիւնն են։ Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

5. Պօղոս ինչո՞ւ օգնութեան աշխատանքները ծառայութիւն սեպեց։

5 Երկու գործունէութիւններուն համար յունարէն նոյն բառը գործածելով, Պօղոս աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները դասեց քրիստոնէական ժողովքին կատարած միւս ծառայութիւններուն շարքին։ Ան առաջին նամակին մէջ արդէն նշած էր. «Պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց. . . միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ [զանոնք]» (Ա. Կոր. 12։4-6, 11)։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս ժողովքային զանազան ծառայութիւնները կապեց «սուրբ ծառայութեան» հետ (Հռով. 12։1, 6-8)b։ Զարմանալի չէ որ ան յարմար տեսաւ իր ժամանակին մէկ մասը տրամադրել «սուրբերուն սպասաւորութիւն ընելու» (Հռով. 15։25, 26)։

6. ա) Ինչպէս որ Պօղոս բացատրեց, օգնութեան աշխատանքները ինչո՞ւ մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ բ) Բացատրէ թէ այս աշխատանքները ներկայիս ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենան համայն աշխարհի մէջ (տե՛ս «Երբ աղէտը հարուածէ» շրջանակը)։

6 Պօղոս կորնթացիներուն օգնեց տեսնելու համար թէ ինչո՛ւ աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները իրենց ծառայութեան եւ պաշտամունքին մաս կը կազմեն։ Նկատի առ իր տրամաբանական բացատրութիւնը. քրիստոնեաները օգնութիւն կը մատուցանեն, քանի որ «Քրիստոսի Աւետարանին կը հնազանդի[ն]» (Բ. Կոր. 9։13, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն)։ Ուրեմն, Քրիստոսի ուսուցումները կիրարկելու փափաքը քրիստոնեաները կը մղէ իրենց հաւատակիցներուն օգնելու։ Պօղոս ըսաւ որ իրենց եղբայրներուն ի նպաստ քրիստոնեաներուն կատարած ազնիւ գործերը «Աստուծոյ գերազանց շնորհք»ը դրսեւորելու կերպեր են (Բ. Կոր. 9։14. Ա. Պետ. 4։10)։ Կարիքաւոր եղբայրներուն ծառայելու մասին խօսելով, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1975 թիւը նշեց. «Բնաւ պէտք չէ կասկածինք թէ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս իսկապէս կարեւորութիւն կու տան այս տեսակի ծառայութեան»։ Արդարեւ, այս աշխատանքները սուրբ ծառայութեան արժէքաւոր մէկ մասն են (Հռով. 12։1, 7. Բ. Կոր. 8։7. Եբ. 13։16)։

Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներուն նպատակները

7, 8. Աղէտեալներու օգնութեան աշխատանքներուն առաջին նպատակը ի՞նչ է. բացատրէ՛։

7 Օգնութեան աշխատանքներուն նպատակը ի՞նչ է։ Պօղոս այս հարցումին պատասխանեց կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 9։11-15)։ Այս համարներուն մէջ, Պօղոս կը շեշտէ երեք գլխաւոր նպատակներ, զորս օգնութեան աշխատանքները կ’իրագործեն։ Մէկ առ մէկ նկատի առնենք զանոնք։

8 Առաջին, աղէտէ տուժածներուն օգնելով Եհովան կը փառաւորենք։ Նկատի առ թէ վերոնշեալ համարներուն մէջ Պօղոս որքա՛ն յաճախ իր եղբայրներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Եհովա Աստուծոյ վրայ։ Առաքեալը իրենց կը յիշեցնէ «գոհութիւն տալ Աստուծոյ» եւ «աւելի շատ գոհանան Աստուծմէ» (11–րդ եւ 12–րդ համարներ)։ Ան կը նշէ թէ ինչպէ՛ս օգնութեան աշխատանքները քրիստոնեաները կը մղեն ‘Աստուած փառաւորելու’ եւ «Աստուծոյ գերազանց շնորհք»ը փառաբանելու (13–րդ եւ 14–րդ համարներ)։ Պօղոս այս աշխատանքներուն նկատմամբ իր խօսքերը կ’աւարտէ ըսելով. «Գոհութիւն Աստուծոյ» (15–րդ համար. Ա. Պետ. 4։11)։

9. Օգնութեան աշխատանքները ինչպէ՞ս կրնան փոխել մարդոց մտածելակերպը. օրինակ մը տուր։

9 Պօղոսի նման, Աստուծոյ այժմու ծառաները կը նկատեն թէ աղէտեալներուն օգնութիւն մատուցանելը Աստուած փառաւորելու եւ անոր ուսուցումները զարդարելու պատեհութիւն է (Ա. Կոր. 10։31. Տիտ. 2։10)։ Իրականութեան մէջ, այդ աշխատանքները յաճախ կարեւոր դեր խաղցած են Եհովային եւ անոր Վկաներուն մասին կազմուած սխալ կարծիքները վանելու կարգ մը մարդոց մտքէն։ Լուսաբանենք. կին մը, որ կ’ապրէր շրջանի մը մէջ ուր փոթորկահով հարուածած էր, իր տան դրան վրայ դրած էր հետեւեալ նոթը. «Եթէ Եհովայի վկայ մըն ես, մեր դուռը չզարնես»։ Ապա, օր մը ան տեսաւ թէ աղէտեալներու օգնութիւն մատուցանողներ իր տան դիմացի տունը կը նորոգեն։ Օրերով անոնց բարեկամական համագործակցութիւնը դիտեց. յետոյ, անոնց մօտ գնաց տեսնելու համար թէ ո՛վ են։ Երբ իմացաւ որ այդ կամաւորները Եհովայի վկաներ են, հիացաւ ու ըսաւ. «Ես ձեզ սխալ կերպով դատած եմ»։ Առ ի արդիւնք, ան այդ նոթը իր դրան վրայէն վերցուց։

10, 11. ա) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ օգնութեան աշխատանքներուն երկրորդ նպատակը կ’իրագործենք։ բ) Ո՞ր գրքոյկը կ’օգնէ օգնութիւն մատուցանողներուն (տե՛ս «Օգնութիւն մատուցանողներուն համար գրքոյկ» շրջանակը)։

10 Երկրորդ, մեր հաւատակիցներուն ‘պակասութիւնը կը լեցնենք’ (Բ. Կոր. 9։12ա)։ Մենք շատ կը փափաքինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն անմիջական կարիքները գոհացնել եւ անոնց տառապանքը թեթեւցնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քրիստոնէական ժողովքի անդամները ‘մէկ մարմին’ կը կազմեն եւ «եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ» (Ա. Կոր. 12։20, 26)։ Ուրեմն, եղբայրսիրութիւնն ու կարեկցութիւնը բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր կը մղէ որ իրենց յայտագիրները ճշդեն, իրենց գործիքները հաւաքեն եւ ուղղուին դէպի աղէտի գօտի՝ իրենց հաւատակիցներուն օգնելու համար (Յակ. 2։15, 16)։ Օրինակ 2011–ին, երբ ցունամի մը Ճափոնը հարուածեց, Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը նամակ մը ուղարկեց Միացեալ Նահանգներու Շրջանային շինարարական յանձնախումբերուն, որուն մէջ հարցուց թէ կրնա՞ն «քանի մը որակեալ եղբայրներ» ղրկել Ճափոն՝ Թագաւորութեան սրահներ վերաշինելու համար։ Պատասխանը ի՞նչ էր։ Քանի մը շաբթուան մէջ, շուրջ 600 կամաւորներ դիմումնագիր լեցուցին եւ ընդունեցին իրենց հաշւոյն Ճափոն ճամբորդել։ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը ըսաւ. «Պատասխանը մեզ ապշեցուց»։ Երբ Ճափոնի մէջ եղբայր մը օգնութիւն մատուցանողներէն մէկուն հարցուց թէ ինչո՛ւ եկաւ Ճափոն, ան պատասխանեց. «Ճափոնի մեր եղբայրները ‘մեր մարմինին’ մէկ մասն են։ Մենք անոնց ցաւն ու տառապանքը կը զգանք»։ Անձնազոհ սէրէ մղուած՝ աղէտեալներուն օգնութիւն մատուցանողները երբեմն իրենց կեանքը վտանգած են իրենց հաւատակիցներուն օգնելու համար (Ա. Յովհ. 3։16)c։

Եհովայի վկայ մը իր հաւատակիցներուն համար օժանդակութիւններ կը կազմակերպէ, Զուիցերիա, 1946

Զուիցերիա, 1946

ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1945–ին, Եւրոպայի մէջ Բ. Աշխարհամարտը աւարտելէ միայն քանի մը ամիս ետք, եղբայր Նոր յայտարարեց լայնածաւալ արշաւի մը սկիզբը՝ «Կեդրոնական Եւրոպայի կարիքաւոր եղբայրներուն նիւթական օժանդակութիւն» ղրկելու համար։

Այդ յայտարարութեան յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող Վկաները սկսան հագուստներ եւ ուտելիք հաւաքել ու դասաւորել։ Յունուար 1946–էն սկսեալ, օժանդակութիւնները ուղարկուեցան Անգլիոյ, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Իտալիոյ, Լեհաստանի, Հոլանտայի, Հունգարիոյ, Յունաստանի, Չեխոսլաւաքիայի, Չինաստանի, Նորվեկիոյ, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Ֆիլիփիններու, Ֆինլանտայի եւ Ֆրանսայի հաւատակիցներուն։

Այս նախաձեռնութիւնը երկուքուկէս տարի տեւեց։ Այդ ժամանակ, շուրջ 85,000 եղբայրներ եւ քոյրեր պատերազմով պառակտուած երկիրներուն մէջ գտնուող եղբայրներուն ու քոյրերուն ուղարկեցին շուրջ 300,000 քկ. ուտելիք, շուրջ 450,000 քկ. հագուստ եւ աւելի քան 124,000 զոյգ կօշիկ։ Օգոստոս 1948–ին այս լայնածաւալ օգնութիւնը աւարտեցաւ։ «Ասիկա իսկապէս սիրոյ մեծ դրսեւորում էր», նշեց Դիտարան–ը 1949–ին։ «Գիտենք որ մեր եղբայրները այս մէկը ըրին Տէրը պատուելու համար, ի մտի ունենալով որ այս նիւթական օգնութիւնը ոմանց պիտի օգնէ որ շարունակեն ճշմարիտ պաշտամունք մատուցանել Աստուծոյ. ուստի անոնք մեծ առանձնաշնորհում սեպեցին իրենց եղբայրներուն այս կերպով ծառայել»։ Այս օժանդակութիւնը Եհովան փառաբանեց, հաւատակիցներուն օգնեց եւ համաշխարհային եղբայրութեան միութիւնը ամրացուց։

11 Ոչ–Վկաներն ալ իրենց գնահատութիւնը կը յայտնեն մեր տարած այս աշխատանքներուն համար։ Օրինակ 2013–ին, երբ ԱՄՆ–ի Արքանսաս նահանգը աղէտ մը հարուածեց, լրագիր մը տեղեկագրեց թէ ինչպէ՛ս Վկայ կամաւորներ անմիջապէս օգնութեան փութացին՝ նշելով. «Եհովայի վկաները ա՛յնքան լաւ կերպով կը կազմակերպեն օգնութիւն մատուցանողներուն աշխատանքները, որ անոնք կրնան հմտօրէն եւ ազդու կերպով աղէտին հակազդել»։ Ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, մենք մեր կարիքաւոր եղբայրներուն ‘պակասութիւնը կը լեցնենք’։

12-14. ա) Օգնութեան աշխատանքներուն երրորդ նպատակը իրագործելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ բ) Ո՞ր խօսքերը ցոյց կու տան թէ հոգեւոր գործունէութիւններով զբաղած մնալը կարեւոր է։

12 Երրորդ, տուժածներուն կ’օգնենք որ իրենց հոգեւոր սովորամոլութեան վերադառնան։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Պօղոս կը նշէ թէ օգնութիւն ստացողները պիտի մղուին ‘շատ գոհանալու Աստուծմէ’ (Բ. Կոր. 9։12բ)։ Անոնք պիտի կարենան այս մէկը ընել՝ երբ կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնան իրենց հոգեւոր սովորամոլութեան (Փլպ. 1։10)։ 1945–ին, Դիտարան–ը նշեց. «Պօղոս հաւանութիւն տուաւ. . . նուիրատուութիւններ հաւաքելու. . . քանի որ ատոնք կ’օգնէին. . . կարիքաւոր եղբայրներուն նիւթական հոգը որոշ չափով թեթեւցնելու, որպէսզի անոնք կարողանան աւելի ազատօրէն եւ ժրաջանութեամբ մասնակցիլ Եհովայի մասին վկայելու գործին»։ Մեր նպատակը այսօր նոյնն է։ Երբ մեր եղբայրները քարոզչութեան վերադառնան, ոչ միայն կը զօրացնեն մարդիկը, այլեւ՝ իրենք զիրենք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։

13 Նկատի առ խօսքերը կարգ մը անհատներու, որոնք ատենին օգնութիւն ստանալով դարձեալ սկսան քարոզչութեան մասնակցիլ եւ անով զօրանալ։ «Ընտանիքիս համար օրհնութիւն էր դաշտի ծառայութեան երթալ», ըսաւ եղբայր մը։ «Մինչ կը փորձէինք ուրիշները մխիթարել, մենք ալ քիչ մը հանգստացանք մեր հոգերէն»։ Քոյր մը ըսաւ. «Հոգեւոր գործունէութեան վրայ կեդրոնանալով, կարծես կը մոռնայի շուրջս գտնուող աւերումները. եւ ասիկա ինծի ապահովութեան զգացում կու տար»։ Ուրիշ քոյր մըն ալ ըսաւ. «Թէեւ շատ մը բաներ մեր կարողութեան սահմաններէն դուրս էին, բայց ծառայութիւնը մեզի օգնեց որ մեր փայլուն ապագային մասին մտածենք։ Նոր աշխարհի յոյսին մասին ուրիշներուն հետ խօսիլը ամրացուց մեր վստահութիւնը թէ ամէն բան նոր պիտի ըլլայ»։

14 Ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ուրիշ հոգեւոր գործունէութիւն մըն է, որուն պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնան մեր տուժած եղբայրները։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Քիոքոյի հետ,– քոյր մը՝ որ իր 50–ական տարիքին վերջաւորութեան էր, երբ ցունամի մը հարուածեց։ Ան իր հագած հագուստէն զատ ամէ՛ն բան կորսնցուց։ Կորսուած զգալով՝ ան հարց տուաւ թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակէր ապրիլ։ Յետոյ, եղբայր մը իրեն ըսաւ որ իրենց ժողովը կանոնաւորաբար պիտի ունենան իր ինքնաշարժին մէջ։ Քիոքոն կ’ըսէ. «Երէցն ու իր կինը եւ ես ու քոյր մը ինքնաշարժին մէջ նստանք։ Ժողովը շատ պարզ էր, բայց երազի մը նման ցունամիին յիշատակը մտքէս գնաց։ Մտքի խաղաղութիւն ունեցայ։ Այդ ժողովը ինծի ցոյց տուաւ քրիստոնէական ընկերակցութեան զօրութիւնը»։ Աղէտէ մը ետք ժողովներու ներկայ գտնուելու նկատմամբ ուրիշ քոյր մը ըսաւ. «Անոնք ինծի օգնեցին տոկալու» (Հռով. 1։11, 12. 12։12)։

Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները մնայուն օգուտներ կը բերեն

15, 16. ա) Օգնութիւն մատուցանող Կորնթոսի քրիստոնեաներն ու ուրիշներ ի՞նչ օգուտներ պիտի քաղէին։ բ) Այս տեսակի ծառայութենէն մենք ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

15 Այս տեսակի ծառայութեան մասին խօսելով, Պօղոս նաեւ կորնթացիներուն բացատրեց այն օգուտները, որոնք իրենք եւ միւս քրիստոնեաները պիտի ստանային, երբ այս գործին մասնակցէին։ Ան ըսաւ. «[Երուսաղէմի հրեայ քրիստոնեաները, որոնք օգնութիւն ստացան] պիտի աղերսեն ձեզի համար, կարօտնալով ձեզ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար՝ որ ձեր մէջ է» (Բ. Կոր. 9։14, ԱԾ)։ Այո՛, կորնթացիներուն առատաձեռնութիւնը հրեայ քրիստոնեաներուն սէրը պիտի խորացնէր անոնց հանդէպ եւ զիրենք պիտի մղէր աղօթելու Կորնթոսի թէ՛ հրեայ եւ թէ հեթանոսութենէ դարձած եղբայրներուն համար։

16 Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1945 թիւը խօսեցաւ Պօղոս առաքեալի նշած օգուտներուն մասին, որոնք աղէտէ տուժածներուն օգնելէ յառաջ կու գան՝ ըսելով. «Երեւակայէ այն միութիւնը որ կը տիրէ, երբ Աստուծոյ նուիրուած ծառաները իրարու պէտքերը կը հոգան»։ Ներկայիս, աղէտէ տուժածներուն օգնութիւն մատուցանողները ճիշդ այս մէկը կը շօշափեն։ «Օգնութեան աշխատանքներուն մասնակցելով ա՛լ աւելի մօտեցած եմ եղբայրներուս», կ’ըսէ եղբայր մը՝ որ հեղեղէ տուժածներուն օգնեց։ Երախտապարտ քոյր մը, որ օգնութիւն ստացաւ, կ’ըսէ. «Մեր վայելած եղբայրութիւնը ամէնէն մօտ բանն է Դրախտին» (կարդա՛ Առակաց 17։17)։

17. ա) Եսայի 41։13–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կը կիրարկուին օգնութեան աշխատանքներուն։ բ) Նշէ կարգ մը օրինակներ, թէ ինչպէ՛ս այդ աշխատանքները կը փառաւորեն Եհովան եւ մեր միութիւնը կ’ամրացնեն (տես նաեւ «Կամաւորներ կը փութան օգնելու իրենց եղբայրներուն» շրջանակը)։

17 Երբ օգնութիւն մատուցանողները աղէտի գօտի կը հասնին, մեր տուժած եղբայրները կը շօշափեն Աստուծոյ այս խոստումին ճշմարտութիւնը. «Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’» (Եսա. 41։13)։ Աղէտէ մը վերապրելէ ետք, քոյր մը ըսաւ. «Աւերումը տեսնելով անյոյս զգացի, բայց Եհովան իր ձեռքը երկարեց։ Եղբայրներէն ստացած օգնութիւնս աննկարագրելի է»։ Երբ աղէտ մը երկու երէցներու ապրած շրջանը տակնուվրայ ըրաւ, անոնք ժողովքներուն անունով նամակ մը ուղարկեցին, որ կ’ըսէր. «Երկրաշարժը մեծ ցաւ պատճառեց, բայց մենք Եհովային օգնութիւնը շօշափեցինք մեր եղբայրներուն միջոցաւ։ Մենք կարդացած էինք աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներուն մասին, բայց հիմա՝ մեր աչքերով տեսանք թէ ատիկա ինչպէ՛ս կը կատարուի»։

Փիթըր Ճոնսըն կ’աշխատի շինարարական ծրագրի մը վրայ

«ԿԵԱՆՔՍ ԿԱՂԱՊԱՐԵՑ»

ԱՂԷՏԷ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենան երիտասարդներուն վրայ։ Փիթըր Ճոնսըն 18 տարեկան էր երբ առաջին անգամ այս աշխատանքին մասնակցեցաւ։ Ան կը յիշէ. «Տալէ յառաջ եկած ուրախութիւնը եւ եղբայրներուն երախտագիտութիւնը տեսնելով՝ խորապէս ազդուեցայ։ Անիկա Եհովային լիովին ծառայելու իմ փափաքս զօրացուց»։ Անկէ ետք, Փիթըր սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել։ Ան նաեւ Բեթէլի մէջ ծառայեց եւ յետագային դարձաւ Շրջանային շինարարական յանձնախումբի մը մէկ անդամը։ «1974–ին, աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքին առաջին անգամ ըլլալով մասնակցիլը», կ’ըսէ Փիթըր, «կեանքս կաղապարեց»։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Երիտասա՞րդ մըն ես։ Կրնա՞ս Փիթըրին օրինակին հետեւիլ։ Ո՛վ գիտէ թէ աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքը ինչպէ՛ս կրնայ քու կեանքդ կաղապարել Եհովայի ծառայութեան մէջ։

Դուն ալ կրնա՞ս մասնակցիլ

18. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ կ’ուզես աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներուն մասնակցիլ (տես նաեւ «Կեանքս կաղապարեց» շրջանակը)։

18 Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներէն յառաջ եկած ուրախութիւնը կ’ուզե՞ս վայելել։ Եթէ այո՛, ի մտի ունեցիր որ այդ ծառայութիւնը մատուցանողները յաճախ կ’ընտրուին Թագաւորութեան սրահներու շինարարական ծրագիրներու մէջ աշխատողներուն մէջէն։ Ուստի, ժողովքիդ երէցներուն յայտնէ թէ կ’ուզես դիմումնագիր լեցնել։ Այս աշխատանքներուն տարիներէ ի վեր մասնակցող եղբայր մը այս յիշեցումը կու տայ. «Աղէտի գօտի ճամբորդէ միայն երբ աղէտէ տուժածներու օգնող յանձնախումբէն պաշտօնական հրաւէր ստացած ես»։ Այսպէս, մեր այս գործունէութիւնը կարգաւ պիտի ընթանայ։

19. Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ իսկապէս Քրիստոսի աշակերտներն ենք։

19 Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքը Քրիստոսի ‘մէկզմէկ սիրեցէք’ պատուէրին հնազանդելու հոյակապ մէկ կերպն է։ Այսպիսի սէր ցուցաբերելով ցոյց կու տանք որ իսկապէս Քրիստոսի աշակերտներն ենք (Յովհ. 13։34, 35)։ Ի՜նչ օրհնութիւն է որ ա՛յսքան կամաւորներ ունինք, որոնք Եհովային փառք կը բերեն՝ այս տեսակի ծառայութիւն մատուցանելով անոնց՝ որոնք հաւատարմօրէն կ’աջակցին Աստուծոյ Թագաւորութեան։

a Այս գլուխը կը քննարկէ օգնութեան աշխատանքներ, զորս կը տրամադրենք մեր հաւատակիցներուն։ Բայց շատ մը պարագաներուն ոչ–Վկաներն ալ կ’օգտուին մեր այս ծառայութենէն (Գաղ. 6։10)։

b Պօղոս գործածեց տի·աքո·նոս (ծառայ) բառին յոգնակի ձեւը, նկարագրելու համար «օգնական ծառաները» (Ա. Տիմ. 3։12, ՆԱ)։

c Տե՛ս Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 1994 թիւին «Պոսնիոյ մեր հաւատակիցներուն օգնել» յօդուածը, էջ 23-27 (անգլերէն)։

Թագաւորութիւնը որքա՞ն իրական է քեզի համար

  • Ինչպէ՞ս գիտենք որ աղէտէ տուժածներու օգնելու մեր աշխատանքները Եհովային մատուցած մեր սուրբ ծառայութեան մէկ մասն են։

  • Օգնութեան աշխատանքներուն երեք հիմնական նպատակները ի՞նչ են։

  • Օգնութեան աշխատանքները ի՞նչ մնայուն օգուտներ կը բերեն։

  • Օգնութեան աշխատանքները ինչպէ՞ս առնչուած են Յովհաննէս 13։34–ին։

ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՓՈՒԹԱՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՓՐԻԿԷ

1994–ին, 800,000 կամ աւելի անհատներ Ռուանտայի ցեղային ջարդին զոհ գացին։ Անկէ ետք, խռովութիւններ սկսան Կեդրոնական Ափրիկէի այլ երկիրներու մէջ, ինչ որ գաղթակայանները խճողեց։ Իրենց հաւատակիցներուն օգնելու համար, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի եւ Ֆրանսայի Եհովայի վկաները օդային ճամբով շուրջ 300 թոն հագուստ, դեղ, վրան, ուտելիք եւ այլ անհրաժեշտ բաներ ուղարկեցին։ Քանի մը շաբաթ ետք, այդ օժանդակութիւնները կարիքաւոր եղբայրներուն հասան։

Նաեւ, Ֆրանսայէն 10 Վկայ բժիշկներ ու հիւանդապահուհիներ օգնութիւն մատակարարած են Ափրիկէի մեր եղբայրներուն, որոնք քաղաքացիական պատերազմէ, սովէ եւ հիւանդութենէ տառապած են։ Միայն անցեալ երկու տարիներուն ընթացքին, անոնք աւելի քան 10,000 բժշկական պարագայի հոգ տարին։ Անոնց աշխատանքը կը փառաբանէ Եհովան եւ անոր կազմակերպութիւնը։ «Երբ հասնինք շրջան մը՝ օգնելու համար մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն», կը պատմէ հիւանդապահուհիներէն մէկը, «մարդիկ յարգանքով կ’ըսեն. ‘Ասոնք Եհովայի վկաներն են։ Անոնք եկած են իրենց եղբայրներուն օգնելու’»։ Հիւանդապահուհիէ մը օգնութիւն ստանալէ ետք, Վկայ մը ըսաւ. «Շնորհակա՛լ եմ քոյրս։ Շնորհակա՛լ եմ Եհովա»։

Երբեմն, օգնութեան աշխատանքներու պէտք կ’ըլլայ նաեւ լուրջ արկածներու ժամանակ։ 2012–ին, Նիկերիոյ մէջ ճամբու արկածի մը պատճառաւ սպաննուեցան 13 Վկաներ, որոնք պզտիկ ժողովքի մը կը պատկանէին. իսկ 54 ուրիշներ ծանրօրէն վիրաւորուեցան։ Աղէտէ տուժածներու օգնող յանձնախումբ մը կազմակերպուեցաւ, որ գիշեր–ցերեկ իւրաքանչիւր վիրաւորի հոգ կը տանէր։ Երբ հիւանդանոցի մը մէկ հիւանդը նկատեց թէ Վկաները ինչպէ՛ս հոգ կը տանին վիրաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, իր վարդապետին հեռաձայնեց ու ըսաւ. «Մեր եկեղեցիէն մէ՛կը չայցելեց ինծի։ Հիւանդանոց եկո՛ւր եւ տես թէ Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս իսկապէս զիրար կը սիրեն»։

Հակառակ անոր որ այդ փոքր ժողովքի մեր սիրելի եղբայրները մեծ կորուստ ունեցան, բայց հաւատակիցներուն ցուցաբերած սէրը զիրենք մխիթարեց։ Ասկէ զատ, օգնութիւն մատուցանողներուն սիրալիր հոգատարութիւնը տեսնելով, այդ ժողովքէն անհատներ մղուեցան իրենց ծառայութիւնը աւելցնելու։ Արկածէն առաջ, ժողովքը ունէր 35 հրատարակիչներ։ Մէկ տարուան մէջ անոնց թիւը հասաւ 60–ի։

ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

2013–ին, Քուինզլէնտի ծովափը հարուածեց հեղեղ մը, որ 70 Վկաներ անտուն ձգեց։ Մարքն ու Ռանտան եւ իրենց աղջիկը իրենց հեղեղուած տունը ձգելով գացին տարհանումի կեդրոն մը (evacuation center)։ Վայրը մարդոցմով լեցուն էր։ «Նստելու տեղ չկար», կը պատմէ Ռանտան։ Գացող–եկող ուղղաթիռներուն զիլ ձայնը լարուած մթնոլորտին վիճակը վատթարացուց։ Մտահոգ Ռանտան իր ամուսինին հարցուց. «Ի՞նչ պիտի ընենք»։ Մարքը ջերմեռանդօրէն Եհովային աղօթեց՝ օգնութիւն խնդրելով։ Ռանտան կ’ըսէ. «Շուրջ կէս ժամ ետք ինքնաշարժ մը հասաւ եւ երեք եղբայրներ դուրս եկան։ Մեզ տեսնելով՝ անոնք ըսին. ‘Ձեզի մեզի հետ պիտի տանինք։ Եղբօր մը տունը պիտի մնաք’»։ Ռանտան կ’աւելցնէ. «Շատ դժուար է նկարագրել մեր զգացումները, այդ վայրկեանին՝ երբ Եհովայի կազմակերպութեան սիրալիր հոգատարութիւնը զգացինք»։

Աւելի քան 250 կամաւորներ անմիջապէս ուղղուեցան աղէտի գօտի օգնելու համար իրենց եղբայրներուն։ Տարեց եղբայր մը կ’ըսէ. «Խումբ մը Վկաներ եկան ու մրջիւններու պէս աշխատեցան ու տունս մաքրեցին։ Կինս եւ ես բնաւ պիտի չմոռնանք թէ անոնք ինչպէ՛ս մեր օգնութեան հասան»։

ՊՐԱԶԻԼ

2008–ին, Սանթա Գադարինա նահանգին մէջ տեղի ունեցած հողի սահանքներն ու հեղեղները շուրջ 80,000 մարդիկ անտուն ձգեցին։ Անիկա «կաւի, ցեխի եւ ծառերու ցունամի» մըն էր, կ’ըսէ բնակիչ մը։ Եղբայրներէն ոմանք ապաստանարան գտան համաժողովի սրահի մը մէջ։ «Անոնք փախած էին միայն իրենց ցեխոտած հագուստներով», կը պատմէ Մարսիօ, սրահին հոգ տանող եղբայրը։ Քոյր մը կ’ըսէ. «Մեր տունը փուլ եկաւ։ Ցաւալի էր տեսնել որ անիկա քանի մը երկվայրկեանի մէջ անհետացաւ, բայց բնաւ պիտի չմոռնամ թէ ինչպէ՛ս մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ մխիթարեցին։ Շատե՜ր մեզի հանդէպ սէր ցուցաբերեցին. ինչ որ ինծի սորվեցուց թէ որքա՜ն իմաստութիւն է հոգեւոր բաները արժեւորել»։

Պրազիլի մէջ Եհովայի վկաները օժանդակութիւններ կը կազմակերպեն ու կը բաշխեն Պրազիլի մէջ

Համաժողովի սրահ մը կը վերածուի նուիրատուութեան իրերով լեցուն օգնութեան կեդրոնի մը Սանթա Գադարինայի մէջ, Պրազիլ, 2009

Հողի սահանքները Ռիօ տը Ժանէյրոյի մօտ գտնուող լեռնալանջերուն շրջանները աւերած են։ Այսպիսի յաճախակի աղէտներու հետ ազդու կերպով գլուխ ելլելու համար, եղբայրները կազմակերպած են աղէտէ տուժածներու օգնող մնայուն յանձնախումբ։ Երբ մօտալուտ հողի սահանքներ սպառնան, ազդուած շրջաններուն մէջ ապրող նշանակուած եղբայրներ յանձնախումբին լուր կու տան։ Շուտով կամաւորներ կը հասնին բեռնակառքերով, որոնց վրայ գրուած է՝ «Եհովայի վկաներ. Մարդասիրական օգնութիւն»։ Լաւ–պատրաստուած փրկարարները կանխաւ գիտեն իրենց տանելիք աշխատանքը։ Անոնք կը հագուին բաճկոններ, որոնց շնորհիւ մարդիկ կրնան ճանչնալ զիրենք որպէս Եհովայի վկաներ։ Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբերուն հետ միասին, անոնք վիրաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնեն։ Օգնութիւն մատուցանողները կը բերեն ուտելիք, ջուր, դեղեր, հագուստ եւ մաքրութեան նիւթեր։ Տուները ցեխէն մաքրելը հսկայ գործ մըն է։ Վերջերս տեղի ունեցած հողի սահանքէ մը ետք, 60 կամաւորներ միայն 1 տունէ 4 բեռնակառք ցեխ պարպեցին։

ԱՂԷՏՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ

Կառավարիչ մարմինը աշխարհի բոլոր մասնաճիւղերուն պատուիրած է որ ժողովքի երէցներուն ու շրջագայող տեսուչներուն տան ուղղութիւններ, որոնք կը բացատրեն թէ ինչպէ՛ս կարելի է աղէտներու համար նախապատրաստուիլ եւ անոնց հետ գլուխ ելլել։ Օրինակ, նոյնիսկ աղէտ մը հարուածելէ առաջ, երէցները պէտք է վստահ ըլլան որ այժմէականացած տեղեկութիւններ ունին ժողովքի իւրաքանչիւր անդամին մասին։

ԵՐԲ ԱՂԷՏԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ

Քրիստոնեայ երէց մը վստահ կ’ըլլայ որ ընտանիք մը լաւ վիճակի մէջ է
  1. Երէցները կապ կը պահեն բոլոր հրատարակիչներուն հետ

  2. Երէցները վիճակը կը ներկայացնեն երէցներու մարմինի համակարգողին

  3. Ժողովքներու համակարգողներուն, շրջագայող տեսուչներուն, պատասխանատու եղբայրներուն եւ մասնաճիւղին միջեւ եղած կապը

    Համակարգողները կը տեղեկագրեն շրջագայող տեսուչներուն եւ այլ պատասխանատու եղբայրներու, որոնք մասնաճիւղի գրասենեակին հետ կապի մէջ են

  4. Ուտելիք եւ ջուր

    Կարելի եղածին չափ շուտ՝ ուտելիք, ջուր, ապաստանարան, բժշկական խնամք եւ զգացական ու հոգեւոր աջակցութիւն կը տրուի

  5. Տեղեկագրութիւն՝ թէ ինչ բաներու կարիք կայ աղէտի գօտիին մէջ

    Մասնաճիւղը տիրող վիճակին եւ կարիքներուն մասին տեղեկագրութիւն մը կ’ուղարկէ Կառավարիչ մարմինի Համակարգողներու յանձնախումբին

  6. Աղէտէ տուժածներուն օժանդակութիւններ բաշխել

    Աղէտէ տուժածներու օգնող յանձնախումբը օգնութեան աշխատանքները կը կազմակերպէ եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնէ, որ կամաց–կամաց իրենց բնական կեանքին վերադառնան

  7. Թռչող օդանաւ

    Համակարգողներու յանձնախումբը կարիքները կը կշռադատէ, եւ եթէ հարկ ըլլայ, հաւանութիւն կու տայ որ այլ երկիրներէ կամաւորներ օգնութիւն տրամադրեն

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՈՒՑԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԳՐՔՈՅԿ

Եհովայի վկաները կ’օգնեն աղէտէ տուժածներուն գրքոյկին կողքը

ՅՈՒՆԻՍ 2013–ին, Եհովայի վկաները կ’օգնեն աղէտէ տուժածներուն գրքոյկը մատչելի դարձաւ։ Անիկա մասնաւորաբար պատրաստուած էր Միացեալ Նահանգներուն պետական պաշտօնեաներուն համար, որոնք կը վերահսկեն ստիպողական պարագաներու առնչուող աշխատանքներուն վրայ։ Գրքոյկը կը ներկայացնէ մեր տրամադրած կարգ մը օգնութեան աշխատանքները, որոնք տարինք 1940–ական թուականներուն կէսէն ի վեր։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ մեր այս աշխատանքներուն համաշխարհային տարողութիւնը։ «Այն եղբայրները՝ որոնք կը ծառայեն աղէտէ տուժածներու օգնող յանձնախումբերու մէջ, այս գրքոյկը կը գործածեն, որ կապի մէջ մտնեն աղէտներու ենթակայ շրջաններու պատասխանատու պաշտօնեաներուն հետ, առաջ որ աղէտները հարուածեն», կը բացատրէ երէց մը՝ որ օգնութեան աշխատանքներուն կը մասնակցի։ «Երբ այսպիսի պաշտօնեաներ արդէն ծանօթ են մեր օգնութեան աշխատանքներուն, մեզի համար աւելի՛ դիւրին կ’ըլլայ արտօնութիւն ձեռք ձգել՝ աղէտի գօտիները մտնելու համար»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել