Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ23 Մարտ էջ 3
  • Աղէտէ մը ետք ինչպէ՛ս օգնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աղէտէ մը ետք ինչպէ՛ս օգնել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի վկաները աղէտեալներուն կ’օգնե՞ն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Ի՞նչպէս կրնանք օգնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
ժտ23 Մարտ էջ 3

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աղէտէ մը ետք ինչպէ՛ս օգնել

Մեր օրերուն, երթալով շատ աւելի բնական աղէտներ տեղի կ’ունենան։ Երբ աղէտ մը պատահի, օգնութեան աշխատանքները պէտք է լաւ կազմակերպուած ըլլան եւ սահուն ընթանան։ Անոր համար, Կառավարիչ մարմինը կարգադրութիւններ տեսած է, որ ամէն մէկ մասնաճիւղ Աղէտէ տուժածներուն օգնող բաժանմունք ունենայ։

Երբ այդ բաժանմունքին մէջ ծառայող եղբայրները գիտնան, որ աղէտ մը տեղի պիտի ունենայ, շատ արագ երէցներուն հետ կապի մէջ կը մտնեն, որ տեսնեն թէ հրատարակիչները ի՛նչ բաներու պէտք պիտի ունենան։ Իսկ եթէ պատահած աղէտը շատ մեծ վնասներ հասցուցած ըլլայ եւ հրատարակիչները չկարենան ատոր հետ անձամբ գլուխ ելլել, մասնաճիւղը որակեալ եղբայրներ պիտի նշանակէ, որ օգնութեան աշխատանքները առաջնորդեն։ Այդ եղբայրները թերեւս խնդրեն կամաւորներ կամ որոշ ապրանքներ իբրեւ նուիրատուութիւն, կամ ալ թերեւս պէտք եղած ապրանքները գնեն ու բաժնեն։

Հարցերը այս կերպով ձեռք առնելը շատ մը առաւելութիւններ ունի։ Օրինակ, մէկ գործը երկու անգամ չի տարուիր, իրարանցում չըլլար եւ նուիրատուութիւններն ու պէտք եղած ապրանքները պարապի չեն երթար, ինչ որ թերեւս կրնայ պատահիլ երբ եղբայրները ինքնագլուխ քայլեր առնեն։

Մասնաճիւղին կողմէ նշանակուած եղբայրները կրնան որոշել որքա՛ն դրամի եւ կամաւորներու պէտք պիտի ըլլայ։ Անոնք կրնան նաեւ ծանօթանալ տեղական պաշտօնեաներու, որոնք շատ անգամ կրնան մեզի օգնել որ մեր օգնութեան աշխատանքները արագացնենք։ Անոր համար, պէտք չէ անձամբ նախաքայլեր առնենք որ դրամ հաւաքենք, ապրանքներ ղրկենք կամ աղէտէ վնասուած շրջան մը ճամբորդենք, այնքան ատեն որ մեզմէ չէ խնդրուած որ այս քայլերը առնենք։

Բայց, նորէն ալ, մենք կ’ուզե՛նք օգնել, երբ աղէտ մը պատահի (Եբ. 13։16)։ Մենք մեր եղբայրները կը սիրե՛նք։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել։ Ամէնէն կարեւորը, կրնանք աղօթել աղէտէ տուժածներուն եւ օգնութեան աշխատանքներուն մէջ բաժին բերող անհատներուն համար։ Մենք նաեւ կրնանք համաշխարհային գործին նուիրատուութիւններ ընել։ Կառավարիչ մարմինին առաջնորդութեամբ, մասնաճիւղերը գիտեն նուիրատուութիւնները գործածելու լաւագոյն կերպերը։ Եւ եթէ կ’ուզենք անձամբ այս աշխատանքներուն մասնակցիլ, կրնանք ասիկա ցոյց տալ, լեցնելով՝ Տեղական ծրագրման/շինարարութեան կամաւոր ըլլալու դիմումնագիր–ը (DC-50)։

ԴԻՏԷ ՊՐԱԶԻԼԻ ՄԷՋ ՔԱՆԴԻՉ ՀԵՂԵՂ ՄԸ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ.

«Պրազիլի մէջ քանդիչ հեղեղ մը» վիտէոյէն տեսարան մը. վերէն նկարուած շրջան մը, ուր տուներուն ու ծառերուն մէկ մասը ջուրերու տակ մնացած են։

Երբ մտածես 2020–ին Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած հեղեղէն ետք տարուած օգնութեան աշխատանքներուն մասին, ի՞նչը քու սրտիդ կը դպնայ։

Պատասխանդ
    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել