Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/05 էջ 3
  • Ի՞նչպէս կրնանք օգնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչպէս կրնանք օգնել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի վկաները աղէտեալներուն կ’օգնե՞ն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • «Եհովային ընծայ»
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Աղէտէ մը ետք ինչպէ՛ս օգնել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 11/05 էջ 3

Ի՞նչպէս կրնանք օգնել

1 Եհովայի Վկաները յաճախ կը հարցնեն. «Ի՞նչպէս կրնանք օգնել», երբ կը լսեն թէ աշխարհի որոշ մէկ շրջանին մէջ աղէտ մը պատահած է։ Ինչպէս Գործք Առաքելոց 11։27-30–ը ցոյց կու տայ, առաջին դարուն՝ Քրիստոնեաները նիւթական օգնութիւն հայթայթեցին Հրէաստանի մէջ սովէ տառապող եղբայրներուն։

2 Արդի ժամանակներուն, մեր կազմակերպութեան իրաւագիծերը թոյլ տուած են որ որոշ գումարներ գործածուին բարեգործական գործունէութեան համար եւ մարդասիրական օգնութիւն հայթայթելու անոնց, որոնք բնական կամ մարդակերտ աղէտներէ եւ այլ պարագաներէ կը տառապին։

3 Օրինակ, անցեալ տարի բազմաթիւ եղբայրներ նուիրատուութիւններ ըրին, Հարաւային Ասիոյ մէջ տեղի ունեցած ցունամիին զոհերուն օգնելու համար։ Կազմակերպութեան օգնութեան հիմնադրամին ներկայացուած այս սրտաբուխ նուիրատուութիւնները շատ գնահատուեցան։ Սակայն, երբ նուիրատուութիւնը յատկապէս տրուած է որոշ աղէտի մը համար, կարգ մը երկիրներու օրէնքը կը պահանջէ որ այդ դրամը գործածուի միայն նուիրատուին սահմանած նպատակին համար եւ որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ, առանց նկատի առնելու թէ մեր եղբայրներուն կարիքներուն տեղականօրէն հոգ տարուեցա՛ւ կամ ոչ։

4 Հետեւաբար կը յանձնարարենք որ մարդասիրական օգնութեան ի նպաստ տրուած նուիրատուութիւնները, համաշխարհային գործին մատուցանուին։ Այս հիմնադրամը կը գործածուի թէ՛ շտապ օգնութիւն հայթայթելու եւ թէ քրիստոնէական եղբայրութեան հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու համար։ Եթէ անհատ մը որոշ պատճառով փափաքի համաշխարհային գործէն զատ մարդասիրական օգնութեան համար նուիրատուութիւն ընել, ասիկա տակաւին ընդունելի պիտի ըլլայ եւ այդ նպատակով պիտի գործածուի։ Սակայն նախընտրելի է այս նուիրատուութեան վերաբերեալ սահմանափակումներ չդնել, այսինքն՝ չնշել թէ անիկա ո՛ւր եւ ի՛նչպէս պէտք է գործածուի։

5 Մեր նուիրատուութիւնները գլխաւորաբար համաշխարհային գործին համար ուղարկելով, Թագաւորութեան գործին բոլո՛ր երեսակներուն համար գործածուելիք աւելի մեծ գումարներ մատչելի կ’ըլլան, փոխանակ որոշ գումարներ մէկ կողմ դնելու, որպէսզի միայն հետագային գործածուին, երբ աղէտ մը հարուածէ։ Ասիկա Եփեսացիս 4։16–ի հոգիին հետ ներդաշնակ է,– միասնաբար կ’աշխատինք՝ ‘սիրով մարմնին աճում տալու իրեն շինութեանը համար’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել