ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Եհովային ընծայ»
Ինչպէ՞ս կրնանք ‘այսօր Եհովային ընծայ տալ’ (Ա. Մն. 29։5, ՆԱ, 9, 14)։ Վարը նշուած են նուիրատուութիւն ընելու կարգ մը կերպեր։ Այս նուիրատուութիւնները թիկունք կը կանգնին Եհովայի վկաներու տեղական եւ համաշխարհային գործունէութիւններուն։
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԱՌՑԱՆՑ Կ’ՈՒՂԱՐԿՈՒԻՆ ԿԱՄ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՓԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԸ ԴՐՈՒԻՆ, ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻՆ՝
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՆ
թարգմանութեան գրասենեակներու եւ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակներու շինարարութիւն եւ աշխատանքներ
աստուածպետական դպրոցներ
յատուկ լիաժամ ծառաներ
աղէտէ տուժածներու օգնութիւն
տպագրութիւն, վիտէօներու արտադրութիւն եւ հրատարակութիւններու առցանց արտադրութիւն
ՏԵՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՔԻ ԾԱԽՍԵՐՈՒՆ
ժողովքի ծախսեր, ինչպէս սպասարկութիւններ (ելեկտրականութիւն, ջուր եւ այլն) եւ Թագաւորութեան սրահի հիմնական նորոգում
ժողովքին առած որոշումները մասնաճիւղին նուիրատուութիւններ ուղարկելու՝
Թագաւորութեան սրահի եւ համաժողովի սրահի շինարարութեան համար ամբողջ աշխարհի մէջ
Համաշխարհային օգնութեան կարգադրութեան համար
ուրիշ համաշխարհային գործունէութիւններու համար
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ
Մարզային համաժողովին ընթացքին եղած նուիրատուութիւնները կ’ուղարկուին համաշխարհային գործին։ Իսկ համաշխարհային գործին յատկացուած գումարներէն մաս մը կը գործածուի մարզային, մասնաւոր եւ միջազգային համաժողովներու ծախսերը գոցելու համար։
Շրջանային համաժողովին ընթացքին եղած նուիրատուութիւնները կը յատկացուին համաժողովի վայրեր վարձելու, գործածելու եւ նորոգելու համար, ինչպէս նաեւ շրջանին հետ կապ ունեցող ուրիշ ծախսերու համար։ Շրջան մը կրնայ մնացած գումարը ուղարկել Եհովայի վկաներուն համաշխարհային գործին։