ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ
«Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»
Ինչպիսի՞ նուէր իսկապէս պիտի գնահատէիր։ Անկասկած մեր մեծամասնութիւնը կ’ուրախանայ, երբ անհատ մը մեզի նուէր տայ սէրէ մղուած,– եւ ոչ թէ առ ի պարտականութիւն։ Տալու առնչութեամբ, անհատին շարժառիթը կը հետաքրքրէ թէ՛ մեզ եւ թէ Եհովան։ Նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ ըսաւ Բ. Կորնթացիս 9։7–ի մէջ։
Պօղոս ինչո՞ւ այդ խօսքը ըսաւ։ Ան ուզեց Կորնթոսի քրիստոնեաները քաջալերել, որպէսզի իրենք ալ Հրէաստանի մէջ գտնուող կարիքաւոր հաւատակիցներուն օժանդակութիւն հայթայթեն։ Արդեօք ան կորնթացիները կը պարտադրէ՞ր, որ այս մէկը ընեն։ Ընդհակառակը, ան գրեց. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ Պօղոսի այս յորդորը աւելի մօտէն քննենք։
«Ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի»։ Հարազատ քրիստոնեան կու տայ, քանի որ «իր սրտով» որոշած է այդպէս ընել, ըսաւ Պօղոս։ Միեւնոյն ժամանակ, քրիստոնեան խորապէս կը մտածէ իր հաւատակիցներուն կարիքներուն մասին։ Ուսումնական մը կ’ըսէ, թէ ‘յօժարիլ’ բառը բնագրին լեզուին մէջ «կանխորոշումի գաղափարը կը հաղորդէ»։ Ուստի, քրիստոնեան իր հաւատակիցներուն կարիքներուն մասին կանխաւ կը մտածէ եւ հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ այդ կարիքները գոհացնել (Ա. Յովհաննէս 3։17)։
«Ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ»։ Պօղոս կը նշէ թէ ճշմարիտ քրիստոնեաները պէտք չէ դժկամելով կամ հարկադրաբար տան։ «Տրտմութեամբ» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «տխրութեամբ»։ Աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ, թէ տրտմած կամ դժկամ անհատը կու տայ «տխուր սրտով, մտածելով որ իր դրամը պիտի պակսի»։ Իսկ ստիպուած անհատը կու տայ, քանի որ կը զգայ թէ ճնշումի տակ է։ Մեզմէ ո՞վ կ’ուզէ այսպիսի անհատներէ նուէր ստանալ։
«Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ Պօղոս կ’ըսէ, թէ մէյ մը որ քրիստոնեան որոշէ տալ, պէտք է ուրախութեա՛մբ տայ։ Իրապէս, ուրախութիւնը պատշաճ մղումով տալուն արդիւնքն է (Գործք 20։35)։ Յօժարակամ տուողը իր ուրախութիւնը դժուար կրնայ ծածկել։ Ան մեզի խորապէս կ’ազդէ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ սիրտը կ’ուրախացնէ։ Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Անթիլիաս)։
«Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ»
Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ խօսքերը, տալու մարզին մէջ որպէս սկզբունք կը ծառայեն։ Երբ մեր ժամանակէն, կորովէն, կամ նիւթական ստացուածքներէն տանք, կամաւորաբար այդ մէկը ընե՛նք, գոհունակ ըլլալով որ ուրիշներու եւ մասնաւորաբար կարիքաւորներու հանդէպ առատաձեռն կը գտնուինք։ Այսպէս, տալը ոչ միայն մեզ պիտի ուրախացնէ, այլեւ մեզ պիտի մօտեցնէ Աստուծոյ, որ «յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։
Սեպտեմբեր ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն