Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 155
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տալու մասին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տալու մասին
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Ե՞րբ տալը Աստուած կ’ուրախացնէ
  • Ե՞րբ տալը Աստուած չ’ուրախացներ
  • «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Տալուն օգուտները քաղէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Առատաձեռն անձը ուրախ կ’ըլլայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն նուէրը զատել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 155
Մարդ մը նուէրի թուղթով փաթթուած տուփ մը բռնած է

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տալու մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ պատրաստ ըլլանք ուրիշներուն բան մը տալու եւ ատիկա ընենք ճիշդ պատճառներու համար։ Երբ որ այս կերպով ուրիշներուն կու տանք, ոչ թէ միայն անո՛նք կ’օգտուին, հապա մենք ալ (Առակաց 11։25. Ղուկաս 6։38)։ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։

  • Ե՞րբ տալը Աստուած կ’ուրախացնէ

  • Ե՞րբ տալը Աստուած չ’ուրախացներ

  • Աստուածաշունչէն համարներ տալու մասին

Ե՞րբ տալը Աստուած կ’ուրախացնէ

Աստուած կ’ուրախանայ երբ որ ուրիշներուն սրտանց բան մը տանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կորնթացիս 9։7)։

Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր պաշտամունքը ընդունելի սեպէ, պէտք է սրտանց տանք (Յակոբոս 1։27)։ Այն անձը որ առատաձեռնօրէն կ’օգնէ անոնց՝ որոնք պէտքի մէջ են, Աստուծոյ քով ընդունելի կ’ըլլայ, եւ Աստուած կը սեպէ որ ինք այդ անձին պարտական է (Առակաց 19։17)։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Աստուած ի՛նք առատաձեռն տուողը պիտի հատուցանէ, այսինքն՝ օրհնէ (Ղուկաս 14։12-14)։

Ե՞րբ տալը Աստուած չ’ուրախացներ

Երբ որ մէկը անձնասիրութեամբ կու տայ։ Օրինակ՝

  • Մարդիկը տպաւորելու համար (Մատթէոս 6։2)։

  • Բանի մը փոխարէն ուրիշ բան մը առնելու համար (Ղուկաս 14։12-14)։

  • Փրկութիւն գնելու համար (Գործք 8։20)։

Երբ որ մեր տուածը գործածուի բաներու համար, որոնք Աստուած չի սիրեր։ Օրինակ, սխալ է դրամ տալ մէկու մը որ երթայ ատով բախտախաղ խաղայ կամ թմրեցուցիչ գործածէ եւ շատ խմէ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Ասկէ զատ, ճիշդ չէ դրամ տալ մէկու մը որ կրնա՛յ աշխատիլ եւ ինքն իրեն հոգ տանիլ դրամական գետնի վրայ, բայց չ’աշխատիր (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10)։

Երբ որ ուրիշին տալու համար՝ մեր ընտանիքը անտեսենք։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ ընտանիքի գլուխները պէտք է իրենց ընտանիքի անդամներուն պէտքերը հոգան (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Ճիշդ չէ որ ընտանիքի մը գլուխը ա՛յնքան տայ ուրիշներուն, որ իր ընտանիքին անդամները տուժեն։ Նմանապէս, Յիսուս դատապարտեց այն անձերը, որոնք իրենց տարեց ծնողներուն հոգ չէին տաներ, քանի որ կ’ըսէին որ իրենց ունեցածները «Աստուծոյ տալու կորբան է (որ ըսել է՝ ընծայ)» (Մարկոս 7։9-13)։

Աստուածաշունչէն համարներ տալու մասին

Առակաց 11։25. «Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի»։

Իմաստ։ Տալը ոչ թէ միայն առնողին օգուտներ կը բերէ, հապա տուողին ալ։

Առակաց 19։17. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։

Իմաստ։ Աստուած կը զգայ որ պարտքի տակ մտած է անոնց հետ՝ որոնք պէտքեր ունեցող մարդոց կ’օգնեն, եւ կը խոստանայ անոնց առատաձեռնութիւնը օրհնել։

Մատթէոս 6։2. «Երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները... կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին»։

Իմաստ։ Մենք պէտք չէ տանք պարզապէս մարդոց ուշադրութիւնը մեր վրայ բերելու համար։

Գործք 20։35. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։

Իմաստ։ Սրտանց տալը կ’ուրախացնէ։

Բ. Կորնթացիս 9։7. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։

Իմաստ։ Սրտանց տալը Աստուծոյ ընդունելի է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել