Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Օգոստոս էջ 18-22
  • Առատաձեռն անձը ուրախ կ’ըլլայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Առատաձեռն անձը ուրախ կ’ըլլայ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՅԵԼԵԼ
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒԱԾ ԴԵՐԸ ԿԱՏԱՐԵՆՔ
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼ
  • ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ԸԼԼԱԼ
  • Եհովայի առատաձեռնութիւնը եւ խոհեմութիւնը գնահատէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Տալով աւելի ուրախ պիտի ըլլաս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Տալուն օգուտները քաղէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Օգոստոս էջ 18-22
Բարի սամարացին վիրաւորուած հրեայի մը պէտքերուն հոգ կը տանի

Առատաձեռն անձը ուրախ կ’ըլլայ

«Երանելի է տա՛լը» (ԳՈՐԾՔ 20։35)։

ԵՐԳԵՐ. 153, 74

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ինչպէ՞ս գիտենք որ բոլոր մարդիկը կրնան առատաձեռն ըլլալ։

  • Քարոզչութեան գործին մէջ առատաձեռն ըլլալը ինչպէ՞ս կ’ուրախացնէ մեզ։

  • Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ պատճառներ կան որ առատաձեռն ըլլանք։

1. Ստեղծագործութիւնը ինչպէ՞ս կը փաստէ որ Եհովան առատաձեռն է։

ԺԱՄԱՆԱԿ մը կար որ Եհովան լման առանձին էր։ Ետքը, ան որոշեց կեանքի պարգեւը տալ մտացի արարածներու, թէ՛ երկինքին մէջ եւ թէ երկրի վրայ։ Մեր ուրախ Աստուածը՝ Եհովան, կը սիրէ լաւ բաներ տալ ուրիշներուն (Ա. Տիմ. 1։11. Յակ. 1։17)։ Եւ քանի որ կ’ուզէ որ մենք ալ ուրախ ըլլանք, մեզի կը սորվեցնէ առատաձեռն ըլլալ (Հռով. 1։20)։

2, 3. ա) Ինչո՞ւ ուրախ կ’ըլլանք երբ առատաձեռն գտնուինք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Աստուած մարդ արարածը իր պատկերով ստեղծեց (Ծն. 1։27)։ Այսինքն՝ Եհովան մեզ իր յատկութիւններով ստեղծեց։ Իրապէս ուրախ ըլլալու եւ Եհովայի օրհնութիւնը ունենալու համար, պէտք է իր օրինակին հետեւինք։ Պէտք է հետաքրքրուինք ուրիշներով եւ առատաձեռն գտնուինք անոնց հանդէպ (Փլպ. 2։3, 4. Յակ. 1։5)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք այդպէս ստեղծուած ենք։ Թէեւ անկատար ենք, բայց կրնա՛նք Եհովային առատաձեռնութիւնը ընդօրինակել։

3 Հիմա նկատի առնենք թէ Սուրբ Գիրքը առատաձեռնութեան մասին ի՛նչ կարգ մը դասեր կը սորվեցնէ։ Պիտի տեսնենք թէ Եհովան ինչո՛ւ կը հաճի երբ առատաձեռն գտնուինք, եւ առատաձեռնութիւնը ինչպէ՛ս կ’օգնէ, որ Եհովայի կողմէ մեզի տրուած դերը կատարենք։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ առատաձեռնութիւնը ինչպէ՛ս կապուած է մեր ուրախութեան հետ, եւ թէ ինչո՛ւ պէտք է շարունակենք առատաձեռն ըլլալ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՅԵԼԵԼ

4, 5. ա) Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՞ս առատաձեռն գտնուած են։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է զիրենք ընդօրինակենք։

4 Եհովան կ’ուզէ որ զինք ընդօրինակենք, եւ այս պատճառով կ’ուրախանայ երբ առատաձեռն գտնուինք (Եփ. 5։1)։ Երբ նայինք թէ ինչպէ՛ս ստեղծուած ենք եւ թէ բնութիւնը ի՜նչ գեղեցիկ ու ճոխ է, շատ յստակ կը դառնայ, թէ Աստուած կ’ուզէ որ մարդ արարածը ուրախ ըլլայ (Սաղ. 104։24. 139։13-16)։ Ուրեմն, երբ փորձենք ուրիշները ուրախացնել, զինք պատուած կ’ըլլանք։

5 Նաեւ կ’ընդօրինակենք Յիսուսը, որ կատարեալ կերպով ցուցուց թէ մարդ արարածը ինչպէ՛ս կրնայ առատաձեռն ըլլալ։ Ան ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։ Եւ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց. «Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. . . [ան իր] անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով» (Փլպ. 2։5, 7)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Կրնա՞մ ա՛լ աւելի ընդօրինակել Յիսուսը’ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21)։

6. Յիսուս բարի սամարացիին առակը պատմելով ի՞նչ դաս սորվեցուց մեզի (տե՛ս բացման նկարը)։

6 Եհովային հաճութիւնը կը վայելենք, երբ կը հետեւինք իր եւ Յիսուսին կատարեալ օրինակին, երբ ուրիշներով կը հետաքրքրուինք եւ երբ կերպեր կը գտնենք ուրիշներուն օգնելու։ Յիսուս ցուցուց թէ ասիկա որքա՛ն կարեւոր է, երբ բարի սամարացիին առակը պատմեց (կարդա՛ Ղուկաս 10։29-37)։ Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ պէտք է ուրիշներուն օգնեն, չնայած թէ ո՛վ են կամ ուրկէ՛ են։ Կը յիշե՞ս թէ ինչո՛ւ պատմեց այդ առակը։ Քանի որ հրեայ մը իրեն հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Յիսուսին պատասխանը կը ցուցնէ, թէ եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ, պէտք է սամարացիին պէս առատաձեռն ըլլանք։

7. Ինչպէ՞ս կը փաստենք թէ համոզուած ենք որ ի՛նչ որ Աստուած կը խնդրէ մեզմէ լաւագոյն բանն է որ ընենք։

7 Քրիստոնեաները առատաձեռն ըլլալու շատ պատճառներ ունին։ Օրինակ, երբ մտածենք թէ Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանան ի՛նչ հարց մէջտեղ հանեց, կը հասկնանք թէ որքա՛ն կարեւոր է որ անձնասէր չըլլանք։ Սատանան ուզեց հասկցնել որ Ադամն ու Եւան աւելի ուրախ պիտի ըլլային, եթէ Եհովային չհնազանդէին եւ միայն իրենց անձնական շահը փնտռէին։ Եւան անձնասէր գտնուելով ուզեց Աստուծոյ պէս ըլլալ։ Իսկ Ադամ անձնասիրաբար ուզեց Եւան հաճեցնել (Ծն. 3։4-6)։ Անոնց որոշումներուն հետեւանքները տեսած ենք։ Յստակ է թէ ո՛չ մէկը կրնայ ուրախ ըլլալ եթէ անձնասէր է։ Բայց երբ անձնասէր չըլլանք, հապա՝ առատաձեռն ըլլանք, կը փաստենք թէ համոզուած ենք որ ի՛նչ որ Աստուած կը խնդրէ մեզմէ լաւագոյն բանն է որ ընենք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒԱԾ ԴԵՐԸ ԿԱՏԱՐԵՆՔ

8. Ադամն ու Եւան ինչո՞ւ պէտք էր ուրիշներուն շահը փնտռէին։

8 Կարեւոր էր որ Ադամն ու Եւան ուրիշներուն շահը փնտռէին, հակառակ որ առանձին էին Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան իրենց դեր մը տուած էր, ըսելով որ երկիրը իրենց սերունդով լեցնեն եւ զայն դրախտի վերածեն (Ծն. 1։28)։ Ադամն ու Եւան պէտք էր ուզէին, որ իրենց ապագայ զաւակները ուրախ ըլլային, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան կ’ուզէր որ ամէնքն ալ ուրախ ըլլային։ Անոնք միասին պիտի աշխատէին, որ ամբողջ երկիրը դրախտի վերածէին։ Ասիկա մեծ աշխատանք մը պիտի ըլլար։

9. Երկիրը դրախտի վերածելը ինչո՞ւ ուրախութիւն պիտի տար մարդոց։

9 Կատարեալ մարդիկը նաեւ պէտք պիտի ունենային որ Եհովային հետ համագործակցէին, որպէսզի երկիրը դրախտի վերածէին եւ իր կամքը կատարէին։ Այսպիսով, անոնք իր հանգիստը պիտի մտնէին (Եբ. 4։11)։ Երեւակայէ թէ այդ գործը որքա՜ն գոհացուցիչ եւ հաճելի պիտի ըլլար։ Անձնասէր չըլլալը եւ ուրիշներուն շահը փնտռելը՝ Եհովային օրհնութիւնները պիտի բերէր իրենց։

10, 11. Ինչպէ՞ս կրնանք քարոզելու եւ աշակերտելու նշանակումը կատարել։

10 Ներկայիս, Եհովան մեզի տուած է՝ քարոզելու եւ աշակերտելու գործը։ Այս գործը կատարելու համար, պէտք է անկեղծօրէն հետաքրքրուինք ուրիշներուն լաւութեամբ։ Զայն շարունակ ընելու համար պէտք է ճիշդ շարժառիթը ունենանք. Աստուծոյ հանդէպ սէր եւ մարդոց հանդէպ սէր։

11 Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ ինք եւ ուրիշ քրիստոնեաներ՝ «Աստուծոյ գործակից» էին, քանի որ կը քարոզէին եւ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէին մարդոց (Ա. Կոր. 3։6, 9)։ Ներկայիս, մենք ալ կրնանք «Աստուծոյ գործակից»ները ըլլալ՝ մեր ժամանակը, կորովը եւ նիւթական բաները առատաձեռնօրէն տրամադրելով քարոզչութեան գործին։ Ասիկա մե՜ծ առանձնաշնորհում մըն է։

Երկու քոյրեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարեն

Շատ ուրախ կը զգաս, երբ մէկու մը կ’օգնես որ ճշմարտութիւնը սորվի (տե՛ս պարբերութիւն 12)

12, 13. Ի՞նչ օգուտներ կը տեսնես աշակերտելու գործին մէջ։

12 Շատ ուրախութիւն կը ստանանք երբ մեր ժամանակն ու կորովը առատաձեռնօրէն կը տրամադրենք քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին։ Այս կարծիքը ունին բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք առանձնաշնորհումը ունեցած են Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու։ Շատ կ’ուրախանանք երբ կը տեսնենք որ մեր աշակերտները կը հրճուին, երբ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը գիտնան, իրենց հաւատքը կը զօրանայ, փոփոխութիւններ կ’ընեն եւ կը սկսին ճշմարտութեան մասին խօսիլ ուրիշներուն։ Յիսուս ալ շատ ուրախացաւ, երբ իր ղրկած քարոզիչները «դարձան ուրախութեամբ», քանի որ աղուոր փորձառութիւններ ունեցած էին (Ղուկ. 10։17-21)։

13 Աշխարհի չորս կողմը եղբայրներ ու քոյրեր ուրախութիւն կը զգան, երբ կը տեսնեն թէ բարի լուրը ինչպէ՛ս կը բարելաւէ մարդոց կեանքը։ Օրինակ, Էննա անունով երիտասարդ եւ ամուրի քոյր մը ուզեց աւելի ծառայել Եհովային։ Ան փոխադրուեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի մէկ շրջանը, ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կայa։ Ան գրեց. «Հոս բան մը կայ որ շատ կը սիրեմ. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու շատ առիթներ կան։ Իմ ծառայութիւնս շատ ուրախութիւն կու տայ ինծի։ Երբ տուն կը վերադառնամ, ժամանակ չեմ ունենար որ իմ խնդիրներուս վրայ կեդրոնանամ։ Կը մտածեմ անոնց մասին, որոնց հետ կը սերտեմ,– անոնց խնդիրները եւ մտահոգութիւնները։ Կը նայիմ թէ ի՛նչ գործնական կերպերով կրնամ զիրենք քաջալերել եւ օգնել։ Ժամանակի ընթացքին համոզուեցայ որ ‘աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’» (Գործք 20։35)։

Երկու քոյրեր ամէն մէկ դուռ կը զարնեն ծառայութեան մէջ

Երբ մեր թաղամասին մէջ իւրաքանչիւր դուռ կը զարնենք, մարդոց առիթ կու տանք որ Թագաւորութեան պատգամը մտիկ ընեն (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Ինչպէ՞ս կրնաս քարոզչութեան մէջ ուրախութիւն գտնել, նոյնիսկ եթէ մարդիկ մտիկ չընեն։

14 Նոյնիսկ եթէ մարդիկ մտիկ չընեն, կրնա՛նք քարոզչութեան մէջ ուրախութիւն գտնել, քանի որ անոնց առիթ կու տանք որ բարի լուրին ընդառաջեն։ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ընենք ի՛նչ որ Եզեկիէլէն խնդրեց որ ընէ. «Անոնց իմ խօսքերս ըսէ՛, լսեն կամ զանց ընեն» (Եզեկ. 2։7. Եսա. 43։10)։ Ուրեմն, չնայած թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կ’ընդառաջեն, Եհովան կը գնահատէ մեր ջանքերը (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։10)։ Հրատարակիչ մը իր ծառայութեան մասին ըսաւ. «Մենք ցանեցինք, ջրեցինք եւ աղօթեցինք, յուսալով որ Եհովան անհատին հետաքրքրութիւնը աճեցնէ» (Ա. Կոր. 3։6)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼ

15. Պէտք է առատաձեռն ըլլանք միա՞յն երբ մարդիկ կը գնահատեն. բացատրէ՛։

15 Յիսուս կ’ուզէ որ առատաձեռն ըլլանք, որովհետեւ ասիկա մեզ կ’ուրախացնէ։ Երբ առատաձեռն ըլլանք, շատեր ալ փոխադարձաբար առատաձեռն պիտի ըլլան։ Այս պատճառով Յիսուս մեզ կը քաջալերէ. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի» (Ղուկ. 6։38)։ Անշուշտ, երբ առատաձեռն ըլլաս, բոլորը չէ որ կը գնահատեն։ Բայց նոյնիսկ երբ ոմանք չգնահատեն, շարունակէ տալ ուրիշներուն։ Չես գիտեր թէ առատաձեռնութեամբ կատարուած միայն մէկ գործ որքա՛ն բարիք կ’ընէ։

16. Որո՞նց հանդէպ պէտք է առատաձեռն ըլլանք, եւ ինչո՞ւ։

16 Իսկապէս առատաձեռն եղող անհատները չեն տար որպէսզի փոխարէն բան մը ստանան։ Յիսուս այս կէտը ի մտի ունէր երբ ըսաւ. «Երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել» (Ղուկ. 14։13, 14)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Բարեացակամ աչք ունեցողը պիտի օրհնուի», եւ «Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի» (Առ. 22։9, ԱԾ. Սաղ. 41։1)։ Այո, պէ՛տք է տուող ըլլանք, քանի որ ուրախ կ’ըլլանք երբ ուրիշներուն կ’օգնենք։

17. Ի՞նչ բաներ տալով կրնաս ուրախ ըլլալ։

17 Երբ Պօղոս մէջբերեց Յիսուսին խօսքը, թէ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը», միայն չէր խօսեր նիւթական բաներ տալու մասին, հապա նաեւ քաջալերութիւն, խրատ եւ գործնական օգնութիւն տալու մասին (Գործք 20։31-35)։ Պօղոս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով սորվեցուց մեզի, որ ուրիշներուն տանք մեր ժամանակը, կորովը, ուշադրութիւնը եւ սէրը։

18. Գիտնականներ ի՞նչ կ’ըսեն առատաձեռն ըլլալու մասին։

18 Մարդոց վարքը սերտող գիտնականներն ալ նկատած են, որ տալը կ’ուրախացնէ մարդիկը։ Յօդուած մը կը նշէ, թէ «մարդիկ կ’ըսեն որ երբ լաւ բաներ կ’ընեն ուրիշներուն՝ շատ աւելի ուրախ կը զգան»։ Գիտնականները կ’ըսեն որ ուրիշներուն օգնելը կարեւոր է, որպէսզի զգանք թէ մեր կեանքը «նպատակ եւ իմաստ ունի», քանի որ ատիկա մեր «հիմնական պէտքերը կը գոցէ»։ Այս պատճառով, կարգ մը գիտնականներ կը թելադրեն, որ մարդիկ կամաւոր գործեր ընեն, որպէսզի աւելի առողջ եւ ուրախ ըլլան։ Անշուշտ, անոնց ըսածը մեզ չի զարմացներ, քանի որ մեր սիրալիր Ստեղծիչը՝ Եհովան, միշտ ըսած է որ տալը ուրախութիւն կը պատճառէ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ԸԼԼԱԼ

19, 20. Ինչո՞ւ կ’ուզես առատաձեռն ըլլալ։

19 Դժուար է որ շարունակենք առատաձեռն ըլլալ, երբ մեր շուրջինները միայն իրենց անձին շահը կը փնտռեն։ Բայց Յիսուս ըսաւ որ ամենամեծ երկու պատուիրաններն են՝ Եհովան սիրել մեր ամբողջ սրտով, անձով, մտքով ու զօրութիւնով, եւ մեր ընկերը սիրել մեր անձին պէս (Մար. 12։28-31)։ Այս յօդուածին մէջ տեսանք որ անոնք, որոնք Եհովան կը սիրեն, զինք կ’ընդօրինակեն։ Թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուս առատաձեռն են։ Անոնք մեզ կը քաջալերեն որ առատաձեռն ըլլանք, քանի որ ասիկա իսկապէս պիտի ուրախացնէ մեզ։ Եթէ առատաձեռն ըլլանք Աստուծոյ եւ մեր ընկերին հանդէպ, Եհովային փառք պիտի բերենք եւ օգուտներ պիտի քաղենք, թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշներ։

20 Անկասկած լաւագոյնդ կ’ընես որ առատաձեռն ըլլաս եւ օգնես ուրիշներուն, մանաւանդ եղբայրներուն ու քոյրերուն (Գաղ. 6։10)։ Եթէ այսպէս շարունակես, մարդիկ քեզ պիտի գնահատեն ու սիրեն, եւ դուն ուրախ պիտի ըլլաս։ Առակաց 11։25–ը կ’ըսէ. «Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի»։ Մեր կեանքին եւ ծառայութեան մէջ շատ մը կերպեր կան որ ազնիւ ու առատաձեռն գտնուինք եւ անձնազոհութեամբ տանք ուրիշներուն։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ այս կերպերէն մի քանին։

a Անունը փոխուած է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել