Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ23 Մայիս էջ 2-7
  • Մեր աղօթքներուն որակը բարելաւենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր աղօթքներուն որակը բարելաւենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՅԻՍՈՒՍ ԺԱՄԱՆԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ ԱՂՕԹԵԼՈՒ
  • ՀԻՆԳ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՂՕԹԵԼ
  • Աղօթելու առանձնաշնորհումդ գանձ սեպէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
դ23 Մայիս էջ 2-7

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 20

Մեր աղօթքներուն որակը բարելաւենք

«Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք» (ՍԱՂ. 62։8)։

ԵՐԳ 57 Սրտիս խորհրդածութիւնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

Եղբայր մը օրուան ընթացքին տարբեր ժամերու կ’աղօթէ։ 1. Անկողինէն ելլելէ առաջ։ 2. Իր ընտանիքին հետ ուտելէ առաջ։ 3. Վիտէոյով ծառայելէ առաջ։ 4. Բնութեան մէջ եղած ատեն։ 5. Քնանալէ առաջ։

Կրնանք միշտ Եհովային աղօթել եւ ամէն բանի մէջ իրմէ ուղղութիւն խնդրել (տե՛ս պարբ. 1)

1. Եհովան իր ծառաները կը հրաւիրէ որ ի՞նչ ընեն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

ՈՐՄԷ՞ կրնանք մխիթարութիւն եւ ուղղութիւն խնդրել։ Մենք գիտենք որ կրնանք Եհովա Աստուծոյ աղօթել։ Եհովան ինքը մեզ կը հրաւիրէ, որ շատ անգամ եւ ‘անդադար աղօթենք’ իրեն (Ա. Թես. 5։17)։ Մենք կրնանք իրեն աղօթել եւ տարբեր–տարբեր պարագաներու նկատմամբ իր ուղղութիւնը խնդրել (Առ. 3։5, 6)։ Քանի՛ որ Եհովան առատաձեռն Աստուած է, ան կ’ըսէ որ մենք կրնանք իրեն աղօթել որքան որ կ’ուզենք։

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Մենք աղօթելը շատ կ’արժեւորենք. ատիկա նուէր կը սեպենք։ Բայց այնքա՛ն զբաղած կեանք մը ունինք, որ ատեններ աղօթելու ժամանակ գտնելը դժուար կ’ըլլայ։ Ասկէ զատ, թերեւս նոյնիսկ պէտք ըլլայ որ մեր աղօթքներուն որակը բարելաւենք։ Սուրբ Գիրքը ասոր մէջ կրնայ մեզի օգնել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսին պէս ժամանակ տրամադրել աղօթելու եւ ինչպէ՛ս կրնանք մեր աղօթքներուն որակը բարելաւել՝ հինգ կարեւոր նիւթերու մասին աղօթելով։

ՅԻՍՈՒՍ ԺԱՄԱՆԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ ԱՂՕԹԵԼՈՒ

3. Յիսուս աղօթքի մասին ի՞նչ գիտէր։

3 Յիսուս գիտէր որ Եհովային համար մեր աղօթքները շատ կարեւոր են, քանի որ երբ երկինքն էր, տեսաւ որ ինչպէ՛ս իր Հայրը պատասխանեց հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու աղօթքներուն։ Օրինակ, Յիսուս իր Հօր քովն էր, երբ Ան պատասխանեց Աննային, Դաւիթին, Եղիային եւ ուրիշ հաւատարիմ մարդոց անկեղծ աղօթքներուն (Ա. Թագ. 1։10, 11, 20. Գ. Թագ. 19։4-6. Սաղ. 32։5)։ Ուրեմն չենք զարմանար որ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ միշտ աղօթեն եւ վստահ ըլլան որ Եհովան պիտի լսէ (Մատ. 7։7-11)։

4. Յիսուսի աղօթքներէն ի՞նչ կը սորվինք։

4 Յիսուս ոչ միայն իր աշակերտներուն սորվեցուց որ միշտ աղօթեն, հապա իրենց օրինակ ալ ձգեց։ Իր ծառայութեան ընթացքին, շատ անգամ աղօթեց։ Բայց պէտք էր ժամանակ տրամադրէր աղօթելու, քանի որ շատ անգամ զբաղած էր եւ շատ մարդոցմով շրջապատուած էր (Մար. 6։31, 45, 46)։ Օրինակ, առտու կանուխ արթնցաւ, որ առանձին ժամանակ ունենար աղօթելու (Մար. 1։35)։ Ասկէ զատ, առնուազն առիթով մը, ամբողջ գիշեր մը աղօթելով անցուց, առաջ որ կարեւոր որոշում մը առնէ (Ղուկ. 6։12, 13)։ Իսկ երկրի վրայ իր կեանքին վերջին գիշերուան ընթացքին, Յիսուս քանի մը անգամ աղօթեց, առաջ որ իր նշանակումին ամէնէն դժուար մասը ամբողջացնէր (Մատ. 26։39, 42, 44)։

5. Երբ կ’աղօթենք, ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։

5 Յիսուսին օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, թէ որքա՛ն ալ զբաղած ըլլանք, պէ՛տք է ժամանակ տրամադրենք աղօթելու։ Իրեն պէս, թերեւս պէտք ըլլայ որ առտու կանուխ արթննանք, կամ գիշերը քիչ մը աւելի ուշ պառկինք՝ աղօթելու համար։ Ասանկով, Եհովային կը ցուցնենք, որ մեզի համար կարեւոր է այս յատուկ նուէրը՝ աղօթքը։ Օրինակ, Լին անունով քոյր մը կը յիշէ թէ որքա՜ն ազդուեցաւ, երբ սորվեցաւ աղօթելու մասին։ Ան կ’ըսէ. «Երբ գիտցայ թէ որեւէ ժամանակ կրնամ Եհովային աղօթել, սկսայ Եհովան տեսնել որպէս իմ մտերիմ բարեկամս եւ ուզեցի աղօթքներս բարելաւել»։ Անշուշտ, բոլորս ալ այդպէս կը զգանք։ Անոր համար, նկատի առնենք հինգ կարեւոր նիւթեր, որոնց մասին կրնանք աղօթել։

ՀԻՆԳ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՂՕԹԵԼ

6. Յայտնութիւն 4։10–ի համաձայն, Եհովան ինչի՞ արժանի է։

6 Եհովան փառաբանել։ Տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ երկինքին մէջ տեսաւ 24 երէցներ, որոնք Եհովան կը պաշտէին։ Անոնք Աստուած կը փառաբանէին եւ կ’ըսէին որ Ան ‘արժանի է փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու’ (կարդա՛ Յայտնութիւն 4։10)։ Հաւատարիմ հրեշտակներն ալ շատ մը պատճառներ ունին Եհովան փառաբանելու եւ պատուելու։ Անոնք երկինքին մէջ իրեն հետ են, եւ իր անձնաւորութիւնը լաւ կը ճանչնան։ Ասկէ զատ, անոնք իր յատկութիւններուն մասին կը սորվին, երբ որ իր գործերը կը տեսնեն (Յոբ 38։4-7)։

7. Ի՞նչ բաներու համար կրնանք փառաբանել Եհովան։

7 Մենք ալ պէտք է Եհովան փառաբանենք աղօթքներով, երբ իրեն կ’ըսենք թէ ինչո՛ւ զինք կը սիրենք եւ կը յարգենք։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս եւ կը սերտես, փորձէ նկատել Եհովային յատկութիւնները, որոնք քու սրտիդ կը դպչին (Յոբ 37։23. Հռով. 11։33)։ Ետքը, Եհովային ըսէ թէ ինչպէ՛ս կը զգաս այս յատկութիւններուն մասին։ Կրնանք նաեւ Եհովան փառաբանել, քանի որ ան մեզի եւ բոլոր եղբայրներուն կ’օգնէ, հոգ կը տանի եւ կը պաշտպանէ (Ա. Թագ. 1։27. 2։1, 2)։

8. Ի՞նչ բաներու մասին կրնանք Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18)։

8 Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ։ Մենք շատ պատճառներ ունինք աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18)։ Կրնանք իրեն շնորհակալութիւն յայտնել մեր ունեցած բոլոր բարի բաներուն համար, քանի որ անոնք իրմէ կու գան (Յակ. 1։17)։ Օրինակ, կրնանք մեր գնահատանքը արտայայտել գեղեցիկ երկրին եւ ստեղծագործութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ մեր կեանքին, ընտանիքին, բարեկամներուն եւ ունեցած յոյսին համար։ Ասկէ զատ, կրնանք իրեն շնորհակալութիւն յայտնել, քանի որ մեզի առիթը տուած է որ իր մտերիմ բարեկամները ըլլանք։

9. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք Եհովային երախտապարտ ըլլալ։

9 Թերեւս պէտք ըլլայ որ ժամանակ տրամադրենք մտածելու այն պատճառներուն մասին, որոնց համար Եհովային շնորհակալ ենք։ Մենք ապերախտ աշխարհի մէջ կ’ապրինք, ուր մարդիկ միայն կեդրոնացած են իրենց ուզած բաները ձեռք ձգելու վրայ, քան՝ արտայայտելու թէ ի՛նչ բաներու համար շնորհակալ են։ Եթէ սկսինք իրենց պէս ըլլալ, մեր աղօթքները խնդրանքներու ցանկ պիտի դառնան։ Հոն չհասնելու համար, պէտք է շարունակենք Եհովային արտայայտել, թէ իր ըրած ո՛ր բաներուն համար շնորհակալ ենք (Ղուկ. 6։45)։

Քոյր մը գիշերը նստած կ’աղօթէ իր տան տանիքը։ Իր քով սեղանի մը վրայ կայ Սուրբ Գիրք մը եւ տետրակ մը։

Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելը կրնայ մեզի օգնել որ դիմանանք (տե՛ս պարբ. 10)

10. Շնորհակալ ըլլալը քրոջ մը ինչպէ՞ս օգնեց որ դիմանայ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Շնորհակալ ըլլալը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր դժուարութիւններուն դիմանանք։ Նկատի առ Քիոնկ–սուքի փորձառութիւնը, որ անցած է Դիտարան–ի 15 յունուար 2015 թիւին մէջ։ Ան բարդացած թոքի քաղցկեղ ունեցաւ։ «Այս առողջապահական հարցը զիս շատ ցնցեց», կ’ըսէ ան։ «Զգացի որ ամէն բան կորսնցուցած եմ եւ շատ վախցայ»։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ դիմանայ։ Ան ըսաւ որ ամէն գիշեր քնանալէ առաջ տանիք կ’ելլէր եւ բարձրաձայն կ’աղօթէր այդ օրուան մէջ եղած հինգ բաներու մասին, որոնց համար երախտապարտ էր։ Ասիկա ձգեց որ իր միտքը հանգստանայ եւ մղուեցաւ Եհովային հանդէպ իր սէրը արտայայտելու։ Ան զգաց որ Եհովան ինչպէ՛ս իր հաւատարիմ ծառաներուն կ’օգնէ, երբ անոնք դժուար պարագաներէ կ’անցնին, եւ անդրադարձաւ թէ կեանքի մէջ մեր ունեցած օրհնութիւնները շա՜տ աւելի են, քան՝ մեր փորձութիւնները։ Քիոնկ–սուքի պէս, մենք շատ պատճառներ ունինք Եհովայէն շնորհակալ ըլլալու, նոյնիսկ եթէ խնդիրէ մը կ’անցնինք։ Աղօթքով իրեն շնորհակալութիւն յայտնելը կրնայ մեզի օգնել որ խնդիրին դիմանանք եւ հանդարտ մնանք։

11. Առաքեալները ինչո՞ւ համարձակութեան պէտք ունէին Յիսուսին վերադառնալէն ետք։

11 Եհովայէն խնդրէ որ ծառայութեան մէջ համարձակ ըլլաս։ Երկինք վերադառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն յիշեցուց որ իրենց նշանակում տուած էր որ իր մասին վկայեն «Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8. Ղուկ. 24։46-48)։ Այդ դէպքէն քիչ ժամանակ ետք, հրեայ կրօնական առաջնորդները Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները բռնեցին եւ Սենետրիոնին առջեւ տարին։ Անոնք այս հաւատարիմ տղամարդոց հրամայեցին, որ այլեւս չքարոզեն եւ նոյնիսկ վախցուցին (Գործք 4։18, 21)։

12. Գործք 4։29, 31–ի համաձայն, Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ ըրին։

12 Պետրոս եւ Յովհաննէս ի՞նչ ըրին։ Անոնք պատասխանեցին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (Գործք 4։19, 20)։ Երբ Պետրոս եւ Յովհաննէս ազատ արձակուեցան, աշակերտները Եհովային աղօթեցին, որ իր կամքը ընեն։ Անոնք ըսին. «Շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ Եհովան ալ անոնց անկեղծ աղօթքին պատասխանեց (կարդա՛ Գործք 4։29, 31)։

13. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ժին–եուքէն։

13 Կրնանք Յիսուսին աշակերտները ընդօրինակել, երբ կը շարունակենք քարոզել, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնները պահանջեն որ ատիկա ընելէ կենանք։ Նկատի առ թէ ի՛նչ եղաւ եղբայր Ժին–եուքին հետ, որ բանտարկուած էր չէզոք մնալուն համար։ Բանտին մէջ իրեն նշանակում տրուեցաւ հոգ տանելու կարգ մը անհատներու, որոնք առանձին բանտարկուած էին։ Բայց ան արտօնութիւն չունէր որեւէ նիւթի մասին իրենց հետ խօսելու, մէջը ըլլալով Սուրբ Գիրքին մասին։ Ան աղօթքով խնդրեց որ համարձակ եւ իմաստուն ըլլայ, որ ամէն առիթով քարոզէ (Գործք 5։29)։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան աղօթքներուս պատասխանեց՝ ինծի տալով քաջութիւն եւ իմաստութիւն, որ սենեակներուն առջեւ հինգ վայրկեաննոց Աստուածաշունչի սերտողութիւններ ունենամ։ Ետքը, գիշերը նամակներ կը գրէի եւ յաջորդ օրը իրենց կու տայի»։ Մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մեր ծառայութեան մէջ յաջողինք։ Ժին–եուքին պէս, կրնանք աղօթքով խնդրել որ համարձակ եւ իմաստուն ըլլանք։

14. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ խնդիրներու հետ գլուխ ելլենք (Սաղմոս 37։3, 5)։

14 Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։ Մեզմէ շատեր հիւանդ են կամ զգացական խնդիրներ ունին, սիրելի մը մահով կորսնցուցած են, ընտանեկան դժուար պարագայ ունին, կը հալածուին կամ ուրիշ խնդիր մը ունին։ Իսկ համավարակները կամ պատերազմները այս դժուարութիւններէն շատեր անտանելի կը դարձնեն։ Անոր համար, սիրտդ Եհովային առջեւ բաց։ Իրեն պատմէ քու պարագայիդ մասին ճիշդ ինչպէս որ մտերիմ բարեկամի մը կը պատմէիր։ Եւ վստահ եղիր որ Եհովան քեզի համար բան մը պիտի ընէ (կարդա՛ Սաղմոս 37։3, 5)։

15. Աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ ‘նեղութեան մէջ համբերենք’. օրինակ մը տուր։

15 Շարունակ աղօթելը մեզի պիտի օգնէ, որ ‘նեղութեան մէջ համբերենք’ (Հռով. 12։12)։ Եհովան գիտէ որ իր ծառաները ինչերէ կ’անցնին. «անոնց աղաղակը կը լսէ» (Սաղ. 145։18, 19)։ Ասիկա եղաւ Քրիսթի անունով 29 տարեկան ռահվիրայ քրոջ մը հետ։ Ան մէկ անգամէն առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունեցաւ։ Եւ այդ պատճառով շա՜տ ընկճուեցաւ։ Ետքը, գիտցաւ որ իր մայրը մահացու հիւանդութիւն մը ունէր։ Քրիսթին կ’ըսէ. «Սրտանց Եհովային աղօթեցի որ ամէն օր ինծի ոյժ տայ։ Եւ ջանք ըրի որ միշտ ժողովներու երթամ եւ անձնական սերտողութիւն ընեմ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Աղօթելը օգնեց որ այդ դժուար պահերուն ոտքի մնամ։ Գիտէի որ Եհովան միշտ ինծի հետ է, եւ այդ գաղափարը մեծ մխիթարութիւն էր։ Հակառակ անոր որ առողջապահական խնդիրներս մէկ անգամէն չլուծուեցան, բայց Եհովան աղօթքներուս պատասխանեց՝ ինծի օգնելով որ ներքին խաղաղութիւն ունենամ եւ հանդարտ մնամ»։ Բնա՛ւ չմոռնանք որ Եհովան «գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել» (Բ. Պետ. 2։9)։

Եղբայր մը քայլեր կ’առնէ փորձութեան դէմ դնելու համար։ 1. Սրտանց կ’աղօթէ։ 2. Իր թապլեթէն էփ մը կը ջնջէ։ 3. Սուրբ Գիրքը կը կարդայ։

Փորձութեան դէմ դնելու համար, 1) աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, 2) աղօթքներուդ համաձայն վարուէ եւ 3) Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրացուր (տե՛ս պարբ. 16-17)

16. Ինչո՞ւ փորձութեան դէմ դնելու համար Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք։

16 Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ որ փորձութեան դէմ դնես։ Միշտ պէտք է ջանք ընենք որ սխալ չընենք։ Սատանան ամէն բան կ’ընէ որ այս պայքարը դժուարացնէ։ Օրինակ, ան անմաքուր ժամանցը կը գործածէ որ մեր միտքը ապականէ, ինչ որ կրնայ ձգել որ լուրջ մեղք մը գործենք (Մար. 7։21-23. Յակ. 1։14, 15)։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աղօթքներուն համաձայն վարուիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

17 Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք, եթէ կ’ուզենք փորձութեան մէջ չիյնալ։ Յիսուս իր Տիպար աղօթքին մէջ այս խնդրանքը ըրաւ. «Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ» (Մատ. 6։13)։ Եհովան կ’ուզէ՛ մեզի օգնել, բայց նախ պէտք է մե՛նք իրմէ օգնութիւն խնդրենք։ Ասկէ զատ, պէտք է մեր աղօթքներուն համաձայն վարուինք։ Մենք ամէն ջանք պէտք է ընենք, որ մեր միտքը չլեցուի Սատանայի աշխարհին սխալ գաղափարներով (Սաղ. 97։10)։ Հապա պէտք է մեր միտքը լեցնենք օգտակար գաղափարներով։ Ասիկա կրնանք ընել, երբ Սուրբ Գիրքը կարդանք եւ սերտենք, ժողովներու ներկայ ըլլանք եւ ծառայութեան մասնակցինք։ Եթէ այսպէս ընենք, Եհովան կը խոստանայ որ պիտի չձգէ որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք (Ա. Կոր. 10։12, 13)։

18. Բոլորս պէտք է ի՞նչ ընենք։

18 Այս դժուար վերջին օրերուն, բոլորս պէտք է շատ աւելի աղօթենք որ Եհովային հաւատարիմ մնանք։ Անոր համար, ամէն օր ժամանակ տրամադրէ որ Եհովային սրտանց աղօթես։ Եհովան կ’ուզէ որ ‘իր առջեւ սրտերնիս բանանք’ (Սաղ. 62։8)։ Զինք փառաբանէ եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնէ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ ծառայութեան մէջ համարձակ ըլլաս, խնդիրներու հետ գլուխ ելլես եւ որեւէ փորձութեան դէմ դնես։ Մի՛ ձգեր որ որեւէ բան կամ ոեւէ մէկը արգելք ըլլայ որ կանոնաւորաբար Իրեն աղօթես։ Լաւ, Եհովան ինչպէ՞ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Այս կարեւոր հարցումին պատասխանը պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ աղօթքը իրեն համար կարեւոր էր։

  • Ի՞նչ նիւթերու մասին կրնանք աղօթել։

  • Ի՞նչ վճռած ես ընել աղօթքներուդ նկատմամբ։

ԵՐԳ 6 Աստուծոյ ծառային աղօթքը

a Կ’ուզենք որ մեր աղօթքները նմանին ջերմ նամակներու, որոնք կը գրենք մեր մտերիմ բարեկամին։ Բայց միշտ դիւրին չ’ըլլար աղօթելու ժամանակ գտնել եւ գիտնալ ինչի՛ մասին աղօթել։ Այս երկու կարեւոր նիւթերը նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել