ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 46
Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը վստահեցնէ որ երկիրը դրախտ պիտի ընէ
«Երկրի վրայ օրհնուողը ճշմարիտ Աստուծմով օրհնուի» (ԵՍԱ. 65։16)։
ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1. Եսայի մարգարէն իսրայէլացիներուն ի՞նչ պատգամ տուաւ։
ԵՍԱՅԻ մարգարէն Եհովան նկարագրեց որպէս ‘ճշմարիտ Աստուածը’։ «Ճշմարիտ» թարգմանուած բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «ամէն» (Եսա. 65։16)։ «Ամէն» կը նշանակէ «այնպէս ըլլայ» կամ «վստահաբար»։ Երբ Աստուածաշունչին մէջ «ամէն» բառը գործածուի Եհովային կամ Յիսուսին նկատմամբ, անիկա երաշխիք է որ բան մը ճշմարիտ է։ Այսպէս, իսրայէլացիներուն ուղղուած Եսայիին պատգամը յստակ էր. ինչ որ Եհովան կը նախատեսէ միշտ վստահելի է։ Եւ Եհովան ասիկա փաստած է՝ իր իւրաքանչիւր խոստումը կատարելով։
2. Ինչո՞ւ կրնանք ապագայի նկատմամբ Եհովայի տուած խոստումներուն վստահիլ, եւ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
2 Կրնա՞նք նոյնպէս վստահ ըլլալ որ ապագայի նկատմամբ Եհովային խոստումները պիտի կատարուին։ Եսայիի ժամանակէն մօտ 800 տարի ետք, Պօղոս առաքեալը բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ խոստումները միշտ վստահելի են։ Պօղոս ըսաւ. «Անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի» (Եբ. 6։18)։ Ճիշդ ինչպէս որ կարելի չէ որ աղբիւրէ մը թէ՛ անուշ ջուր եւ թէ աղի ջուր հոսի, նոյնպէս կարելի չէ որ Եհովան՝ ճշմարտութեան Աղբիւրը, սուտ խօսի։ Ուրեմն, կրնանք լման վստահութիւն ունենալ որ ամէն ինչ որ Եհովան կ’ըսէ, մէջը ըլլալով՝ ապագայի նկատմամբ իր խոստումները, պիտի կատարուի։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք այս հարցումները. Եհովան ի՞նչ խոստացած է որ մեզի տայ ապագային, եւ ան ի՞նչ երաշխիքներ կու տայ որ իր խոստումը պիտի կատարէ։
ԵՀՈՎԱՆ Ի՞ՆՉ ԽՈՍՏԱՑԱԾ Է
3. ա) Եհովայի ծառաները ո՞ր խոստումը շատ կը սիրեն (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ բ) Ոմանք ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն, երբ անոնց այս խոստումին մասին խօսինք։
3 Մեր նկատի առնելիք խոստումը Եհովայի ծառաներուն կողմէ շատ սիրուած խոստում մըն է (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Եհովան խոստացած է որ ժամանակը պիտի գայ, երբ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ Մեզմէ շատեր Աստուածաշունչի այս քաջալերական համարը կը գործածեն, երբ ուրիշներուն կը խօսին Դրախտին մէջ մեր վայելելիք կեանքին մասին։ Երբ մարդոց խօսինք այս խոստումին մասին, անոնք ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն։ Թերեւս ըսեն. «Ասիկա երազ է»։
4. ա) Եհովան ի՞նչ բան գիտէր եւ մարգարէացաւ։ բ) Խոստում մը տալէ զատ, Եհովան ի՞նչ ըրաւ։
4 Անշուշտ, երբ Եհովան Յովհաննէս առաքեալը ներշնչեց որ Դրախտին մասին այս խոստումը գրէ, ան գիտէր որ մենք ներկայիս այս յոյսին մասին պիտի քարոզէինք ուրիշներուն։ Եհովան նաեւ առաջուընէ գիտցաւ թէ շատերու համար դժուար պիտի ըլլար «նոր բաներ»ու մասին այս խոստումին հաւատալը (Եսա. 42։9, ՆԱ. 60։2. Բ. Կոր. 4։3, 4)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ եւ ուրիշները վստահեցնել որ Յայտնութիւն 21։3, 4–ին մէջ նշուած օրհնութիւնները պիտի կատարուին։ Եհովան ոչ միայն այս քաջալերական խոստումը տուաւ, հապա նաեւ տուաւ վստահելի պատճառներ կամ երաշխիքներ, թէ ինչո՛ւ կրնանք ատոր վստահիլ։ Լաւ, ի՞նչ են այդ պատճառները։
ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ
5. Դրախտի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումին վստահելու համար ի՞նչ պատճառներ ունինք, եւ անոնք ո՞ւր կը գտնենք։
5 Դրախտին նկատմամբ Եհովայի խոստումին վստահելու պատճառները կը գտնենք յաջորդող համարներուն մէջ։ Հոն կը կարդանք. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’։ Նաեւ ըսաւ ինծի. ‘Եղա՛ւ. ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան, Սկիզբն ու Վախճանը’» (Յայտ. 21։5, 6ա)։
6. Յայտնութիւն 21։5, 6–ին մէջի երաշխիքները ինչո՞ւ Աստուծոյ խոստումին հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնեն։
6 Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի այս համարները Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնեն։ Յայտնութեան յանգումը գիրքը այս համարներուն մասին կ’ըսէ. «Կարծես այս ապագայ օրհնութիւններուն համար Եհովա ի՛նք հաւատարիմ մարդկութեան երաշխիք կու տայ, կամ վաւերագիր մը կը ստորագրէ»b։ Աստուծոյ խոստումը արձանագրուած է Յայտնութիւն 21։3, 4–ի մէջ։ Բայց ետքը 5–րդ եւ 6–րդ համարներուն մէջ, կարծես թէ Եհովային ստորագրութիւնը կայ, որ կ’երաշխաւորէ թէ իր խոստումները ճշմարիտ են։ Աւելի մօտէն քննարկենք այս երաշխիքները։
7. Ո՞վ կը սկսի խօսիլ 5–րդ համարին մէջ, եւ ասիկա ինչո՞ւ յատուկ բան մըն է։
7 Աստուծոյ երաշխիքները կը սկսին այս խօսքով. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ» (Յայտ. 21։5ա)։ Ասիկա այն երեք պարագաներէն մէկն է Յայտնութիւն գրքին մէջ, ուր Եհովան անձամբ կը խօսի տեսիլքներու մէջ։ Ուրեմն, ոչ թէ զօրաւոր հրեշտակ մը այս երաշխիքը կու տայ, ոչ ալ յարութիւն առած Յիսուսը, հապա Եհովան ինք։ Այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ որ յաջորդ խօսքերուն կրնանք վստահիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան «անսուտն Աստուած» է (Տիտ. 1։2)։ Ուրեմն, Յայտնութիւն 21։5, 6–ի խօսքերը անպայման պիտի կատարուին։
«ԱՀԱ ԱՄԷՆ ԲԱՆԵՐԸ ՆՈՐ Կ’ԸՆԵՄ»
8. Եհովան իր խոստումին վստահ ըլլալը ինչպէ՞ս կը շեշտէ (Եսայի 46։10)։
8 Հիմա եկէք նկատի առնենք «Ահա» բառը (Յայտ. 21։5)։ «Ահա» թարգմանուած յունարէն բառը Յայտնութիւն գրքին մէջ շատ անգամներ գործածուած է։ Գիրք մը կ’ըսէ որ «Ահա» բառը գործածուած է «որպէս կերպ մը ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրելու ըսուելիք յաջորդ խօսքերուն վրայ»։ Ի՞նչ են անոնք։ Աստուած կ’ըսէ. «Ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ Հոս Եհովան կը խօսի ապագային ըլլալիք փոփոխութիւններուն մասին, բայց իրեն համար այս խոստումը այնքա՛ն վստահելի է, որ ան այս փոփոխութիւններուն մասին կը խօսի այնպէս մը, որ կարծես թէ արդէն տեղի ունեցած են (կարդա՛ Եսայի 46։10)։
9. ա) «Ամէն բաները նոր կ’ընեմ» արտայայտութիւնը Եհովային ընելիք ո՞ր երկու բաներուն կ’ակնարկէ։ բ) Ի՞նչ պիտի պատահի ներկայ «երկինք»ին եւ «երկիր»ին։
9 Հիմա նկատի առնենք «Ամէն բաները նոր կ’ընեմ» արտայայտութիւնը։ Այս արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ երկու բաներու։ Առաջին, Եհովան հին աշխարհը պիտի կործանէ։ Երկրորդ, ան նոր աշխարհ մը պիտի բերէ։ Նա՛խ նկատի առնենք առաջինը։ Յայտնութիւն 21։1–ին մէջ կը կարդանք. «Առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան»։ «Առաջին երկինքը» կ’ակնարկէ կառավարութիւններուն, որոնք Սատանային եւ իր դեւերուն ազդեցութեան տակ են (Մատ. 4։8, 9. Ա. Յովհ. 5։19)։ Սուրբ գիրքին մէջ, «երկիր» բառը կրնայ ակնարկել՝ երկրի վրայ ապրող մարդոց (Ծն. 11։1. Սաղ. 96։1)։ Ուրեմն, «առաջին երկիրը» կ’ակնարկէ ներկայիս ապրող չար մարդոց։ Եհովան ոչ թէ պարզապէս պիտի նորոգէ հիմակուան «երկինքը» եւ «երկիրը», հապա ատոնք ամբողջովին պիտի կործանէ եւ անոնց տեղը պիտի ընէ «նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը», այսինքն՝ նոր կառավարութիւն մը, որ պիտի իշխէ նոր մարդոց, այսինքն՝ արդար մարդոց վրայ։
10. Եհովան ի՞նչ բան նոր պիտի ընէ։
10 Յայտնութիւն 21։5–ին մէջ կը կարդանք թէ Եհովան ի՛նչ կ’ըսէ իր ընելիք նոր բաներուն մասին։ Նկատի առ թէ Եհովան չ’ըսեր. «Նոր բաներ կ’ընեմ», հապա կ’ըսէ. «Ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ Ուրեմն, Եհովան երկիրը եւ մարդիկը նոր պիտի ընէ՝ անոնք կատարելութեան հասցնելով։ Ինչպէս որ Եսային մարգարէացած էր, ամբողջ երկրագունդը պիտի վերածուի դրախտանման պարտէզի մը՝ համաշխարհային Եդեմի մը։ Մենք ալ անհատական գետնի վրայ նոր պիտի ըլլանք, կամ՝ պիտի նորոգուինք։ Կաղը, կոյրը եւ խուլը պիտի բուժուին, եւ նոյնիսկ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Եսա. 25։8. 35։1-7)։
«ԱՅՍ ԽՕՍՔԵՐԸ ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՆ։ . . .ԵՂԱ՛Ւ»
11. Եհովան Յովհաննէսին ի՞նչ պատուէր եւ ի՞նչ պատճառ տուաւ։
11 Ուրիշ ի՞նչ բան Աստուծոյ երաշխիքին մէկ մասն է։ Եհովան ըսաւ Յովհաննէսին. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են» (Յայտ. 21։5)։ Եհովան միայն «գրէ՛» հրամանը չտուաւ։ Ան նաեւ պատճառը տուաւ, ըսելով. «Վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»,– այսինքն՝ Աստուծոյ խօսքերը վստահելի եւ ճշգրիտ են։ Մենք շնորհակալ ենք որ Յովհաննէս «գրէ՛» պատուէրին հնազանդեցաւ։ Եւ այդ պատճառաւ մենք կրնանք Դրախտին նկատմամբ Աստուծոյ խոստումին մասին կարդալ եւ մեզի սպասող հոյակապ օրհնութիւններուն վրայ խոկալ։
12. Եհովան ինչո՞ւ իրաւունքը ունի ըսելու. «Եղա՛ւ»։
12 Եհովային յաջորդ խօսքը ի՞նչ է։ «Եղա՛ւ» (Յայտ. 21։6)։ Եհովան այնպէս մը կը խօսի, որ կարծես թէ խոստացուած Դրախտին մասին նշուած բոլոր բաները արդէն եղան։ Եւ ինք իրաւունք ունի այդպէս խօսելու, քանի որ բա՛ն մը չկայ որ արգելք կը կենայ որ իր նպատակը կատարէ։ Ասոնցմէ ետք, Եհովան կ’ըսէ ուրիշ բան մը, որ մեզ կը վստահեցնէ թէ իր տուած խոստումը անպայման պիտի կատարուի։ Ի՞նչ է ատիկա։
«ԵՍ ԵՄ ԱԼՖԱՆ ԵՒ ՕՄԷՂԱՆ»
13. Եհովան ինչո՞ւ ըսաւ. «Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան»։
13 Ինչպէս որ նախապէս ըսինք, Եհովան Յովհաննէսին տուած իր տեսիլքներուն մէջ երեք անգամ անձամբ խօսեցաւ (Յայտ. 1։8. 21։5, 6. 22։13)։ Ամէն անգամին ալ Եհովան նոյն խօսքը ըսաւ. «Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան»։ «Ալֆա»ն յունարէն այբուբենին առաջին գիրն է, իսկ «Օմէղա»ն վերջին գիրը։ ‘Ալֆա եւ Օմէղա’ արտայայտութիւնը գործածելով, Եհովան ցոյց կու տայ որ երբ բան մը սկսի ընել, անիկա պիտի ամբողջացնէ։
Երբ Եհովան բան մը կը սկսի, անպայման կը վերջացնէ (տե՛ս պարբերութիւն 14, 17)
14. ա) Օրինակ մը տուր, թէ Եհովան ե՛րբ կարծես թէ ըսաւ. «Ալֆա» եւ ե՛րբ կարծես թէ պիտի ըսէ. «Օմէղա»։ բ) Ծննդոց 2։1-3–ի մէջ ի՞նչ երաշխիք կը գտնենք։
14 Եհովան Ադամն ու Եւան ստեղծելէ ետք, անոնց ըսաւ թէ ի՛նչ էր իր նպատակը մարդկութեան եւ երկրին համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. ‘Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք’» (Ծն. 1։28)։ Այդ ատեն, Եհովան կարծես թէ ըսաւ. «Ալֆա»։ Ան յստակօրէն իր նպատակը յայտնեց։ Ժամանակ մը պիտի գար, երբ Ադամի ու Եւայի կատարեալ ու հնազանդ զաւակները երկիրը պիտի լեցնէին եւ ատիկա դրախտի պիտի վերածէին։ Երբ այդ մէկը ըլլայ ապագային, Եհովան կարծես թէ պիտի ըսէ. «Օմէղա»։ «Երկինք ու երկիր եւ անոնց բոլոր զարդերը» ամբողջացնելէ ետք, Եհովան երաշխիք մը տուաւ։ Անիկա կը գտնուի Ծննդոց 2։1-3–ի մէջ (կարդա՛)։ Եհովան ըսաւ որ եօթներորդ օրը սուրբ է։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովան երաշխաւորեց որ մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ իր նպատակը անպայման պիտի կատարէ։ Ատիկա լիովին պիտի կատարուի եօթներորդ օրուան վերջաւորութեան։
15. Ինչո՞ւ այնպէս երեւցաւ որ Սատանան մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ձախողեցուց։
15 Ադամն ու Եւան ըմբոստանալէ ետք, անոնք մեղաւոր դարձան եւ մեղքն ու մահը իրենց սերունդին փոխանցեցին (Հռով. 5։12)։ Ասոր հետեւանքով, այնպէս երեւցաւ որ Սատանան երկիրը կատարեալ եւ հնազանդ մարդոցմով լեցնելու Աստուծոյ նպատակը ձախողեցուց։ Նաեւ այնպէս երեւցաւ որ Սատանան անկարելի դարձուց որ Եհովան կրնայ «Օմէղա» ըսել։ Թերեւս ան խորհեցաւ որ Եհովան շատ ընտրութիւններ չունէր։ Առաջին ընտրութիւնը այն էր որ Ադամն ու Եւան մեռցնէ եւ անոնց տեղ ուրիշ կատարեալ զոյգ մը ստեղծէ, որ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը կատարէ։ Բայց եթէ Աստուած ասիկա ընէր, Սատանան Աստուած ստախօս պիտի հանէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, ինչպէս Ծննդոց 1։28–ի մէջ կ’ըսէ, Եհովան Ադամին ու Եւային ըսած էր որ իրենց սերունդը երկիրը պիտի լեցնէր։
16. Թերեւս Սատանան ինչո՞ւ մտածեց որ կրնայ Եհովան ամբաստանել որպէս ձախող մէկը։
16 Սատանայի կարծիքով, Աստուած ուրիշ ի՞նչ ընտրութիւն ունէր։ Թերեւս Սատանան մտածեց որ Եհովան պիտի ձգէ որ Ադամը եւ Եւան անկատար սերունդ մը բերեն, որ բնաւ պիտի չկարենայ կատարելութեան հասնիլ (Ժող. 7։20. Հռով. 3։23)։ Այդ պարագային, անկասկած Սատանան պիտի ըսէր որ Եհովան ձախող մէկն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս ընտրութիւնը գործածելով, Եհովան պիտի չհասնէր իր նպատակին, որ Ադամի ու Եւայի կատարեալ եւ հնազանդ զաւակները Դրախտ երկիրը լեցնեն։
17. Եհովան Սատանայի եւ առաջին զոյգին ըմբոստութիւնը ինչպէ՞ս լուծեց, եւ ատոր արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Եհովան Սատանային եւ առաջին զոյգին ըմբոստութիւնը այնպիսի կերպով մը լուծեց որ վստահաբար Սատանան ապշեցաւ (Սաղ. 92։5)։ Փոխանակ փաստուելու որ Եհովան ստախօս է, փաստուեցաւ որ ան ճշմարտախօս է, քանի որ թոյլ տուաւ որ Ադամը եւ Եւան զաւակներ բերեն։ Եւ փոխանակ փաստուելու որ Եհովան ձախող Աստուած է, փաստուեցաւ որ ան յաջող Աստուած է։ Ան շարունակեց իր նպատակը յաջողցնել՝ «սերունդ» մը մէջտեղ բերելով, որ Ադամի ու Եւայի հնազանդ զաւակները պիտի փրկէր (Ծն. 3։15. 22։18)։ Եհովայի ըրած փրկանքի կարգադրութիւնը վստահաբար Սատանան ապշեցուց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա անձնուրաց սիրոյ վրայ հիմնուած կարգադրութիւն մըն է (Մատ. 20։28. Յովհ. 3։16)։ Սատանային անձնասէր բնաւորութեան մէջ այս յատկութիւնը չկայ։ Իսկ փրկանքի կարգադրութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։ Հազարամեայի վերջաւորութեան, Ադամի ու Եւայի կատարեալ ու հնազանդ զաւակները պիտի ապրին դրախտ երկրի մը վրայ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովայի սկզբնական նպատակն էր։ Եհովան կարծես թէ պիտի կարենայ ըսել՝ «Օմէղա»։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՀՈՎԱՅԻ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՒԵԼՑՆԵՆՔ
18. Եհովան ի՞նչ երեք պատճառներ կու տայ որ իր խոստումը պիտի կատարէ (տե՛ս նաեւ «Եհովայի խոստումին վստահելու երեք պատճառներ» շրջանակը)։
18 Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնանք կասկածող մարդոց պատճառներ տալ, որ Դրախտին նկատմամբ Աստուծոյ խոստումը պիտի կատարուի։ Առաջին, Եհովան ինք այս խոստումը կու տայ։ Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’»։ Ան իր խոստումը իրականացնելու իմաստութիւնը, զօրութիւնը եւ փափաքը ունի։ Երկրորդ, Եհովային անկիւնէն դիտուած, իր խոստումին կատարուիլը այնքա՛ն վստահելի է, որ կարծես թէ կատարուած է։ Ան կրնայ ըսել. «Այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են։ . . .Եղա՛ւ»։ Երրորդ, երբ Եհովան բան մը կը սկսի, անպայման կը վերջացնէ։ Ինչպէս որ այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ. «Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան»։ Եհովան պիտի փաստէ որ Սատանան ստախօս եւ ձախող մէկն է։
19. Երբ մարդիկ դժուարութիւն ունենան հաւատալու Դրախտի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումին, ի՞նչ կրնաս ընել։
19 Յիշէ թէ ամէն անգամ որ ծառայութեան մէջ մէկու մը կը խօսիս Աստուծոյ տուած երաշխիքներուն մասին, իր խոստումներուն նկատմամբ վստահութիւնդ կ’աւելցնես։ Ուրեմն, երբ յաջորդ անգամ կարդաս Յայտնութիւն 21։4–ի մէջ յիշուած Դրախտի քաջալերական խոստումին մասին, եւ մէկը քեզի ըսէ. «Ասիկա երազ է», ի՞նչ կրնաս ընել։ Կրնաս իրեն կարդալ եւ բացատրել 5–րդ եւ 6–րդ համարները, եւ ցոյց տալ թէ Եհովան իր այս խոստումը երաշխաւորած է՝ կարծես թէ իր ստորագրութիւնը դնելով (Եսա. 65։16)։
ԵՐԳ 19 Եհովա Աստուծոյ խոստացած դրախտը
a Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ այն պատճառները, որոնք Եհովան տուած է մեզ վստահեցնելու համար, որ Դրախտին նկատմամբ իր խոստումը պիտի կատարուի։ Ամէն անգամ որ այս պատճառներուն մասին ուրիշներուն հետ խօսինք, Եհովայի խոստումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ։