Չորեքշաբթի, յուլիս 16
Տէրը գիտէ իմաստուններուն խորհուրդները, որոնք ունայն են (Ա. Կոր. 3։20)։
Պէտք չէ մարդկային գաղափարներու դիմենք։ Եթէ Եհովային օրէնքները անտեսող մարդոց պէս մտածենք, մենք ալ կրնանք անտեսել զինք եւ իր օրէնքները (Ա. Կոր. 3։19)։ «Այս աշխարհի իմաստութիւնը» յաճախ մարդիկը կը քաջալերէ որ իրենց մարմնաւոր ցանկութիւններուն համաձայն ապրին։ Պերգամոնի եւ Թիւատիրի մէջ եղող քանի մը քրիստոնեաներ ազդուեցան իրենց շուրջի մարդոցմէն, որոնք անբարոյ էին եւ կուռքեր կը պաշտէին։ Յիսուս զօրաւոր խրատ տուաւ այդ երկու ժողովքներուն, քանի որ անոնք սեռային անբարոյութեան աչք կը խփէին (Յայտ. 2։14, 20)։ Ներկայիս, մեր շուրջինները կրնան մեզ ճնշել որ սխալ գաղափարներ ընդունինք։ Ընտանիքի անդամներ եւ ճանչուորներ թերեւս մեզի ըսեն որ շատ խիստ ենք, եւ թէ պէտք է ատեն–ատեն մեր համոզումներուն մէջ զիջումներ ընենք։ Օրինակ, թերեւս անոնք ըսեն որ բարոյապէս մաքուր մնալը կարեւոր չէ եւ թէ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները նորոյթ չեն։ Երբեմն կրնանք կարծել որ Եհովային տուած ուղղութիւնները բաւարար չեն։ Նոյնիսկ կրնանք «գրուածէն աւելի բան» մտածել (Ա. Կոր. 4։6)։ դ23.07 16 ¶10-11
Հինգշաբթի, յուլիս 17
Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած (Առ. 17։17, ՆԱ)։
Մարիամ՝ Յիսուսին մայրը, զօրութեան պէտք ունէր։ Թէեւ ան չէր ամուսնացած, բայց յղի պիտի մնար։ Թէեւ ան պզտիկներ չէր մեծցուցած, բայց պիտի մեծցնէր պզտիկ մը, որ ապագային Մեսիան պիտի ըլլար։ Եւ քանի՛ որ սեռային յարաբերութիւններ չէր ունեցած, իր նշանածին՝ Յովսէփին ինչպէ՞ս պիտի բացատրէր այս բոլորը (Ղուկ. 1։26-33)։ Մարիամ ինչպէ՞ս պէտք եղած զօրութիւնը ստացաւ։ Ան ուրիշներուն օգնութիւնը խնդրեց։ Օրինակ, Գաբրիէլէն խնդրեց որ այս նշանակումին մասին աւելի տեղեկութիւններ տայ (Ղուկ. 1։34)։ Եւ անկէ քիչ ետք, ան «լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց»՝ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին այցելելու համար։ Եղիսաբէթը զինք գովեց եւ Եհովայէն ներշնչուելով քաջալերական մարգարէութիւն մը ըսաւ ծնելիք մանուկին մասին (Ղուկ.1։39-45)։ Ասոր վրայ, Մարիամը ըսաւ որ Եհովան «իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց» (Ղուկ. 1։46-51)։ Եհովան Գաբրիէլին եւ Եղիսաբէթին միջոցաւ Մարիամը զօրացուց։ դ23.10 14-15 ¶10-12
Ուրբաթ, յուլիս 18
Մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով (Յայտ. 1։6)։
Քրիստոսի աշակերտներու սահմանափակ թիւ մը օծուած է սուրբ հոգիով եւ անոնք Եհովային հետ յատուկ յարաբերութիւն կը վայելեն։ Թիւով 144,000՝ անոնք որպէս քահանաներ պիտի ծառայեն Յիսուսի հետ երկինքին մէջ (Յայտ. 14։1)։ Խորանին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ թէ անոնք որդեգրուած են որպէս Աստուծոյ հոգեղէն որդիները, մինչ տակաւին երկրի վրայ են (Հռով. 8։15-17)։ Սրբութիւն սրբութեանցը կը ներկայացնէ երկինքը, ուր Եհովան կը բնակի։ Վարագոյրը, որ Սրբութիւնը կը բաժնէր Սրբութիւն սրբութեանցէն, կը ներկայացնէ Յիսուսի մսեղէն մարմինը, որ արգելք կը կենար որ ան երկինք մտնէ՝ որպէս հոգեւոր տաճարին մեծ Քահանայապետը։ Ան իր մարդկային մարմինը մարդկութեան համար զոհելով, ճամբան բացաւ որ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները երկինքին մէջ ապրին։ Իրենք ալ պէտք է իրենց մսեղէն մարմինէն վազ անցնին, որպէսզի երկինք մտնեն (Եբ. 10։19, 20. Ա. Կոր. 15։50)։ դ23.10 28 ¶13