Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 98
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 98։1

Ստորանիշներ

  • *

    98։1 Կամ, յաղթութիւն

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 98։1-9

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՇԽԱՆԸ

Սաղմոս

98 Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը,

Վասն զի հրաշքներ ըրաւ,

Իր աջ ձեռքը ու սուրբ բազուկը

Իրեն փրկութիւն* տուին։

 2 Տէրը ցուցուց իր փրկութիւնը,

Ազգերուն առջեւ յայտնեց իր արդարութիւնը։

 3 Յիշեց իր ողորմութիւնը ու իր հաւատարմութիւնը

Իսրայէլի տանը համար.

Երկրի բոլոր ծայրերը

Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան։

 4 Ցնծացէ՛ք Տէրոջը առջեւ, ո՜վ բոլոր երկիր.

Ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք։

 5 Սաղմոս երգեցէ՛ք Տէրոջը՝ քնարով,

Քնարով ու սաղմոսի ձայնով,

 6 Փողերով ու շեփորի ձայնով,

Աղաղակեցէ՛ք Տէր թագաւորին առջեւ։

 7 Թո՛ղ գոռան ծովն ու անոր լիութիւնը,

Աշխարհ ու անոր բնակիչները։

 8 Գետերը թո՛ղ ծափ զարնեն

Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան

 9 Տէրոջը առջեւ, վասն զի կու գայ երկիրը դատելու։

Անիկա պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով

Ու ժողովուրդները՝ ուղղութիւնով։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել