Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մարկոս 16
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Մարկոս 16։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/1/2013, էջ 8

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 127

Մարկոս 16։8

Ստորանիշներ

  • *

    16։8 Ոմանք, շուտ ելան

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2014, էջ 15

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Մարկոս 16։1-20

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 28։1-8. Ղուկ. 24։1-12. Յովհ. 20։1-10)

16 Երբ շաբաթը անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն խունկեր ծախու առին, որպէս զի երթան օծեն զանիկա։ 2 Մէկշաբթի առտուն շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր, գացին գերեզմանը 3 Ու իրարու կ’ըսէին. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն», 4 Ու նայեցան տեսան որ քարը գլորուած էր, վասն զի շատ մեծ էր։ 5 Գերեզմանէն ներս մտնելով՝ երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստեր էր ճերմակ պատմուճան հագած ու զարհուրեցան։ 6 Անիկա ըսաւ անոնց. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա։ 7 Ուրեմն գացէ՛ք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ. հոն պիտի տեսնէք զանիկա՝ ինչպէս ձեզի ըսաւ»։ 8 Կիները դողով ու ապշութեամբ բռնուած՝ ելան* ու փախան գերեզմանէն եւ մարդու բան չըսին, քանզի կը վախնային։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԻԱՄ ՄԱԳԴԱՂԵՆԱՑԻԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Մատթ. 28։9, 10. Յովհ. 20։11-18)

9 Յիսուս մէկշաբթի առտուն յարութիւն առած՝ առաջ Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, որմէ եօթը դեւ հաներ էր։ 10 Անիկա գնաց անոնց պատմեց՝ որոնք իր հետն էին, երբ սուգ կ’ընէին ու կու լային։ 11 Իսկ անոնք երբ լսեցին թէ կենդանի է եւ երեւցաւ, չհաւատացին։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Ղուկ. 24։13-35)

12 Ետքը ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին՝ որոնք քալելով արտը կ’երթային։ 13 Անոնք գացին միւսներուն պատմեցին։ Անոնք ալ չհաւատացին։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԸՄԷԿԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Մատթ. 28։16-20. Ղուկ. 24։36-49. Յովհ. 20։19-23. Գործք 1։6-8)

14 Վերջը տասնըմէկին երեւցաւ, երբ սեղան նստած էին ու դատապարտեց իրենց անհաւատութիւնը եւ սրտերնուն կարծրութիւնը, վասն զի որոնց՝ որ ինք երեւցաւ մեռելներէն յարութիւն առած՝ իրենք չհաւատացին։

15 Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն։ 16 Ան որ հաւատայ ու մկրտուի՝ պիտի փրկուի եւ ան որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։ 17 Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. Իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին. 18 Ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄԲԱՐՁԱՒ

(Ղուկ. 24։50-53. Գործք 1։9-11)

19 Արդ Տէրը անոնց հետ խօսելէն ետքը երկինք համբարձաւ ու Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։ 20 Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային։ Ամէն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել