Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 132
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 132։1-18

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

Աստիճաններուն երգը

132 Դաւիթին սիրոյն, ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր նեղութիւնները,

 2 Որ երդում ըրաւ Տէրոջը

Եւ ուխտ դրաւ Յակոբին Զօրաւորին,

 3 Ըսելով. «Իմ տանս բնակարանը պիտի չմտնեմ

Ու իմ փռած անկողինիս վրայ պիտի չելլեմ։

 4 Իմ աչքերուս՝ քուն

Եւ արտեւանունքներուս նիրհում պիտի չտամ,

 5 Մինչեւ Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմ

Յակոբին՝ Զօրաւորին համար՝ բնակարան»։

 6 Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջ

Եւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։

 7 «Մտնենք անոր բնակարանները

Ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։

 8 Քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, ո՛վ Տէր,

Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը։

 9 Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին

Եւ քու սուրբերդ ցնծան։

10 Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյն

Անդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։

11 Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբ

Ու ետ չի դառնար անկէ.

«Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը

Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։

12 Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս

Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ,

Այն ատեն անոնց որդիներն ալ

Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։

13 Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց

Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց,

14 Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։

Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։

15 Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ

Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ

16 Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ

Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։

17 Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ

Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։

18 Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ,

Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել