ԵԶԵԿԻԷԼԻ
ԱՌԱԿ ՄԸ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԻՆ ՄԱՍԻՆ
15 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, որթատունկին փայտը ի՞նչ առաւելութիւն ունի ուրիշ փայտերէ,
Այսինքն այնպիսի ճիւղ մը, որ անտառի ծառերուն մէջ է։
3 Միթէ ան իբր փայտ կ’առնուի՞, բանի մը գործածելու համար.
Կամ թէ անկէ ցից մը կը շինուի՞ անկէ աման մը կախելու համար։
4 Ահա կրակի մէջ կը նետուի, անոր կերակուր ըլլալու համար։
Կրակը անոր երկու ծայրերը կ’ուտէ
Ու մէջը կ’այրէ։
Միթէ անիկա բանի մը օգտակար կ’ըլլա՞յ։
5 Ահա անիկա ողջ եղած ատենը բանի մը չի ծառայեր.
Ալ ո՞ւր մնաց որ անիկա բանի մը օգտակար ըլլայ,
Երբ կրակը զանիկա սպառէ եւ հատցնէ։
6 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Անտառին փայտերուն մէջ ինչպէս է որթատունկին փայտը,
Որ կրակին տուի կերակուրի համար,
Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։
7 Իմ երեսս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ.
Անոնք մէկ կրակէն պիտի ազատին,
Բայց ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի ուտէ։
Երբ իմ երեսս անոնց վրայ հաստատեմ,
Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
8 Եւ իրենց անհաւատարմութեան համար
Երկիրը ամայի պիտի ընեմ’»։