Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Երեմիա 12
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Երեմիա 12։1

Ստորանիշներ

  • *

    12։1 Կամ, քու դատաստաններուդ

Երեմիա 12։3

Ստորանիշներ

  • *

    12։3 Եբր., սրբէ՛, կամ, նուիրէ՛

Երեմիա 12։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/1/2011, էջ 32

Երեմիա 12։9

Ստորանիշներ

  • *

    12։9 Կամ, գիշատիչ

Երեմիա 12։16

Ստորանիշներ

  • *

    12։16 Եբր., շինուին

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Երեմիա 12։1-17

ԵՐԵՄԵԱՅ

ԵՐԵՄԻԱ ՏԷՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՊՆԴԷ

12 Ո՛վ Տէր, երբ քեզի դէմ գանգատիմ, դուն արդար պիտի գտնուիս.

Սակայն իրաւունքի* վրայով պիտի խօսիմ քեզի.

Ինչո՞ւ ամբարիշտներուն ճամբան կը յաջողի

Ու բոլոր նենգութիւն ընողները հանգստութիւն կը վայելեն։

 2 Դուն զանոնք տնկեցիր եւ անոնք արմատացան։

Անոնք կ’աճին ու պտուղ կու տան։

Դուն անոնց բերնին մօտ ես,

Բայց անոնց սրտէն հեռու ես։

 3 Դուն, ո՛վ Տէր, զիս ճանչցար,

Զիս տեսար ու իմ միտքս քու առջեւդ քննեցիր։

Զատէ զանոնք մորթուելու ոչխարներու պէս,

Սպանդի օրուան համար պատրաստէ*։

 4 Մինչեւ ե՞րբ երկիրը սուգ պիտի բռնէ

Իր բնակիչներուն չարութեանը համար

Ու բոլոր դաշտին խոտը պիտի չորնայ։

Անասուններն ու թռչունները հեռացան,

Վասն զի ըսին. «Անիկա մեր վախճանը պիտի չտեսնէ»։

 5 «Եթէ դուն հետեւակներուն հետ վազեցիր ու քեզ յոգնեցուցին,

Հապա ձիաւորներուն հետ ի՞նչպէս պիտի մրցիս։

Դուն որ խաղաղութեան երկրին մէջ ապահով ես,

Ի՞նչ պիտի ընես՝ երբ Յորդանան գետը յորդի։

 6 Քանզի քու եղբայրներդ ու քու հօրդ տունն ալ,

Անոնք անգամ քեզի դէմ նենգութիւն ըրին

Եւ քու ետեւէդ բարձրաձայն աղաղակեցին։

Թէեւ անոնք քեզի աղէկ բաներ ալ խօսին,

Դուն անոնց մի՛ հաւատար»։

ՏԷՐՈՋԸ ՎԻՇՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

 7 «Իմ տունս թողուցի, իմ ժառանգութիւնս ձգեցի,

Հոգիիս սիրածը իր թշնամիներուն ձեռքը տուի։

 8 Իմ ժառանգութիւնս անտառի առիւծին պէս եղաւ ինծի,

Անիկա բարձր ձայնով իմ վրաս պոռաց։

Այդ պատճառով զանիկա ատեցի։

 9 Իմ ժառանգութիւնս գոյնզգոյն* թռչունի մը պէս եղաւ ինծի,

Թռչունները անոր չորս կողմն են։

Եկէ՛ք, անապատին բոլոր գազանները հաւաքեցէ՛ք,

Բերէ՛ք, որ ուտեն։

10 Շատ հովիւներ իմ այգիս աւերեցին,

Իմ բաժինս ոտնակոխ ըրին

Եւ իմ ցանկալի վիճակս ամայի անապատի դարձուցին։

11 Զանիկա ամայութեան դարձուցին,

Որը ամայի ըլլալով իմ առջեւս սուգ բռնեց։

Բոլոր երկիրը ամայացաւ,

Քանզի մարդ մը չկայ, որ այս բաներուն մասին մտածէ։

12 Անապատին բոլոր բլուրներուն վրայ աւարառուներ եկան.

Վասն զի Տէրոջը սուրը կ’ուտէ

Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը։

Ոեւէ մարմնի խաղաղութիւն չկայ։

13 Ցորեն ցանեցին, բայց փուշ պիտի հնձեն.

Աշխատանք թափեցին, բայց օգուտ պիտի չտեսնեն.

Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը պատճառով

Ձեր արդիւնքներէն պիտի ամչնաք։

ՏԷՐՈՋԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ

14 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը իմ չար դրացիներուս համար,

Որոնք իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին տուած ժառանգութեան կը դպչին.

«Ահա ես զանոնք իրենց երկրին երեսէն պիտի խլեմ,

Յուդային տունն ալ անոնց մէջէն պիտի խլեմ։

15 Զանոնք խլելէս ետքը

Պիտի դառնամ անոնց ողորմիմ

Եւ ամէն մէկը՝ իր ժառանգութեանը

Ու ամէն մէկը իր երկիրը պիտի դարձնեմ։

16 Եթէ անոնք իմ ժողովուրդիս ճամբաները սորվին

Ու իմ անունովս երդում ընեն՝ ըսելով ‘Կենդանի է Տէրը’

(Ինչպէս անոնք իմ ժողովուրդիս՝ Բահաղի անունովը երդում ընել սորվեցուցին),

Այն ատեն իմ ժողովուրդիս մէջ պիտի հաստատուին*։

17 Բայց եթէ մտիկ չընեն,

Այն ատեն այն ազգը արմատէն պիտի խլեմ

Ու պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել