ՍԱՂՄՈՍ
ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
101 Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։
Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։
2 Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ.
Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։
Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։
4 Ծուռ սիրտը թող զատուի ինձմէ։
Չարը պիտի չճանչնամ։
5 Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ.
Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝
Անոր պիտի չհամբերեմ։
6 Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ պիտի ըլլան,
Որպէս զի ինծի հետ բնակին։
Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը
Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։
7 Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ.
Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։
8 Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները,
Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։