Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 138
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 138։1

Ստորանիշներ

  • *

    138։1 Կամ, Հրեշտակներուն, կամ, Դատաւորներուն, եւ կամ, Աստուծոյ

Սաղմոս 138։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2006, էջ 17

    9/1/2006, էջ 26

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 138։1-8

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

138 Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովս

Աստուածներուն* առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։

 2 Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ

Եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ

Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար,

Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ։

 3 Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծի,

Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր։

 4 Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն,

Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։

 5 Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն.

Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։

 6 Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ

Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։

 7 Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ,

Դուն զիս պիտի կենդանացնես,

Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ

Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես

Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։

 8 Տէրը պիտի գործէ ինծի համար։

Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտենական է։

Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի՛ ձգեր։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել