ՍԱՂՄՈՍ
ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Սաղմոս Դաւիթի
6 Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ
Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի տկար եմ ես.
Զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։
3 Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ.
Եւ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։
4 Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, փրկէ իմ անձս,
Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։
5 Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ.
Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ։
6 Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ.
Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս,
Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։
7 Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն,
Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով հինցաւ։
8 Ինձմէ ե՛տ կեցէք ամէնքդ ալ, որ անօրէնութիւն կը գործէք.
Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց.
9 Տէրը իմ աղօթքս լսեց.
Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։
10 Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ բոլոր թշնամիներս,
Ետ թող դառնան ու շուտով ամչնան։