Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եզեկիէլ 19
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Եզեկիէլ 19։1-14

ԵԶԵԿԻԷԼԻ

ՏՐՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

19 Եւ դո՛ւն, Իսրայէլի իշխաններուն վրայ ողբա՛ 2 Ու ըսէ՛.

«Քու մայրդ մատակ առիւծ մըն է,

Որ առիւծներու մէջ կը պառկի

Ու իր կորիւնները առոյգ առիւծներու մէջ կը մեծցնէ։

 3 Անիկա իր կորիւններէն մէկը մեծցուց,

Որը առոյգ առիւծ եղաւ

Եւ յափշտակութիւն ընել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։

 4 Անոր դէմ ազգերը ահազանգ հնչեցուցին։

Անիկա անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։

Զանիկա կարթերով Եգիպտոս տարին։

 5 Երբ մայրը տեսաւ թէ պարապ տեղ սպասեր է եւ ի զուր յուսացած է,

Իր կորիւններէն ուրիշ մը առաւ

Ու զանիկա առոյգ առիւծ մը ըրաւ։

 6 Անիկա առիւծներու մէջ պտըտող առոյգ առիւծ մը եղաւ,

Յափշտակել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։

 7 Անոնց ամրոցները աւերեց,

Անոնց քաղաքները կործանեց։

Անոր մռնչիւնէն

Երկիրը ամբողջութեամբ սարսափեցաւ։

 8 Շրջակայ գաւառներէն անոր վրայ ազգեր ելան,

Անոր դէմ իրենց ցանցը լարեցին։

Անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։

 9 Զանիկա կարթերով վանդակի մէջ դրին,

Զանիկա Բաբելոնի թագաւորին տարին,

Զանիկա բերդը դրին,

Որպէս զի անոր ձայնը անգամ մըն ալ Իսրայէլի լեռներուն վրայ չլսուի։

10 Քու մայրդ քու նմանութիւնովդ՝ ջուրերու քով տնկուած որթատունկի պէս է,

Որ շատ ջուրերու պատճառով՝ պտղատու ոստերով լեցուեցաւ։

11 Անիկա զօրաւոր ճիւղեր ունեցաւ իշխաններու գաւազաններու համար։

Իր հասակը խիտ ճիւղերուն մէջէն բարձրացաւ,

Իր բարձրութիւնովն ու բարունակներուն շատութիւնովը երեւցաւ։

12 Բայց անիկա բարկութեամբ խլուեցաւ ու գետինը ձգուեցաւ

Եւ արեւելեան հովը անոր պտուղը չորցուց։

Անոր զօրաւոր ճիւղերը կոտրեցան ու չորցան

Եւ զանոնք կրակը կերաւ։

13 Հիմա անապատի մէջ

Չոր ու անջուր տեղ մը տնկուեցաւ։

14 Անոր ոստերուն մէկ կօթունէն կրակ ելաւ,

Անոր պտուղը կերաւ։

Անոր վրայ իշխանի գաւազանի համար զօրաւոր ճիւղ չմնաց։

Ասիկա ողբալի պիտի ըլլայ»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել