Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 16
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 16։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2018, էջ 27-28

Սաղմոս 16։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2018, էջ 26-27

Սաղմոս 16։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2018, էջ 27-28

Սաղմոս 16։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2018, էջ 25

    Դիտարան,

    2/15/2014, էջ 29

Սաղմոս 16։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2018, էջ 26

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    6/2016, էջ 9

    Դիտարան,

    12/1/2004, էջ 22

Սաղմոս 16։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2018, էջ 27

    Դիտարան,

    2/1/2008, էջ 13

    10/1/2006, էջ 27

Սաղմոս 16։9

Ստորանիշներ

  • *

    16։9 Այսինքն, անձս, կամ, լեզուս

Սաղմոս 16։10

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2017, էջ 10

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 18

    5/1/2005, էջ 23

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 16։1-11

ՍԱՂՄՈՍ

ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

Երգ Դաւիթի

16 Ո՛վ Աստուած, զիս պահէ՛,

Վասն զի քեզի յուսացի։

 2 Տէրոջը ըսի. «Իմ Տէրս դուն ես,

Առանց քեզի բարիք մը չունիմ»։

 3 Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս։

 4 Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշ աստուած մը կը նախընտրեն.

Անոնց արիւնի նուէրները պիտի չնուիրեմ

Ու անոնց անունները շրթունքներուս վրայ պիտի չառնեմ։

 5 Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը.

Իմ վիճակս դուն պիտի պահես։

 6 Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ.

Իրաւ իմ ժառանգութիւնս ինծի գեղեցիկ եղաւ։

 7 Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց.

Նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն։

 8 Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի.

Որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։

 9 Ասոր համար սիրտս ուրախ եղաւ ու փառքս* բերկրեցաւ

Ու մարմինս ալ յոյսով պիտի հանգստանայ։

10 Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս

Ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։

11 Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես.

Երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ,

Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել