Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 53
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 53։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2006, էջ 19-20

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 53։1-6

ՍԱՂՄՈՍ

ՄԱՐԴՈՑ ԱՆԶԳԱՄՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը

53 Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։

Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։

Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։

 2 Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ,

Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,

Որ Աստուած փնտռէ։

 3 Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.

Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։

 4 Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները,

Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն

Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։

 5 Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար.

Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։

Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։

 6 Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։

Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝

Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել