ՍԱՂՄՈՍ
ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆ
Դաւիթին աստիճաններուն երգը
124 Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար
Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ՝
2 Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար,
Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան,
3 Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ,
Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։
4 Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին,
Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր.
5 Այն ատեն փրփրած ջուրերը
Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։
6 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը,
Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ։
7 Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան.
Որոգայթը կոտրուեցաւ ու մենք ազատեցանք։
8 Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է,
Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։