Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 36
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 36։9

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 6

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 36։1-12

ՍԱՂՄՈՍ

ՄԱՐԴՈՒՆ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

36 Ամբարիշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է.

Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։

 2 Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝

Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չ’ըլլար։

 3 Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են.

Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։

 4 Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէ

Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէ

Եւ չարէն չի զզուիր։

 5 Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի

Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։

 6 Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է,

Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է.

Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։

 7 Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։

Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ’ապաւինին։

 8 Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանան

Ու քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։

 9 Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է.

Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։

10 Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ

Ու քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։

11 Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայ

Ու չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։

12 Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները.

Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել