ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ
3 «Իմ հոգիիս սիրածը
Գիշերը մահիճիս մէջ փնտռեցի,
Զանիկա փնտռեցի բայց չգտայ։
2 Ելլեմ հիմա պտըտիմ քաղաքին մէջ,
Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ,
Իմ հոգիիս սիրածը փնտռեմ։
Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։
3 Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան։
‘Արդեօք իմ հոգիիս սիրածը տեսա՞ք’, ըսի։
4 Անոնցմէ քիչ մը առաջ անցնելով,
Իմ հոգիիս սիրածը գտայ։
Զանիկա բռնեցի ու չթողուցի,
Մինչեւ որ իմ մօրս տունը
Ու զիս ծնանողին սենեակը տարի։
5 Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ,
Ձեզ այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը կ’երդմնցնեմ,
Որ մէջս սէր չվերցնէք ու չարթնցնէք՝
Մինչեւ որ ինք ուզէ»։
ՍԻՕՆԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ
6 «Ո՞վ է ասիկա, որ զմուռսով եւ կնդրուկով
Ու փերեզակներուն ամէն տեսակ փոշիովը խնկուած՝
Անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս»։
8 Ամէնքն ալ սուսերաւոր
Ու պատերազմի վարժուած են։
Գիշերուան վախին համար՝
Ամէն մէկուն սուրը իր ազդրին վրայ է»։
9 «Սողոմոն թագաւորը Լիբանանի ծառերէն
Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար։
10 Սիւները՝ արծաթէ, յենարանները՝ ոսկիէ,
Բազմոցը ծիրանիէ շինեց,
Որուն մէջ Երուսաղէմի աղջիկները
Խիստ գեղեցիկ* ասեղնագործած էին»։
11 «Ո՜վ Սիօնի աղջիկներ, ելէ՛ք
Եւ Սողոմոն թագաւորը տեսէ՛ք
Այն թագովը, որով իր մայրը՝ անոր փեսայութեան օրը
Ու սրտին ուրախութեան օրը՝ պսակեց զանիկա»։