Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 28
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 28։1

Ստորանիշներ

  • *

    28։1 Եբր., Գուբը

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 28։1-9

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

28 Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ։

Ո՛վ իմ Վէմս, մի՛ լռեր,

Չըլլայ որ լռելուդ համար,

Գերեզմանը* իջնողներուն նմանիմ։

 2 Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը

Երբ քեզի աղաչեմ,

Երբ իմ ձեռքերս վերցնեմ

Դէպի քու սուրբ դաբիրդ։

 3 Զիս մի՛ կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ

Ու անօրէնութիւն գործողներուն հետ,

Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութեամբ կը խօսին,

Բայց սրտերնուն մէջ չարութիւն կայ։

 4 Հատուցանէ անոնց իրենց գործերուն համեմատ

Ու իրենց ըրած չարութեանը համեմատ.

Իրենց ձեռքերուն գործերուն համաձայն

Հատուցում ըրէ անոնց։

 5 Որովհետեւ անոնք Տէրոջը ըրածները

Ու անոր ձեռքերուն գործերը նկատի չեն առներ,

Պիտի կործանէ զանոնք ու ա՛լ պիտի չշինէ։

 6 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը,

Որ լսեց իմ աղօթքիս ձայնը։

 7 Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է.

Իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։

Ուստի սիրտս ուրախացաւ

Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ։

 8 Տէրը անոնց ոյժն է

Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։

 9 Փրկէ՛ քու ժողովուրդդ

Ու օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ,

Նաեւ հովուէ զանոնք ու յաւիտեան բարձրացուր։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել