Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Երգ Երգոց 2
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Երգ Երգոց 2։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/15/2015, էջ 31

Երգ Երգոց 2։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/15/2015, էջ 31

Երգ Երգոց 2։4

Ստորանիշներ

  • *

    2։4 Եբր., գինիին

Երգ Երգոց 2։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2006, էջ 10

Երգ Երգոց 2։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/15/2015, էջ 31

    12/1/2006, էջ 10-11

Երգ Երգոց 2։10

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/15/2015, էջ 32

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Երգ Երգոց 2։1-17

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ

2 «Ես Սարօնին ծաղիկն եմ

Ու հովիտներուն շուշանը»։

ՀՈՎԻՒԸ

 2 «Ինչպէս շուշանը փուշերուն մէջ,

Այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒՀԻՆ

 3 «Ինչպէս խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ,

Այնպէս է իմ սիրականս երիտասարդներուն մէջ։

Անոր հովանիին տակ ախորժելով նստայ

Ու անոր պտուղը իմ քիմքիս քաղցր է։

 4 Զիս խնճոյքին* տունը բերաւ։

Անոր դրօշը իմ վրաս սէր էր։

 5 Զիս կարկանդակներով զօրացուցէ՛ք,

Զիս խնձորներով ուժովցուցէ՛ք,

Վասն զի ես սիրով կը նուաղիմ։

 6 Անոր ձախ ձեռքը իմ գլխուս տակ ըլլայ

Ու աջ ձեռքը զիս գրկէ։

 7 Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ,

Ձեզ այծեամներով կամ դաշտի եղնիկներով կ’երդմնցնեմ,

Որ մէջս սէր չվերցնէք ու չարթնցնէք,

Մինչեւ որ ինք ուզէ։

 8 Իմ սիրականիս ձայնն է։

Ահա անիկա լեռներուն վրայէն ցատկելով

Ու բլուրներուն վրայէն ցատկռտելով կու գայ։

 9 Իմ սիրականս այծեամի կամ եղնիկի ձագի կը նմանի։

Ահա հիմա մեր պատին ետեւը կայներ է,

Պատուհաններէն կը նայի,

Վանդակներէն կ’երեւնայ։

10 Իմ սիրականս պատասխան տալով՝ ինծի ըսաւ.

‘Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս, ու եկո՛ւր.

11 Քանզի ահա ձմեռը անցաւ,

Անձրեւները անցան գացին։

12 Գետնին վրայ ծաղիկներ կ’երեւնան,

Յօտելու ժամանակը հասաւ

Ու մեր երկրին վրայ տատրակին ձայնը կը լսուի։

13 Ահա թզենին իր թուզերը կը հասունցնէ

Ու որթատունկերը ծաղկեցան եւ իրենց հոտը կու տան։

Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս, ու եկո՛ւր։

14 Ո՛վ իմ աղաւնիս, վէմին խոռոչներուն մէջ,

Ապառաժին հովանիին տակ եկուր։

Երեսդ ցուցո՛ւր ինծի, թող ձայնդ լսեմ,

Քանզի ձայնդ քաղցր ու դէմքդ գեղեցիկ է’»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒՀԻԻՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

15 «Բռնեցէ՛ք մեզի աղուէսները՝

Վասն զի մեր այգիները ծաղկեր են»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒՀԻՆ

16 «Իմ սիրականս իմս է ու ես անո՛րն եմ։

Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։

17 Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած՝

Դարձի՛ր, ո՛վ իմ սիրականս,

Ու Բեթերի լեռներուն վրայի այծեամին պէս

Կամ եղնիկներու ձագին պէս եղիր։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել