Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 65
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 65։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 9

    Դիտարան,

    4/1/2010, էջ 16-17

    1/1/1992, էջ 25

Սաղմոս 65։3

Ստորանիշներ

  • *

    65։3 Կամ, Անօրէնութեան խօսքերը

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 65։1-13

ՍԱՂՄՈՍ

ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը

65 Քեզի կը վայլէ օրհնութիւնը, ո՛վ Աստուած, Սիօնի մէջ։

Ու քեզի ըրած ուխտերը պիտի կատարենք։

 2 Ո՛վ աղօթքի լսող,

Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։

 3 Անօրէնութիւնները* իմ վրաս ճնշեցին։

Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։

 4 Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես,

Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ.

Պիտի լեցուինք քու տանդ եւ

Քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։

 5 Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով պիտի պատասխանես մեզի,

Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը,

Որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես,

 6 Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր,

Կարողութիւնով գօտեպնդուեցար,

 7 Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը,

Անոր ալիքներուն ձայնը

Ու ազգերուն խռովութիւնը։

 8 Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ.

Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ’ուրախացնես։

 9 Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես,

Շատ կը հարստացնես զանիկա.

Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է։

Անոնց ցորեն կը պատրաստես,

Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։

10 Անոր ակօսները կը խմցնես

Ու անոր փոսերը կը շտկես,

Անձրեւներով կը կակուղցնես զանիկա։

Կ’օրհնես անոր բոյսը։

11 Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդ

Ու քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն,

12 Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնեն

Ու բլուրները ուրախութիւնով պատած են։

13 Արօտները հօտերով ծածկուած են

Ու հովիտները՝ ցորենով։

Անոնք ցնծութեամբ կ’աղաղակեն ու կ’երգեն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել