Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բ. Օրինաց 24
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Բ. Օրինաց 24։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2018, էջ 11

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    8/2016, էջ 10-11

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019), 12/2019, էջ 11-13

    Դիտարան,

    10/1/2008, էջ 7

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 95

Բ. Օրինաց 24։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 7/2021, էջ 7-8

Բ. Օրինաց 24։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2014, էջ 7

    10/1/2004, էջ 19-20

Բ. Օրինաց 24։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    1/2018, էջ 32

Բ. Օրինաց 24։17

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    2/2019, էջ 24-25

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Բ. Օրինաց 24։1-22

Բ. ՕՐԻՆԱՑ

ԱՊԱՀԱՐԶԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

24 «Եթէ մէկը կին մը առնէ ու ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ։ 2 Երբ կինը անոր տունէն ելլելով երթայ ուրիշի մը հետ ամուսնանայ, 3 Եթէ երկրորդ այրն ալ զանիկա ատելով արձակման թուղթ մը գրէ ու անոր ձեռքը տալով՝ իր տունէն ճամբէ, կամ եթէ երկրորդ ամուսինը մեռնի, 4 Առաջին ամուսինը, որ զանիկա ճամբեր էր, պէտք չէ դարձեալ անոր հետ ամուսնանայ, անոր պղծուելէն ետքը. քանզի Տէրոջը առջեւ պղծութիւն է այս բանը։ Այսպէս դուն մեղքով մի՛ լեցներ այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ։

ԶԱՆԱԶԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

5 «Նոր ամուսնացած մարդը պատերազմի պէտք չէ երթայ ու անոր ոեւէ պաշտօն պէտք չէ տրուի. տարի մը իր տանը մէջ ազատ թող նստի ու իր կինը ուրախացնէ։

6 «Չըլլայ որ մարդ մը աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնէ. քանզի իր ընկերին կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ։

7 «Եթէ մարդ մը գտնուի, որ իր եղբայրներէն, այսինքն Իսրայէլի որդիներէն, մէկը գողնալով զանիկա ծառայ դարձնէ կամ ծախէ, այդ մարդը իբր գող թող մեռնի ու ձեր մէջէն չարութիւնը վերցուի։

8 «Բորոտութեան ախտին համար զգուշութիւն ըրէ՛ք, Ղեւտացի քահանաներուն բոլոր ձեզի սորվեցուցած բաները ճշդիւ պահեցէ՛ք եւ ըրէ՛ք. ինչ որ անոնց պատուիրեր եմ զգուշութեամբ գործադրեցէ՛ք։ 9 Միտքդ բեր ինչ որ քու Տէր Աստուածդ Մարիամին ըրաւ ճամբուն մէջ՝ Եգիպտոսէն ելած ատեննիդ։

10 «Երբ քու դրացիիդ բան մը փոխ տաս, գրաւն առնելու համար անոր տունը մի՛ մտներ. 11 Դուրսը կայնէ ու փոխ առնող մարդը գրաւը թող դուրս բերէ։ 12 Եթէ այն մարդը աղքատ է, անոր գրաւովը մի՛ պառկիր. 13 Արեւը մտածին պէս անպատճառ անոր գրաւը ետ դարձո՛ւր, որպէս զի անիկա իր հանդերձովը պառկի ու քեզ օրհնէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ այս բանը քեզի արդարութիւն պիտի սեպուի։

14 «Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զրկանք մի՛ ըներ, ան քու եղբայրներէդ եւ կամ քու երկրիդ օտարականներէն ալ ըլլայ։ 15 Նոյն օրը արեւը չմտած անոր վարձքը հատուցանէ, քանզի անիկա աղքատ է ու անոր խելքը միտքը անոր վրայ է։ Չըլլայ թէ քեզի համար Տէրոջը բողոքէ ու մեղքի տէր ըլլաս։

16 «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք։ Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի։

17 «Օտարականին ու որբին իրաւունքը մի՛ ծռեր ու որբեւայրիին հանդերձը գրաւ մի՛ առներ։ 18 Միտքդ բեր թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ ազատեց։ Անոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ։

19 «Երբ քու արտդ հնձես ու արտին մէջ որայ մը մոռցած ըլլաս, զանիկա առնելու համար ետ մի՛ դառնար, անիկա օտարականին, որբին ու որբեւայրիին թող մնայ. որպէս զի քու Աստուածդ քու ձեռքերուդ ամէն գործի մէջ քեզ օրհնէ։ 20 Ձիթենիդ թօթուելէդ ետքը վրան մնացածները ոստէ ոստ մի՛ փնտռեր. անիկա օտարականին, որբին ու որբեւայրիին թող մնայ։ 21 Այգիիդ խաղողները քաղելէդ ետքը ճռաքաղ մի՛ ըներ, անիկա օտարականին, որբին ու որբեւայրիին թող ըլլայ։ 22 Միտքդ բեր թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր։ Ատոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել