Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մատթէոս 8
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Մատթէոս 8։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2009, էջ 5

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 25

Մատթէոս 8։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 25

Մատթէոս 8։5

Ստորանիշներ

  • *

    8։5 Ոմանք, երբ Յիսուս

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մարդո՞ց խօսքը, էջ 88-89

Մատթէոս 8։10

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2002, էջ 9

Մատթէոս 8։11

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 36

Մատթէոս 8։12

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 36

Մատթէոս 8։14

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Գիրք մը, էջ 16

Մատթէոս 8։15

Ստորանիշներ

  • *

    8։15 Ոմանք, անոր

Մատթէոս 8։17

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 13

Մատթէոս 8։18

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 44

Մատթէոս 8։19

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2011, էջ 24

Մատթէոս 8։20

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2018), 7/2018, էջ 2

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019), 5/2019, էջ 2-3

    Դիտարան,

    11/1/2011, էջ 24

    7/1/1991, էջ 8

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 65

Մատթէոս 8։21

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019), 5/2019, էջ 2-3

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 65

    Դիտարան,

    7/1/1991, էջ 8-9

Մատթէոս 8։22

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019), 5/2019, էջ 2-3

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 65

    Դիտարան,

    7/1/1991, էջ 8-9

Մատթէոս 8։24

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/15/2015, էջ 6

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 44

Մատթէոս 8։26

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    11/2021, էջ 22

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 16

Մատթէոս 8։27

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 16

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 44

Մատթէոս 8։28

Ստորանիշներ

  • *

    8։28 Ոմանք, Գադարացիներուն

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 45

Մատթէոս 8։29

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 45

Մատթէոս 8։31

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 45

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
  • 26
  • 27
  • 28
  • 29
  • 30
  • 31
  • 32
  • 33
  • 34
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Մատթէոս 8։1-34

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ

ՅԻՍՈՒՍ ԲՈՐՈՏ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 1։40-45. Ղուկ. 5։12-16)

8 Երբ լեռնէն վար իջաւ, շատեր գացին անոր ետեւէն։ 2 Ահա բորոտ մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ 3 Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Շուտ մը անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ։ 4 Յիսուս ըսաւ անոր. «Զգոյշ կեցիր, մարդո՛ւ չըսես, հապա գնա՛, քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրած ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։

ՀԱՐԻՒՐԱՊԵՏԻՆ ԾԱՌԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԻԼԸ

(Ղուկ. 7։1-10)

5 Երբ* Կափառնայում մտաւ, հարիւրապետ մը եկաւ քովը, կ’աղաչէր անոր, 6 Ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, ծառաս տունը անդամալոյծ պառկած չարաչար կը տանջուի»։ 7 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես կու գամ ու զանիկա կը բժշկեմ»։ 8 Հարիւրապետը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես. միայն խօսքով հրամայէ ու իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ 9 Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ մարդ եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’, ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, ու կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’, ու կ’ընէ»։ 10 Յիսուս երբ լսեց, զարմացաւ եւ իր ետեւէն գացողներուն ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ։ 11 Ձեզի կ’ըսեմ թէ արեւելքէն ու արեւմուտքէն շատեր պիտի գան ու երկնքի թագաւորութեանը մէջ պիտի բազմին Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին հետ. 12 Իսկ թագաւորութեանը որդիները դուրսի խաւարը պիտի հանուին. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել» 13 Յիսուս հարիւրապետին ըսաւ. «Գնա՛ ու ինչպէս դուն հաւատացիր, այնպէս թող ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր ծառան բժշկուեցաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 1։29-34. Ղուկ. 4։38-40)

14 Յիսուս Պետրոսի տունը գալով, տեսաւ որ անոր զոքանչը ջերմէն բռնուած՝ պառկած էր։ 15 Անոր ձեռքէն բռնեց ու ջերմը թող տուաւ զանիկա։ Ան ալ ոտքի ելաւ եւ անոնց* սպասաւորութիւն կ’ընէր։ 16 Երբ իրիկուն եղաւ, շատ դիւահարներ բերին անոր։ Խօսքով հանեց չար ոգիները եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց. 17 Որպէս զի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը կատարուի. «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ

(Ղուկ. 9։57-62)

18 Յիսուս իր բոլորտիքը շատ ժողովուրդ տեսնելով, հրաման ըրաւ որ միւս կողմը երթան։ 19 Դպիր մը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ես քու ետեւէդ պիտի գամ ուր որ երթաս»։ 20 Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ 21 Ուրիշ մը, որ անոր աշակերտներէն էր, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր, որ երթամ առաջ իմ հայրս թաղեմ»։ 22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս ու թող տուր մեռելներուն, որ թաղեն իրենց մեռելները»։

ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ

(Մարկ. 4։35-41. Ղուկ. 8։22-25)

23 Երբ նաւը մտաւ, իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։ 24 Ահա մեծ ալեկոծութիւն մը եղաւ ծովուն մէջ, այնպէս որ նաւը ալիքներէն կը ծածկուէր. իսկ ինք կը քնանար։ 25 Աշակերտները իր մօտ գացին, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Տէ՛ր, ազատէ մեզ, ահա կը կորսուինք»։ 26 Ան ըսաւ անոնց. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք»։ Ելաւ հովերուն ու ծովուն սաստեց եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ 27 Ու մարդիկ զարմացան եւ կ’ըսէին. «Ի՜նչպիսի մարդ է աս որ հովերն ու ծովը իրեն կը հնազանդին»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԴԻՒԱՀԱՐՆԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 5։1-20. Ղուկ. 8։26-39)

28 Երբ միւս կողմը Գերգեսացիներուն* երկիրը անցաւ, երկու դիւահարներ պատահեցան իրեն գերեզմաններէն ելած՝ սաստիկ կատղած, այնպէս որ անհնար էր որ մարդ այդ ճամբայէն անցնէր։ 29 Ահա աղաղակեցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս, Որդի Աստուծոյ, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, ատենէն առաջ մեզ տանջելո՞ւ համար հոս եկար»։ 30 Անոնցմէ հեռու շատ խոզերու երամակ մը կար, որոնք կ’արածէին։ 31 Դեւերը կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. ‘Եթէ մեզ հանես, հրաման տուր մեզի որ երթանք խոզերուն երամակին մէջ մտնենք’։ 32 Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք»։ Անոնք ելան գացին խոզերուն երամակին մէջ մտան եւ ահա բոլոր երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեցին ու ջուրերուն մէջ մեռան։ 33 Խոզարածներն ալ փախան եւ քաղաքը երթալով պատմեցին դիւահարներուն պատահած բաները։ 34 Ուստի բոլոր քաղաքը Յիսուսի դէմը ելաւ ու երբ տեսան զանիկա, աղաչեցին որ իրենց սահմաններէն երթայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել