Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բ. Տիմոթէոս 1
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Բ. Տիմոթէոս 1։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2020, էջ 28

Բ. Տիմոթէոս 1։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2015, էջ 15

Բ. Տիմոթէոս 1։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2015, էջ 14

    7/1/1999, էջ 19

Բ. Տիմոթէոս 1։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2020, էջ 28-29

Բ. Տիմոթէոս 1։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 47

    Դիտարան,

    9/15/2013, էջ 23-24

    5/1/2009, էջ 21

    10/1/2006, էջ 20

Բ. Տիմոթէոս 1։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/1/2003, էջ 20

Բ. Տիմոթէոս 1։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2008, էջ 23

    8/1/2008, էջ 31

    4/1/2006, էջ 21

    10/1/2002, էջ 14-15

    4/1/1996, էջ 20

Բ. Տիմոթէոս 1։14

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2020, էջ 29

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    4/2018, էջ 14

Բ. Տիմոթէոս 1։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2004, էջ 18

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Բ. Տիմոթէոս 1։1-18

Բ. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ Աստուծոյ կամքովը կենաց խոստումին պէս՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է, 2 Տիմոթէոսին՝ իմ սիրելի որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆ

3 Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ իմ նախնիքներուս նման մաքուր խղճմտանքով, միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ. 4 Ցանկալով քեզ տեսնել ու միտք բերելով քու արցունքներդ, որպէս զի ուրախութիւնով լեցուիմ, 5 Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ, որ առաջ մեծ մայրդ Լաւոդիա եւ քու մայրդ Եւնիկէ ունէին եւ համոզուած եմ որ դուն դեռ ունիս։ 6 Անոր համար քու միտքդ կը ձգեմ որ արծարծես Աստուծոյ պարգեւը, որ քեզի տրուեցաւ երբ իմ ձեռքերս քու վրադ դրի։ 7 Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։ 8 Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ. 9 Որ մեզ փրկեց ու սուրբ կոչումով կանչեց, ո՛չ թէ մեր գործերուն նայելով, հապա իր նախասահմանութեանը եւ շնորհքին նայելով, որ Քրիստոս Յիսուսով մեզի տրուեցաւ յաւիտենական ժամանակներէն առաջ. 10 Բայց հիմա յայտնուեցաւ մեր Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսին երեւնալովը. որ մահը խափանեց եւ լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ։ 11 Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ կարգուեցայ ու հեթանոսներուն՝ վարդապետ։ 12 Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը։ 13 Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինձմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։

14 Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է։ 15 Գիտես թէ ինձմէ երես դարձուցին անոնք, որոնք Ասիա էին, որոնցմէ են Փիգեղոսն ու Հերմոգինէսը։ 16 Տէրը ողորմութիւն տայ Ոնեսիփորոսին տանը, վասն զի շատ անգամ զիս հանգստացուց ու իմ շղթաս ամօթ չսեպեց 17 Ու երբ Հռովմ եկաւ, շատ ջանքով փնտռեց զիս ու գտաւ։ 18 Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տէրոջմէն ողորմութիւն գտնէ. եւ Եփեսոսի մէջ ալ որչափ սպասաւորութիւն ըրաւ ինծի, դուն շատ աղէկ գիտես։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել