Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 104
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 104։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2008, էջ 21

Սաղմոս 104։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2008, էջ 21

Սաղմոս 104։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2008, էջ 11

    Մարդո՞ց խօսքը, էջ 104

Սաղմոս 104։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մարդո՞ց խօսքը, էջ 100

Սաղմոս 104։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Մարդո՞ց խօսքը, էջ 100

Սաղմոս 104։14

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 46

    Դիտարան,

    10/1/2011, էջ 10

Սաղմոս 104։15

Ստորանիշներ

  • *

    104։15 Եբր., իւղէն, կամ, իւղէն աւելի

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 43

    Դիտարան,

    10/1/2011, էջ 10

Սաղմոս 104։24

Ստորանիշներ

  • *

    104։24 Կամ, ստացուածքներովդ

Սաղմոս 104։33

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 14

Սաղմոս 104։34

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 40

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
  • 26
  • 27
  • 28
  • 29
  • 30
  • 31
  • 32
  • 33
  • 34
  • 35
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 104։1-35

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՐԱՐԻՉԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

104 Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս.

Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, դուն խիստ մեծ ես.

Փառք ու վայելչութիւն հագած ես.

 2 Լոյսը հանդերձի պէս կը հագնիս,

Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես։

 3 Անիկա իր վերնատունները ջուրերուն վրայ կը շինէ,

Ամպերը իրեն կառք կ’ընէ,

Հովին թեւերուն վրայ կը պտըտի։

 4 Իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ

Ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։

 5 Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ,

Որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի։

 6 Անիկա անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով,

Ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։

 7 Քու սաստելէդ փախան,

Քու որոտումիդ ձայնէն արտորալով փախան,

 8 Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան,

Այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար։

 9 Սահման դրիր, որպէս զի չանցնին

Ու նորէն երկիրը չծածկեն։

10 Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ,

Ջուրերը լեռներուն մէջէն կը հոսին։

11 Անոնք դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնեն

Ու վայրի էշերը իրենց ծարաւը կ’անցընեն։

12 Անոնց քով երկնքի թռչունները կը բնակին,

Ոստերուն մէջէն ձայն կու տան։

13 Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ։

Քու գործերուդ պտուղէն երկիրը կը կշտանայ։

14 Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ

Ու մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս,

Որպէս զի կերակուր հանէ երկրէն

15 Ու գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը

Եւ իւղ*՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ

Ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը։

16 Տէրոջը ծառերը առատութեամբ ոռոգուած են,

Լիբանանի եղեւինները՝ որոնք ինք տնկեց։

17 Հոն թռչունները բոյներնին կը շինեն

Ու արագիլին բնակարանը մայրիներուն վրայ է։

18 Բարձր լեռները այծեամներուն ապաւէն են

Ու վէմերը՝ ճագարներուն։

19 Ժամանակներու համար լուսինը ստեղծեց.

Արեգակը իր մարը մտնելու ժամանակը գիտէ։

20 Խաւարը կը դնես ու գիշեր կ’ըլլայ,

Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը պտըտին։

21 Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն յափշտակութեան համար

Ու Աստուծմէ իրենց կերակուրը կը խնդրեն.

22 Երբ արեգակը ծագի կը հեռանան

Եւ իրենց որջերուն մէջ կը պառկին։

23 Մարդ մինչեւ իրիկուն իր գործին

Ու իր ծառայութեանը կ’երթայ։

24 Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ.

Որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։

Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ*։

25 Այս ծովը մեծ ու լայն է,

Հոն անթիւ սողացողներ,

Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ կան։

26 Հոն նաւերը կը քալեն

Ու Լեւիաթանը՝ որ անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր։

27 Ամէնքը քեզի կը սպասեն,

Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս։

28 Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը հաւաքեն։

Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան։

29 Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը խռովին.

Երբ անոնց հոգին առնես՝ կը մեռնին

Եւ իրենց հողը կը դառնան։

30 Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կը ստեղծուին

Ու երկրին երեսը կը նորոգես։

31 Տէրոջը փառքը յաւիտենական թող ըլլայ.

Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։

32 Երկրի վրայ կը նայի ու ան կը դողայ.

Լեռներուն կը դպչի եւ անոնք կը մխան։

33 Տէրոջ պիտի երգեմ բոլոր կեանքիս մէջ.

Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի որ ողջ եմ։

34 Անոր վրայով իմ մտածութիւնս քաղցր պիտի ըլլայ։

Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ։

35 Մեղաւորները աշխարհէն թող պակսին

Ու ամբարիշտները ոչնչանան։

Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Ալէլուիա՜։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել