Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 14
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 14։6

Ստորանիշներ

  • *

    14։6 Կամ, քանզի

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 14։1-7

ՍԱՂՄՈՍ

ՄԱՐԴՈՑ ԱՆՕԳՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

14 Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ»։

Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին.

Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։

 2 Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն,

Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,

Որ Աստուած փնտռէ։

 3 Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.

Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։

 4 Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները,

Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն

Ու Տէրոջը չեն կանչեր.

 5 Այն ատեն շատ վախցան.

Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։

 6 Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք,

Սակայն* անոր յոյսը Տէրն է։

 7 Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը.

Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝

Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել