ԵՍԱՅԵԱՅ
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ
12 Այն օրը պիտի ըսես.
«Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի օրհնեմ,
Քանի որ թէեւ ինծի բարկացած էիր՝
Սակայն բարկութիւնդ ինձմէ դարձուցիր
Եւ զիս մխիթարեցիր։
2 Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է։
Ես Անոր պիտի վստահիմ ու պիտի չվախնամ,
Քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր Եհովան է
Ու անիկա է իմ փրկութիւնս»։
3 Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք
Փրկութեան աղբիւրներէն.
4 Ու այն օրը պիտի ըսէք.
«Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք,
Անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք,
Յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է։
5 Տէրոջը սաղմոս ըսէ՛ք,
Վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ։
Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է։
6 Ո՛վ Սիօնի բնակիչներ, աղաղակեցէ՛ք ու ցնծացէ՛ք,
Քանզի Իսրայէլի Սուրբը մեծ է ձեր մէջ»։