Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Առակաց 21
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Առակաց 21։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    11/2020, էջ 15

Առակաց 21։4

Ստորանիշներ

  • *

    21։4 Կամ, մշակութիւնը

Առակաց 21։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 60

    Զարթի՛ր,

    թիւ 3 2019 էջ 10

Առակաց 21։9

Ստորանիշներ

  • *

    21։9 Եբր., ընկերութեան

Առակաց 21։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    10/2021, էջ 12

    Դիտարան,

    6/1/1993, էջ 29-30

Առակաց 21։19

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2006, էջ 12

Առակաց 21։20

Ստորանիշներ

  • *

    21։20 Եբր., զանիկա

Առակաց 21։21

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2010, էջ 28

    10/1/1991, էջ 29

Առակաց 21։30

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/1997, էջ 21

Առակաց 21։31

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/1999, էջ 10

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
  • 26
  • 27
  • 28
  • 29
  • 30
  • 31
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Առակաց 21։1-31

ԱՌԱԿԱՑ

21 Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ,

Զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ։

 2 Մարդուն ճամբան իրեն ուղիղ կ’երեւնայ,

Բայց Տէրը սրտերը կը կշռէ։

 3 Արդարութիւն եւ իրաւունք գործելը

Զոհէն աւելի ընդունելի է Տէրոջը։

 4 Ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը

Եւ ամբարիշտներուն լոյսը* մեղք են։

 5 Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն,

Բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ։

 6 Սուտ լեզուով գանձեր վաստկիլը

Մահը փնտռողներուն հալածած ունայնութիւնն է։

 7 Ամբարիշտներուն բռնութիւնը զանոնք պիտի կորսնցնէ,

Վասն զի իրաւունք ընել չեն ուզեր։

 8 Երբ մարդուն ճամբան ծուռ ըլլայ՝ կը խոտորի.

Բայց մաքուր ընթացքը ուղիղ է։

 9 Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ,

Քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ* տան մէջ։

10 Ամբարիշտ մարդուն հոգին չարութեան կը ցանկայ

Ու անոր ընկերը անոր առջեւ շնորհք չի գտներ։

11 Եթէ ծաղրողը տուգանքի ենթարկուի, միամիտը իմաստուն կ’ըլլայ

Եւ եթէ իմաստունը խրատուի, գիտութիւն կը ստանայ։

12 Արդարը խոհեմութեամբ ամբարիշտին տունը կը դիտէ,

Երբ ամբարիշտները չարութեան համար կործանին։

13 Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ,

Ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ։

14 Գաղտնի պարգեւը բարկութիւնը կ’իջեցնէ

Եւ ծոցը դրուած ընծան սաստիկ կատաղութիւնը կը դադրեցնէ։

15 Իրաւունք ընելը արդարին ուրախութիւն է,

Բայց անիրաւին տանջանք է.

16 Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը

Մեռելներուն ժողովին մէջ պիտի մնայ։

17 Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ,

Գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար։

18 Ամբարիշտը՝ արդարին համար

Ու անօրէնը ուղիղներուն համար փրկանք կ’ըլլայ։

19 Աղէկ է անապատը բնակիլ,

Քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ։

20 Իմաստունին բնակարանին մէջ ցանկալի գանձ ու իւղ կը գտնուի,

Բայց անմիտ մարդը իր ունեցածը* կը կլլէ։

21 Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը

Կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ։

22 Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կ’ելլէ

Եւ անոնց ապաւինած ամրութիւնը կը փլցնէ։

23 Իր բերանն ու լեզուն պահողը՝

Իր հոգին նեղութիւններէ կը պահէ։

24 Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը,

Որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի։

25 Ծոյլին ցանկութիւնը զանիկա կը մեռցնէ,

Վասն զի անոր ձեռքերը աշխատիլ չեն ուզեր։

26 Անօրէնը ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ.

Իսկ արդարը կու տայ ու չի խնայեր։

27 Ամբարիշտներուն զոհը պիղծ է,

Մանաւանդ՝ երբ զանիկա չար դիտաւորութեամբ կը մատուցանեն։

28 Սուտ վկան պիտի կորսուի,

Բայց լսող մարդը զգուշութեամբ պիտի խօսի։

29 Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ,

Բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շտկէ։

30 Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ

Որ Տէրոջը դէմ կենայ։

31 Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի,

Բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել