Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 24
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 24։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    4/2017, էջ 4

Սաղմոս 24։6

Ստորանիշներ

  • *

    24։6 Կամ, ո՛վ Յակոբ

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 24։1-10

ՍԱՂՄՈՍ

ՄԵԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Սաղմոս Դաւիթի

24 Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։

Աշխարհն ու անոր բնակիչները։

 2 Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեց

Ու զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։

 3 Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը,

Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։

 4 Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը,

Որ ստութեան անձնատուր չեղաւ

Ու նենգութեամբ երդում չըրաւ.

 5 Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ

Ու իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։

 6 Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է.

Քու երեսդ խնդրողը Յակոբն է*։ (Սէլա։)

 7 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք

Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,

Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։

 8 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը,

Կարող ու հզօր Տէրը,

Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։

 9 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք

Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,

Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։

10 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։

Զօրքերուն Տէրը,

Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել