Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եզեկիէլ 9
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Եզեկիէլ 9։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր,

    6/2017, էջ 6

Եզեկիէլ 9։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր,

    6/2017, էջ 6

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    6/2016, էջ 16-17

    Դիտարան,

    7/1/2008, էջ 18-19

    Գիտութիւն, էջ 180

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Եզեկիէլ 9։1-11

ԵԶԵԿԻԷԼԻ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ

9 Ապա մեծ ձայնով կանչեց իմ ականջներուս ու ըսաւ. «Քաղաքին վրայ դահիճները մօտեցուցէ՛ք ու ամէն մէկը իր քանդող գործիքը իր ձեռքը թող առնէ։ 2 Ահա դէպի հիւսիս նայող վերի դրանը ճամբայէն վեց մարդ կու գար։ Ամէն մէկուն քանդող գործիքը իր ձեռքն էր։ Անոնց մէջ կտաւէ զգեստ հագած մարդ մը կար, որ մէջքը գրագիրի կաղամար ունէր։ Անոնք գացին պղնձէ սեղանին քով կայնեցան։ 3 Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը, որ քերովբէներուն վրայ էր, անոնց վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ կանչեց կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը։ 4 Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն անցիր ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր»։ 5 Իսկ միւսներուն ըսաւ. «Անոր ետեւէն քաղաքէն անցէք ու զարկէք. աչքերնիդ թող չխնայէ ու մի՛ ողորմիք. 6 Ծերը, երիտասարդն ու կոյսը, պզտիկ տղաքն ու կիները սպաննեցէ՛ք ու կորսնցուցէ՛ք, բայց վրան նշան ունեցող մարդուն ամենեւին մի՛ մօտենաք։ Իմ սրբարանէս սկսեցէ՛ք»։ Ուստի տանը առջեւ եղող ծեր մարդոցմէն սկսան 7 Եւ անոնց ըսաւ. «Տունը ապականեցէ՛ք ու գաւիթները մեռելներով լեցուցէ՛ք ու ելէ՛ք»։ Անոնք ելան ու քաղաքին մէջ շատեր զարկին։

8 Երբ զանոնք զարկին ու ես մնացի, այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ եւ աղաղակելով՝ ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, դուն Երուսաղէմի վրայ քու բարկութիւնդ թափելով՝ Իսրայէլի բոլոր մնացորդը բնաջի՞նջ պիտի ընես»։

9 Ինծի ըսաւ. «Իսրայէլի եւ Յուդայի տանը անօրէնութիւնը խիստ շատ մեծ է ու երկիրը արիւնով լեցուեցաւ եւ քաղաքը անիրաւութիւնով լեցուեցաւ. վասն զի ըսին. ‘Տէրը երկիրը թողուց ու մեզ չի տեսներ’։ 10 Ուստի իմ աչքս ա՛լ պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. իրենց հատուցումը իրենց գլուխը պիտի բերեմ»։

11 Ահա կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը կաղամար ունեցող մարդը լուր բերաւ ու ըսաւ. «Ինծի հրամայածիդ պէս ըրի»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել