Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ծննդոց 28
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ծննդոց 28։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/1995, էջ 25

Ծննդոց 28։12

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    2/1/2004, էջ 25

Ծննդոց 28։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/15/2013, էջ 20-21

Ծննդոց 28։19

Ստորանիշներ

  • *

    28։19 Այսինքն, Աստուծոյ տունը

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ծննդոց 28։1-22

ԾՆՆԴՈՑ

28 Իսահակ կանչեց Յակոբը, օրհնեց զանիկա եւ անոր պատուիրեց ու ըսաւ. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ։ 2 Ելի՛ր, դէպի Միջագետք քու մօրդ հօրը Բաթուէլին տունը գնա եւ անկէ քու մօրդ եղբօրը Լաբանին աղջիկներէն քեզի կին առ 3 Ու Ամենակարող Աստուածը քեզ օրհնէ ու քեզ աճեցնէ եւ քեզ շատցնէ ու շատ ժողովուրդներու հայր ըլլաս։ 4 Եւ քեզի Աբրահամին օրհնութիւնը տայ, քեզի ու քեզի հետ քու սերունդիդ. որպէս զի ժառանգես քու պանդխտացած երկիրդ, որ Աստուած Աբրահամին տուաւ»։ 5 Իսահակ ղրկեց Յակոբը եւ անիկա գնաց դէպի Միջագետք՝ Ասորի Բաթուէլի որդիին Լաբանին, որ Յակոբին ու Եսաւին մօրը Ռեբեկային եղբայրն էր։

ԵՍԱՒ ՈՒՐԻՇ ԿԻՆ ՄԸ Կ’ԱՌՆԷ

6 Եսաւ տեսնելով, որ Իսահակ օրհնեց Յակոբը ու ղրկեց զանիկա դէպի Միջագետք, անկէ իրեն կին առնելու համար եւ զանիկա օրհնած ատենը պատուիրեց անոր ըսելով. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ», 7 Եւ Յակոբ հնազանդեցաւ իր հօրը ու մօրը ու Միջագետք գնաց։ 8 Նաեւ Եսաւ տեսնելով, որ Քանանի աղջիկները իր հօրը Իսահակի հաճելի չեն, 9 Այն ատեն Եսաւ Իսմայէլին գնաց եւ իր առաջուան կիներէն զատ՝ Աբրահամին որդիին Իսմայէլին աղջիկը Նաբէօթի քոյրը Մայէլէթը իրեն կին առաւ։

ՅԱԿՈԲԻՆ ԵՐԱԶԸ ԲԵԹԷԼԻ ՄԷՋ

10 Յակոբ Բերսաբէէէն ելաւ դէպի Խառան գնաց։ 11 Տեղ մը հասաւ ու գիշերը հոն մնաց, որովհետեւ արեւը մարը մտած էր եւ այն տեղի քարերէն առաւ ու իր գլխուն տակ դրաւ եւ այն տեղը պառկեցաւ։ 12 Երազ մը տեսաւ։ Սանդուխ մը երկրի վրայ դրուած էր, որուն գլուխը երկինք կը հասնէր եւ ահա Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ’ելլէին ու կ’իջնէին։ 13 Եւ ահա Տէրը կայնեցաւ անոր վրայ ու ըսաւ. «Ես եմ Եհովան, քու հօրդ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը։ Այդ երկիրը, որուն վրայ դուն կը պառկիս, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ. 14 Եւ քու սերունդդ երկրի աւազին չափ շատ պիտի ըլլայ ու դէպի արեւմուտք եւ արեւելք եւ դէպի հիւսիս ու հարաւ պիտի տարածուի ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով ու քու սերունդովդ պիտի օրհնուին։ 15 Ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ ու քեզ այս երկիրը պիտի դարձնեմ. քանզի մինչեւ որ իմ քեզի ըսածս չընեմ, քեզ պիտի չթողում»։ 16 Յակոբ արթնցաւ իր քունէն ու ըսաւ. «Իրաւցնէ Տէրը այս տեղ է եղեր ու ես չգիտցայ»։ 17 Եւ վախցաւ ու ըսաւ. «Ի՜նչ ահաւոր է այս տեղը. այս ուրիշ բան չէ՝ բայց միայն Աստուծոյ տունը։ Այս է երկնքի դուռը»։ 18 Յակոբ առտուն կանուխ ելաւ ու իր գլխուն տակ դրած քարը առաւ եւ զանիկա իբր արձան կանգնեցուց ու անոր գլուխը իւղ թափեց։ 19 Եւ այն տեղին անունը Բեթէլ* դրաւ. բայց առաջ այն քաղաքին անունը Լուզ էր։ 20 Եւ Յակոբ ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Աստուած ինծի հետ ըլլայ ու այս երթալու ճամբուս մէջ զիս պահէ ու ինծի ուտելու հաց ու հագնելու հանդերձ տայ 21 Եւ իմ հօրս տունը խաղաղութեամբ դառնամ՝ Տէրը ինծի Աստուած թող ըլլայ. 22 Եւ այս քարը, որ ես իբր արձան կանգնեցուցի՝ Աստուծոյ տունը թող ըլլայ եւ այն ամենէն որ ինծի պիտի տաս, քեզի տասանորդ տամ»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել