Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 96
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 96։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 201

    Դիտարան,

    4/15/2000, էջ 10

Սաղմոս 96։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2002, էջ 17

Սաղմոս 96։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    4/15/2001, էջ 8

Սաղմոս 96։5

Ստորանիշներ

  • *

    96։5 Կամ, ունայնութիւններ

Սաղմոս 96։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2004, էջ 18-19

Սաղմոս 96։9

Ստորանիշներ

  • *

    96։9 Կամ, Սրբութեան զարդարանքով

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 96։1-13

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

96 Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը,

Ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։

 2 Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։

Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։

 3 Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք

Ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ,

 4 Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։

Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է,

 5 Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր* են,

Բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։

 6 Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ,

Զօրութիւն ու գեղեցկութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ։

 7 Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր,

Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։

 8 Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը.

Ընծայ բերէ՛ք ու անոր սրահներուն մէջ մտէ՛ք.

 9 Սուրբ հանդէսով* Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք.

Վախցէ՛ք անոր երեսէն, ո՛վ բոլոր երկիր։

10 Հեթանոսներուն մէջ ըսէք. «Տէրը կը թագաւորէ.

Աշխարհն ալ հաստատած է, որպէս զի չսասանի.

Անիկա պիտի դատէ ժողովուրդները ուղղութիւնով»։

11 Երկինք թո՛ղ ուրախանայ ու երկիր ցնծայ.

Ծովը իր լիութիւնովը թո՛ղ գոռայ.

12 Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թո՛ղ ուրախանան.

Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան

13 Տէրոջը առջեւ, վասն զի պիտի գայ,

Վասն զի պիտի գայ երկիրը դատելու.

Պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով

Ու ժողովուրդները՝ իր ճշմարտութիւնովը։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել